Լրահոս

ՆԻՒ ԵՈՐՔ.- «ԹԱՅՄԶ ՍՔՈՒԷՐ»-ի Ի ՄԷՋ ՆՇՈՒԵՑԱՒ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ 111-ԱՄԵԱԿԸ

 

ՆԻՒ ԵՈՐՔ.- Կիրակի, Ապրիլ 26-ին, հարիւրաւոր հայորդիներ հաւաքուեցան կեդրոնական «Թայմզ Սքուէր» հրապարակը, ոգեկոչելու Հայոց Ցեղասպանութեան 111-րդ տարելիցը։

Այս տարուան նիւթը՝ «Նշելով Անցեալը եւ Պահանջելով Ապագան», արձագանգեց ամբողջ օրուան ելոյթներուն մէջ՝ յարգանքի տուրք մատուցելով հայկական ժառանգութեան եւ Հայ Դատի ապագային՝ Քափիթըլ Հիլի եւ անոր սահմաններէն անդին։ Ձեռնարկը վարեցին հաղորդավարներ Լիւսինէ Պէյլէրեան, Շանթէլ Նասրի եւ Նայիրի Տիրացուեան։

Պէյլէրեան ողջունեց ներկայ հոգեւորականները, ներառեալ՝ Արեւելեան Առաջնորդարանի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս Դանիէլեան, Ամերիկայի Հայ Եկեղեցւոյ Արեւելեան Թեմի փոխանորդ Գերպ. Տ. Սիմոն Վրդ. Օտապաշեան, եւ Նարեկի Սրբուհի Տիրամօր Հայ Կաթողիկէ թեմի առաջնորդ Գերպ. Տ. Միքայէլ Եպս. Մուրատեան, ապա ներկայացուց բանախօսները։

Հաւաքուած բազմութիւնը մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգեց հայ նահատակներու եւ ցեղասպանութեան, բռնութեան ու հալածանքներու բոլոր զոհերու յիշատակը։ Ներկայ եղողները նաեւ յարգանքի տուրք մատուցեցին Ատրպէյճանի կողմէ կործանուած մշակութային կոթողներուն եւ գերեվարուած պատանդներուն։

Advertisement Subscribe Today

Նասրի շնորհակալութիւն յայտնեց Նիւ Ճըրզիի հայկական ռատիոժամի տնօրէն Վարդան Ապտոյին՝ ձեռնարկը ուղիղ հեռարձակելու համար։ Դասական երգչուհի Քարինա Վարդանեան երգեց Հայաստանի եւ Միացեալ Նահանգներու քայլերգները, իսկ Հ․Մ․Ը․Մ․-ին սկաուտները հպարտօրէն ծածանեցին Հայաստանի եւ Արցախի դրօշները։

Արքեպիսկոպոս Անուշաւան Դանիէլեան կատարեց օրհնութիւնը՝ ընդգծելով․ «Այսպիսի ոճիրներուն վերջ չէ դրուած։ Ցեղասպանութիւնը կը շարունակուի այսօր Ատրպէյճանի գործողութիւններուն միջոցաւ»։ Ան նաեւ յիշեց Սումկայիթի եւ Պաքուի մէջ հայերու դէմ գործուած ոճիրները եւ 2023-ին Արցախէն բռնի տեղահանուած 120 հայերը։ «Այս արարքը միայն ժողովուրդին դէմ չէր․ ան նաեւ մշակութային ցեղասպանութիւն է Լեռնային Ղարաբաղի մէջ», ըսաւ ան՝ նշելով խաչքարերու կործանումը։ Ան շեշտեց, որ հայկական պայքարը կը համընկնի աշխարհասփիւռ փոքրամասնութիւններու պայքարին հետ եւ որ ժխտումը ու ճնշումը չեն կրնար կասեցնել մեզ։ «Մեր դիմադրութիւնը աւելի խոր է քան ովկիանոսները եւ աւելի բարձր քան լեռները», եզրակացուց ան։

Ա․Մ․Ն․ Քոնկրէսի ներկայացուցիչ Ֆրանք Փալոն ներկայացուց հայութեան աջակցող օրէնսդրական նախաձեռնութիւնները, ներառեալ՝ Հայ-ամերիկեան ռազմավարական գործընկերութեան բանաձեւը։ Ան խօսեցաւ նաեւ Արցախի արդարութեան եւ վերադարձի իրաւունքի մասին, շեշտելով Հայաստան-Ա․Մ․Ն․ յարաբերութիւններու ամրապնդումը։ «Չենք կրնար ետ դառնալ», ըսաւ ան՝ շեշտելով ցեղասպանութեան ճանաչման կարեւորութիւնը։

Լեսլի Պօղոսեան-Մըրֆի ներկայացուց իր ընտանեկան պատմութիւնը՝ յիշեցնելով, որ իւրաքանչիւր հայ իր մէջ կը կրէ այդ յիշողութիւնը։

Ձեռնարկին ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ շրջանի նահանգապետ Քէթի Հոքուլի հռչակագիրին, որուն մէջ Ապրիլ 24-ը հռչակուած է Հայոց Ցեղասպանութեան ոգեկոչման օր։ Նաեւ նշուեցաւ Նիւ Եորքի քաղաքապետ Զոհրան Մամտանիի յայտարարութիւնը, որ արժանացաւ ներկաներու ջերմ ընդունելութեան։

Յաջորդ ելոյթներով հանդէս եկան հոգեւորականներ, մտաւորականներ եւ համայնքային գործիչներ, որոնք շեշտեցին յիշողութեան, արդարութեան, միութեան եւ պայքարի կարեւորութիւնը։ Երաժշտական եւ պարային ելոյթներով, ներառեալ «Արմֆոլք» խումբի ներկայացումները եւ Անդրանիկ Մանուկեանի կենդանի կատարումը, ձեռնարկը ստացաւ մշակութային հարուստ երանգ։

Շող Դարփինեան՝ Ռ․Ա․Կ․-ի անունով խօսք առաւ եւ շեշտեց․ «Ժամանակը հասած է մտածողութեան նոր կերպի մը, որ հիմնուած է միասնութեան վրայ»։

Հ․Յ․Դ․-ի անունով, դոկտ. Հենրի Թերիօ ընդգծեց, որ ցեղասպանութիւնը իր էութեամբ քաղաքական երեւոյթ մըն է եւ յիշեց նաեւ այլ ժողովուրդներու տառապանքը։

Վարդանի ասպետներու կողմէ, խօսք առաւ Պոպ Աւագեան գնահատեց քաղաքապետ Մամտանիի յայտարարութիւնը եւ յիշեց Հրանդ Տինքի թաղման երթին մասնակցած թուրքերը, որոնք նեցուկ կը կանգնէին եւ կը դատապարտէին հայոց ցեղասպանութիւնը։

Վարդանի դուստրերու անունով Լիլի Սարգիսեան խօսք առաւ՝ յիշեցնելով Ատոլֆ Հիթլերի յղումը Հայոց Ցեղասպանութեան։ Ան նաեւ յարգանքի տուրք մատուցեց իր նախնիներուն, որոնք զոհուած էին ցեղասպանութեան ընթացքին։

Նայիրի Տիրացուեան՝ Հայ Դատի յանձնախումբին անունով խօսելով, յայտարարեց. «Առանց համընդհանուր ճանաչման, բռնութեան շղթան կը շարունակուի»։ Ան ընդգծեց մշակութային ժառանգութեան ոչնչացումը եւ ժխտողականութեան շարունակական փորձերը։

Հայկական Համագումարի ներկայացուցիչ Պրայըն Արտունի նշեց, թէ յիշողութիւնը միայն բաւարար չէ։ 2023-ին աշխարհը ականատես եղաւ հայերու զտման»։ Ան շեշտեց. «Երբ կ՛ըսենք՝ այլեւս երբեք, կը նշանակէ՝ հիմա»։

Հայ փաստաբաններու միութեան անունով, խօսք առաւ Սառա Լիա – Ուիթսըն եւ իր խօսքին մէջ շեշտեց պատասխանատուութեան կարեւորութիւնը։ «Մենք ողողուած ենք ցեղասպանութեամբ», ըսաւ ան։ Ան անդրադարձաւ Կազայի մէջ պաղեստինեան ցեղասպանութեան եւ Իրանի մէջ հնարաւոր վտանգին։ Ան դատապարտեց Հայոց Ցեղասպանութեան քաղաքական շահարկումը։ Ան նաեւ քննադատեց Նիւ Եորքի նախկին քաղաքապետ Էրիք Ատամսը՝ Թուրքիոյ հետ իր կապերուն եւ կաշառակերութեան մեղադրանքներուն համար, եւ դատապարտեց Ատրպէյճանը՝ նշելով. «Սարսափահար ենք, որ ազրպէյճանական ուժերը կործանեցին Ստեփանակերտի ամենամեծ հայկական եկեղեցին»։ Ան եզրակացուց. «Պարտաւոր ենք պայքարիլ ցեղապաշտութեան եւ ատելութեան դէմ՝ ոչ միայն հայերուն, այլ ամբողջ մարդկութեան համար»։

Արամ Արքուն՝ Թէքէեան մշակութային միութեան անունով եւ Արէն Քապարաճեան՝ Հ․Բ․Ը․Մ․-ի երիտասարդականներու անունով խօսեցան հայ ժողովուրդի տոկունութեան մասին եւ ընդգծեց միասնութեան ուժը։

Օրը եզրափակուեցաւ աղօթքներով եւ «Հայր մեր»-ով՝ վերահաստատելով հայ ժողովուրդի յիշողութիւնը, տոկունութիւնը եւ արդարութեան ձգտումը։ Նշենք, թէ այս ձեռնարկը կազմակերպուած էր Վարդանի ասպետներու եւ դուստրերու նախաձեռնութեամբ, գործակցաբար Ռ․Ա․Կ․-ին, Հ․Յ․Դ․-ին, Հայ Դատի յանձնախումբին, Հայկական Համագումարին հետ։

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button