Լրահոս

Մոնտիալը Դիտուած Հայորդիին Ակնոցով

 

Աշխարհի ֆութպոլի ախոյեանութիւնը արդէն իսկ մոռնալ տուած է ամէն բան, նոյնիսկ Հայաստանի ներքին ահաւոր իրավիճակն ու Միջին Արեւելքի փխրուն զինադադարները։

Մոռցուած են լուռ ցաւերը եւ պատկերասփիւռի պաստառներուն կառչած, մարդիկ կը հետեւին այդ դէմ դիմաց մրցող մարզիկներուն, որոնք կը փորձեն կլոր գնդակը քառանկիւն բերդին մէջ զետեղել։ Անշուշտ Հայաստանի կազմը դուրս մնացած է այս աւարտական հանգրուանէն, իսկ մասնակցող կազմերուն մէջ, չկայ ոչ մէկ հայ մարզիկ։

Նշենք, որ Միացեալ Նահանգներու կազմի պահեստի յետսապահներէն՝ Մաքս Արֆսթենի (թիւ 18, ծնած՝ Ֆրեզնօ, 25 տարեկան, Քոլոմպըս Քրուի անդամ) համար կ՛ըսուի թէ թոռնիկն է  Ֆրեզնոյի ականաւոր գործարար Սամուէլ Սիրունեանի (մահացած)։

Թէյմուրեան՝ ձախէն երրորդը

Նաեւ տեղին է նշել, թէ Իրանի ազգային խումբի նախկին խմբապետ Անդրանիկ Թէյմուրեան, որ նաեւ ելոյթ ունեցած է Անգլիոյ Պոլթըն եւ Ֆուլհամ խումբերուն հետ, մաս կը կազմէ օգնական մարզիչներու ցանկին, մօտէն հետեւելով իր կազմի ելոյթներուն։

Youri Djorkaeff Gianni Infantino Attend Uzbekistan Editorial Stock Photo - Stock Image | Shutterstock Editorial

Advertisement Subscribe Today

Իսկ Ֆրանսայի ազգային խումբի նախկին խմբապետ եւ 1998-ի աշխարհի ախոյեան Եուրի Ճորքայէֆ հետեւողական ձեւով ներկայութիւն է պատուոյ բեմահարթակներուն վրայ։ ՖԻՖԱ-ի նախագահ Ճիաննի Ինֆանթինոյի խորհրդատուն է ան, եւ միշտ ալ կ՛ընկերակցի անոր։

Ligue Europa conférence: Le premier Clean sheet de Fayulu, Fc Noah gagne! - Info Sport RDC

Իսկ Քոնկոյի պահեստի բերդապահ Թիմոթի Ֆայուլու մաս կը կազմէ Երեւանի Նոա խումբին։

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button