
ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Հակառակ տնտեսական ճգնաժամին ստեղծած աննպաստ ու դաժան պայմաններուն, հայութիւնը ըսաւ իր խօսքը եւ իր մասնակցութիւնը բերաւ Հայ Դատի Յանձնախումբի կազմակերպած դրամահաւաքին: Քանի մը ժամուայ մէջ, կարելի եղաւ գոյացնել 2 միլիոն 215 հազար տոլար:
“Հորիզոն“ հեռատեսիլի կեդրոնէն սփռուած եւ “Էյ.Ար.Թի.Էն“ ու “Եու.Էս.ԷՅ. Արմինիա“ կայաններէն վերասփռուած Հայ Դատի թելէթոնը, ամբողջ վեց ժամ լարուած պահեց ամերիկահայութիւնը:
Նոյնիսկ հանգանակութեան սփռումը աւարտելէն ետք, հեռախօսները անդադարօրէն հնչեցին:
Համայնքներու շարունակական նեցուկին շնորհիւ, կարելի եղաւ զանազան ծրագիրներ ոչ միայն յառաջ տանիլ, այլեւ ընդարձակել ու աւելի մեծ թիւով երիտասարդներու առիթներ ստեղծել` քաղաքական ասպարէզ մտնելու ու ազդեցիկ դիրքերու հասնելու:
Ամերիկահայուն առատաձեռն նուիրատուութեամբ, կարելի եղաւ նպաստել Հայ Դատի յանձնախումբի հիմնադրամը բարձրացնել եւ հնարաւորութիւն տալ որ հորիզոններ բացուին հարիւրաւոր նոր երիտասարդներու առջեւ` ապահովելով անոնց մուտքը դէպի մամուլի, լրագրութեան, քաղաքական ու հասարակական ասպարէզ, անոնց վստահութիւն ներշնչելով, որպէսզի մտածեն ընտրովի պաշտօններու համար իրենց թեկնածութիւնը դնելու մասին:
Նախաթելէթոնեան օրերու հանգանակային ձեռնարկները, իրենց կարեւոր նպաստը բերին այդ օրուան մթնոլորտի պատրաստութեան մէջ:
Կիրակի օր, կարելի էր զգալ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի Հիմնադրամին նշանակութիւնը: Հայ Դատը այն յառաջադէմ հաստատութիւնն է, որ բազմիցս ապացուցած է արդիւնաւէտ աշխատելու իր կարողութիւնը, բազմապատկած է համայնքի կարողականութիւնը` ժամանակակից արհեստագիտական բոլոր հնարաւորութիւններու օգտագործումով: Նաեւ հայ Դատը այն հպարտ կազմակերպութիւնն է, որ իր ծառայութիւններով եւ զոհաբերութիւններով ապահոված է հսկայական վաստակ, եւ որ պատնէշի վրայ կանգնած է ի պաշտպանութիւն հայ ազգի արժէքային համակարգին:
Ամերիկահայ նիւթական նեցուկը Հայ Դատի հիմնադրամին, ուժեղ միջոց մըն է յատկապէս, որովհետեւ ի տարբերութիւն այլ տուրքէ զերծ բարեգործական միութիւններու, կը հզօրանայ հազարաւոր կամաւորներու նիւթական ու բարոյական օժանդակութեամբ յառաջ եկած հաւաքական հայկական ներուժը եւ հնարաւորութիւններ կը ստեղծուին, որ հայ երիտասարդներ կարենան մարզուիլ ու պատրաստուիլ կառավարական պաշտօններ ձեռք ձգելու, որ հայութեան ընտրական ուժը աճի` նոր քուէարկողներու արձանագրութիւնը իրականացնելով, որ հակահայկական քարոզչութեան արագ հակազդելու միջոցները հզօրանան, որ ամերիկահայութիւնը զիրար շաղկապող, անոնց միջեւ հաղորդակցութեան ցանցը աւելի ազդու դարձնող արդիագոյն արհեստագիտութիւնը քայլ պահէ ժամանակի պահանջներուն հետ:
Հայ Դատը հայորդիին խորապէս կը շահագրգռէ: Այս թելէթոնէն ետք, հպարտ է ամերիկահայը իր ժառանգութեամբ եւ լաւագոյնը կը ցանկայ Հայաստանի համար: Յանձնառու ամերիկահայեր, սիրով եւ նուիրումով ուժ եւ ժամանակ տրամադրեցին այս կարեւոր աշխատանքին:
Տեղին է խորին շնորհակալութիւն յայտնել բոլոր անոնց, որոնք մասնակցեցան նախկին հանգանակութիւններուն: Այսօր, շնորհիւ այդ նուիրատուութիւններուն, Հայ Դատի գործունէութիւնը կը տարուի սեփական շէնքի ընձեռած յարմարութիւններով: Միայն այս փաստը հսկայական խանդավառութիւն կը ստեղծէ մեր երիտասարդ գործիչներուն մօտ` առաւել զոհաբերութեամբ, առաւել ուժականութեամբ ու եռանդով աշխատելու մղում տալով անոնց:
“Այսօր մենք պարզապէս գործերը սովորական կշռոյթով յառաջ տանելու խնդիր չունինք: Այսօր մենք մեր պահանջատիրութեան թափը հզօրացնելու նպատակը կը հետապնդենք, եւ վստահ ենք, որ մեր ժողովուրդի գիտակից զանգուածի լիաբուռն մասնակցութեամբ, հնարաւոր պիտի ըլլայ այդ մակարդակը ապահովել:
Մենք` թելէթոնին մասնակիցներս, եղանք մեր Դատի հետապնդման գործի հզօրացման հիմքերը առաւել ուժեղացնողները“, կը յայտնէ Հայ Դատի Յանձնախումբի Ուաշինկթընի կեդրոնական գրասենեակի պատասխանատու Արամ համբարեան:
Այսպէս, ընդհանուր խանդավառութիւն մը “Հորիզոն“ի կեդրոնէն կը հասնէր դէպի իւրաքանչիւր հայու բնակարան եւ իւրաքանչիւր հայ սիրտ:
Իսկապէս ալ, զարմանալիօրէն, ամբողջ վեց ժամուան ընթացքին հազիւ կարելի կ՛ըլլար մէկ կամ երկու կամաւոր ազատ գտնել` պատասխանելու հաղորդավարներու հարցումներուն. հեռախօսազանգերուն պատասխանող կամաւոր տղաքն ու աղջիկները անդադրում աշխատանքի վրայ էին, սակայն ոչ մէկ բողոքի նշոյլ ցոյց կու տային:
Կազմակերպողներն ալ իրենց կարելին ըրած էին‘ ծրագիրի սահուն ընթացքը ապահովելու համար: