Լրահոս

«Հայաստան» Դաշինքը ԵԱՀԿ Դիտորդներուն Ներկայացուց Յետընտրական Խախտումները

ԵՐԵՒԱՆ.- 16 Յունիսին Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան անդամներ Արթուր Խաչատրեանը եւ Լիլիթ Գալստեանը հանդիպում ունեցան ԵԱՀԿ Խորհրդարանական վեհաժողովի Ժողովրդավարական հաստատութիւններու եւ Մարդու իրաւունքներու Գրասենեակի երկարատեւ դիտորդական առաքելութեան անդամներ Վլատիմիր Միսեւին, Ելիզաւէտ Քարակիանիտուին եւ Սմարանտա Սանտու Լեսքուին հետ, որոնց փոխանցեցին «Հայաստան» դաշինքի տեղեկագիրը յետընտրական զարգացումներուն վերաբերող։

Ասոր կողքին, «Նիուզ»ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Գեղամ Մանուկեան լուսարձակի տակ առաւ այն երեւոյթը, որ գործող իշխանութիւնները բանակն ու զօրահաւաքային ներուժը վերածած են նախընտրական ճնշման եւ պատիժի գործիքի` զինուորներուն ստիպելով քուէարկել ընթրիքի եւ քունի ժամերուն, ինչպէս նաեւ սահմանային անցակէտերուն մէջ ապօրինաբար արգելափակելով հազարաւոր քաղաքացիներուն ելքը երկրէն։

Ան դիտել տուաւ, որ քուէարկութեան օրը զինուորները ընտրատեղամասեր բերուած են ճիշդ երեկոյեան ժամը 8ին` բանակին մէջ ընթրիքի ժամուն, երեք-չորս վայրկեան առաջ, որպէսզի ներսը այլեւս քաղաքացիներ, լրագրողներ եւ վստահուած անձեր չմնան: Պատգամաւորը ընդգծեց, որ զինուորներուն վաշտերով ստիպած են ընտրութեան երթալ ընդհուպ մինչեւ ուշ երեկոյ ժամը 10` կոպտօրէն խախտելով բանակային կարգուկանոնն ու քունի ժամը, որպէսզի վերահսկուող քուէարկութեան միջոցով անոնց վրայ վարչական ճնշում գործադրեն:

Միեւնոյն ատեն Գեղամ Մանուկեան ուշադրութիւն հրաւիրեց Ռազմական ոստիկանութեան եւ պաշտպանութեան նախարարութեան իրականացուցած այլ իրաւախախտման մը վրայ, որ կը վերաբերի 25օրեայ վարժական հաւաքներու «սեւ ցանկ»երուն: Ան շեշտեց, որ օդակայանի եւ սահմանային միւս անցակէտերուն մէջ արգելափակուեցաւ հազարաւոր քաղաքացիներուն ելքը երկրէն՝ առանց քրէական գործերու առկայութեան կամ որեւէ օրինական ընթացակարգի:

 

Advertisement Subscribe Today

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button