Յօդուածներ

Պուտափեշթի Մէջ Միջնադարեան Հայկական Մայրաքաղաք Անիին Նուիրուած Ցուցահանդէս եւ Գիտաժողով

 

Բասախօսներու խմբանկար

Ինեսա Արուստամեան

Թարգմանուած՝ անգլերէնէ

Պատմութեան դոկտորականի թեկնածու

(Փազմանի Փեթեր կաթողիկէ համալսարան, հայագիտական բաժանմունք, Պուտափեշթ)  

Մարտ 19-ին, Պուտափեշթի Փեթէօֆիի գրականութեան թանգարանին մէջ մեկնարկը տրուեցաւ միջազգային ցուցահանդէսի մը՝ նուիրուած միջնադարեան հայկական մայրաքաղաք Անիին։ «Անի․ Միջնադարեան Հայկական Մայրաքաղաքի Հազար Ու Մէկ Յետմահոըան Կեանքերը» խորագիրը կրող ձեռնարկը, որուն ընթացքին նաեւ տեղի ունեցաւ գիտաժողով, համախմբեց գիտնականներ, արուեստագէտներ եւ մշակութային գործիչներ, որոնք ուսումնասիրեցին Անիի շարունակական նշանակութիւնը՝ յիշողութեան, արուեստի եւ ինքնութեան տեսանկիւնէն։

Advertisement Subscribe Today

Այս ցուցահանդէսը «Կորսուած, բայց Վերագտնուած․ Հայկական Մայրաքաղաք Անի՝ Վիճելի Խաչմերուկներու Մէջ» հետազօտական ծրագիրին աւարտական հանգրուանն էր։ Ծրագիրը կը հովանաւորէր Կերտա Հենքէլ Հիմնարկը, եւ նպատակ ունէր լուսաբանելու Անիի մնայուն ազդեցութիւնը ազգային եւ սփիւռքեան միջավայրերուն մէջ։ Ցուցահանդէսը շարունակուեցաւ մինչեւ Ապրիլ 20։

Բացման հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ պատմական Քարոլյի պալատին մէջ։ Ողջոյնի խօսքեր արտասանեցին Փեթէօֆիի գրականութեան թանգարանի ընդհանուր տնօրէն Փեթրա Թէօրէօք, Փազմանի Փեթեր կաթողիկէ համալսարանի մարդաբանութեան եւ հասարակական գիտութիւններու բաժանմունքի տնօրէն Նատոր Պիրհեր, համալսարանի պատմութեան հիմնարկի ղեկավար Շանտոր Էօզէ, Հայաստանի պատմութեան թանգարանի տնօրէն Դաւիթ Պօղոսեան եւ մատենադարանի գիտական բաժնի փոխտնօրէն Վահէ Թորոսեան։

Երեկոն հարուստ էր նաեւ գեղարուեստական յայտագրով։ Ելոյթ ունեցաւ Երեւանի Կոմիտասի անուան պետական երաժշտանոցի դաշնակահարուհի Նարէ Սուքիասեան, իսկ Պերլինաբնակ պարուսոյց, պարուհի եւ ընկերաբան Ժասմին Իհրաչ ներկայացուց իր «Սահման» կատարումը, որ խորհրդանշեց ձեռնարկի բազմաճիւղ եւ բազմամիջավայր բնոյթը։

Հանդիսութեան ընթացքին ներկայացուեցաւ նաեւ «Capturing Eternity: Jerusalem Armenian Photography in the 19th and 20th Centuries» («Ներգրաւելով Յաւերժութիւնը․- Երուսաղէմի Հայկական Լուսանկարչութիւնը 19-րդ եւ 20-րդ Դարերուն») » հատորը, որ խմբագրած են դոկտ․ Կարէն Ճալլաթեան եւ Տիանա Ղազարեան, համագործակցութեամբ դոկտ․ Պալինթ Քովաչի։

Ցուցահանդէսն ու գիտաժողովը կազմակերպուած էին Լայպնիցի Արեւելեան Եւրոպայի Պատմութեան եւ Մշակոյթի Հետազօտական Հիմնարկէն (GWZO- Լայփցիկ) դոկտ․ Կարէն Ճալլաթեանի եւ Պերլինի Ազատ Համալսարանէն դոկտ. Քոնրատ Սիքիերսքիի կողմէ, աջակցութեամբ Փազմանի Փեթեր կաթողիկէ համալսարանի հայագիտական բաժանմունքի ղեկավար դոկտ. Պալինթ Քովաչի։

Կազմակերպիչներուն համաձայն, Անի քաղաքը պէտք է դիտուի ոչ միայն որպէս պատմական եւ հնագիտական վայր, այլեւ՝ որպէս կենդանի յիշողութեան տարածք, որ կը շարունակէ նոր իմաստներ ստեղծել ազգային, սփիւռքեան եւ համաշխարհային մակարդակներու վրայ։ Անոնք կը շեշտեն, որ Անիի բազմաշերտ յիշողութիւնը առիթ կու տայ վերարժեւորելու, թէ ինչպէս կորսուած քաղաքները կը յիշուին, կը վիճարկուին եւ կը վերաիմաստաւորուին ներկայիս։

Մարտ 20-ին սկսած գիտաժողովի առաջին նիստը՝ «Անիի աւերակները որպէս վաղ արդի եւ արդի ընկերային յարաբերութիւններու հանգոյց», նախագահեց Յակոբ Մաթէոսեան։ Փիթըր Քաու (Եու․Սի․Էլ․Էյ․ – Քալիֆորնիա) անդրադարձաւ Անիի պատմական կերպարանափոխութիւններուն, մինչ Դաւիթ Պօղոսեան ներկայացուց Անիի հնադարանը եւ քարեդարանը՝ որպէս հայկական թանգարանային մշակոյթի կարեւոր ոլորտ։

Լենքա Փանուշքովա (Լայփցիկ) ուսումնասիրեց չեխ ճարտարագէտ Եարոսլաւ Թքատլեցի լուսանկարները, իսկ Քրիսթինէ Պաղտասարեան (Պերլին եւ Պուտափեշթի Փազմանի Փեթեր կաթողիկէ համալսարան) վերլուծեց Թիֆլիսի հայկական «Խաթապալա» երգիծաթերթին մէջ Անիի ժառանգութեան շուրջ հրապարաուած քննարկումները։

Յաջորդ նիստը՝ «Անիի հետ արուեստագէտներու եւ քաղաքացիական հասարակութեան յարաբերութիւնները Թուրքիոյ մէջ եւ անկէ դուրս», կեդրոնացաւ հանրային յիշողութեան եւ մշակութային գործունէութեան վրայ։ Ժասմին Իհրաչ (Պերլին) ներկայացուց, թէ ինչպէս պարը կրնայ արտայայտել Անիի տեսանելի եւ անտեսանելի պատմութիւնները, իսկ Վետաթ Աքչայէօզ (Կարսի մշակութային ընկերակցութիւն)  խօսեցաւ շրջանին մէջ կատարուած նոր բացայայտումներուն մասին։

Երրորդ նիստը՝ «Ուխտագնացութիւններ դէպի Անիի աւերակները», որուն նախագահեց Անտրաշ Պաչքայ (Պուտափեշթի Փազմանի Փեթեր կաթողիկէ համալսարան) նուիրուած էր ճամբորդութիւններու եւ անձնական հանդիպումներու թեմային։

Պոսթընի Հայկական Ուսումնասիրութիւններու եւ Հետազօտութիւններու Ազգային Միութեան (NAASR) ներկայացուցիչ Մարք Մամիկոնեան իր դասախօսութեան մէջ քննեց, թէ ինչպէս սփիւռքահայերը Անին կ՛ապրին ոչ միայն որպէս հնագիտական վայր, այլեւ որպէս վերադարձի, կարօտի եւ պատմական ինքնաճանաչման տարածք։

Քոնրատ Սիքիերսքիի «Անի. Զգացական Վայր Մը» խորագրով զեկուցումը անդրադարձաւ Անիի աւերակներուն յուզական ազդեցութեան՝ հարց տալով, թէ ինչպէս լռութիւնը, բացակայութիւնը եւ նիւթական մնացորդները կը կերտեն այցելուներուն կապուածութիւնը այդ քաղաքին հետ։

Պրազիլահայ լուսանկարիչ եւ ճարտարապետ Նորայր Շահինեանի «Դատարկութեան Զօրութիւնը» խորագրով ներկայացումը անձնական խորհրդածութիւն մըն էր՝ արմատաւորուած Ուրֆայէն, Մարաշէն, Իսկենտերունէն եւ Քեսապէն տեղահանուած իր ընտանիքի պատմութիւններուն մէջ։ Ան մօտեցաւ Անիին որպէս այնպիսի բնանկարի մը, ուր դատարկութիւնն իսկ կը վերածուի վկայութեան, յիշողութեան եւ գեղարուեստական արտայայտութեան։

Օրը եզրափակուեցաւ Անի Յովհաննիսեանի «Թաքուն Քարտէսը» (The Hidden Map, 2022) վաւերագրական ժապաւէնի ցուցադրութեամբ, որմէ ետք տեղի ունեցաւ քննարկում մը՝ նախագահութեամբ Անատոլի Թոքմանցեւի (Պուտափեշթի Փազմանի Փեթեր կաթողիկէ համալսարան)։

Ժապաւէնը գիտաժողովի քննարկումները դուրս բերաւ ակադեմական զեկուցումներու սահմաններէն՝ հետեւելով ներկայ Թուրքիոյ տարածքին մէջ հայկական անցեալն ու ներկան բացայայտող ճամբորդութեան մը։ Ան նաեւ ցոյց տուաւ, թէ վաւերագրական պատմապատումը ինչպէս կրնայ թաքնուած պատմութիւնները հասանելի դարձնել աւելի լայն հասարակութեան։

Երկրորդ օրը նուիրուած էր գրական եւ բանասիրական մօտեցումներուն։ «Գրականութիւն եւ աւերակներ» խորագիրով նիստը, որ կը նախագահէր Փիթըր  Քաու, Անիին մօտեցաւ որպէս գրական յիշողութեան, ձեռագիրներու մշակոյթի եւ ստեղծագործական երեւակայութեան տարածք։ Արմենուհի Թրոստ-Աբգարեան (Հալլէ-Վեթթենպերկի Մարթին Լութեր համալսարան) քննեց Անիի դերը իբրեւ միջնադարեան գրական յիշողութեան վայր, մինչ Էմիլիօ Պոնֆիլիօ (Համպուրկի համալսարան) ներկայացուց միջնադարեան հայկական ձեռագիրի մը հիման վրայ Անիի եւ Կոստանդնուպոլսոյ արքեպիսկոպոս Սուրբ Յովհան Ոսկեբերանի (մօտ 347–407) միջեւ եղած առնչութիւնները։ Ձեռագիրը կը պահուի Երեւանի մատենադարանին մէջ։

Այնուհետեւ Պալինթ Քովաչ անդրադարձաւ կարօտի եւ կորսուած աշխարհներու պատկերներուն Մինաս Բժշկեանցի 1830 թուականի «Ճամբորդութիւն ի Լեհաստան» ուղեգրութեան մէջ՝ ցոյց տալով, թէ ինչպէս ճամբորդական գրականութիւնը կրնայ ձեւաւորել յիշողութիւնն ու հայկական մշակութային ինքնութիւնը։ Կարէն Ճալլաթեան եզրափակեց նիստը՝ ուսումնասիրելով Անիի աւերակներու սփիւռքահայ պատկերացումները արդի հայկական գրականութեան մէջ, մասնաւորաբար Լեւոն Շանթի «Շղթայուածը. Խաղ մեր միջնադարէն» (1918/1921) եւ Գրիգոր Պըլտեանի «Հրապարակներ» (2021) գործերուն ընդմէջէն։ Այս բոլոր ուսումնասիրութիւնները ցոյց տուին, որ Անին կ՛ապրի ոչ միայն իր քարերուն ու աւերակներուն մէջ, այլ նաեւ գրական յիշողութեան եւ ստեղծագործ երեւակայութեան աշխարհին մէջ։

Յաջորդ նիստը՝ «Անիի աւերակները արուեստագիտական պատմութեան տեսանկիւնէն», կը նախագահէր Մաթէ Թամասքա (Ափոր Վիլմոշ Կաթողիկէ Քոլէճ) եւ Անիին կը մօտենար ճարտարապետական, արխիւային եւ տեսողական ուսումնասիրութիւններու միջոցաւ։ Սիփանա Չաքերեան (Արուեստի պատմութեան ազգային հիմնարկ, Ֆրանսա) ներկայացուց Անիի ուսումնասիրութիւնը Նիքոլ եւ Ժան-Միշել Թիերիի արխիւին ընդմէջէն՝ շեշտելով դաշտային հետազօտութիւններու արձանագրութիւններուն եւ արխիւային պահպանութեան կարեւորութիւնը հայկական ճարտարապետական ժառանգութեան ուսումնասիրութեան համար։ Լազլօ Տարագօ (Պուտափեշթի ճարտարագիտութեան եւ տնտեսագիտութեան համալսարան) ներկայացուց Թամաս Կուժիկի հայկական ժառանգութիւնը։ Քրիսթինա Մարանչի (Հարվըրտ համալսարան) խօսեցաւ Անիի Մայր Տաճարին եւ անոր ճարտարապետական նշանակութեան մասին, իսկ Զարուհի Յակոբեան (Հայաստանի գեղարուեստի պետական ակադեմիա) ուսումնասիրեց Անիի մօտ գտնուող Եզնկայի եկեղեցւոյ ճակտամասի քանդակներու պատկերագրութիւնն ու գեղարուեստական յղացքը։ Նիստը ճարտարապետական ուսումնասիրութիւնը, արխիւային աշխատանքը եւ տեսողական վերլուծութիւնը միաւորեց ընդհանուր քննարկման մէջ՝ եւս մէկ անգամ ընդգծելով Անիի հարուստ ներուժը որպէս արուեստագիտական հետազօտութեան բնագաւառ։

Այս գիտաժողովի ընթացքին կազմակերպուեցաւ նաեւ կլոր-սեղան քննարկում մը՝ նուիրուած «Անիի Թագաւորութիւն» ծրագրին, որ միջնադարեան Անիի մէջ տեղի ունեցող գործողութիւններով եւ արկածախնդրական տեսախաղ մըն է եւ ցուցահանդէսի մաս կը կազմէր։ Այս նախաձեռնութիւնը պատմական հետազօտութիւնը կապեց եռաչափ ձեւաւորման եւ ներգրաւիչ թուային արհեստագիտութիւններու հետ՝ ցուցադրելով, թէ ինչպէս հայկական մշակութային ժառանգութիւնը կրնայ ուսումնասիրուիլ, պահպանուիլ եւ հանրայնացուիլ տարբեր մասնագիտութիւններու եւ հաստատութիւններու համագործակցութեամբ։

Այս ժողովը աւարտեցաւ «Կորսուած, բայց վերագտնուած. հայկական մայրաքաղաք Անին՝ վիճարկուած խաչմերուկներու մէջ» ծրագրին նուիրուած կլոր-սեղան քննարկումով։ Բանախօսներն էին Կարէն Ճալլաթեան, Պալինթ Քովաչ, Յակոբ Մաթէոսեան եւ Քոնրատ Սեքիերսքի, իսկ քննարկումը կը վարէր Զոլթան Հիտաշ (Փազմանի Փեթեր կաթողիկէ համալսարանի ընկերաբանութեան հիմնարկ)։

Նշենք, թէ Փազմանի Փեթեր կաթողիկէ համալսարանի հայագիտական բաժանմունքը առանձնայատուկ դեր ունեցաւ այս ձեռնարկին յաջողութեան մէջ՝ ոչ միայն կազմակերպչական իր գործունէութեամբ, այլ նաեւ Հունգարիոյ եւ անոր սահմաններէն դուրս հայագիտութիւնը զարգացնելու իր լայնածաւալ նախաձեռնութիւններով՝ գիտահետազօտական աշխատանքի, կրթութեան եւ հանրային իրազեկման միջոցաւ։

Պուտափեշթի այս ձեռնարկը պարզ անցեալի վերադարձ մը չէր, այլ Անիի ներկայացումը՝ որպէս կենդանի հետազօտական տարածք, ուր ճարտարապետութիւնը, գրականութիւնը, յիշողութիւնն ու արուեստը կը շարունակեն հանդիպիլ եւ փոխլրացնել զիրար։ Եթէ ցուցահանդէսն ու համաժողովը մէկ գիտահետազօտական ծրագրի աւարտը կը խորհրդանշէին, միաժամանակ անոնք յստակօրէն կը մատնանշէին նոր սկիզբ մը։ Պատմաբաններու, արուեստագէտներու, թուային արհեստագիտութեան մասնագէտներու եւ այլ հետազօտողներու համախմբումով, ձեռնարկը վերահաստատեց Անիի մնայուն արդիականութիւնը եւ այն ձեւերը, որոնցմով կորսուած քաղաքները կրնան շարունակել ձեւաւորել հաւաքական յիշողութիւնն ու ինքնութիւնը՝ թէ՛ հայագիտութեան եւ թէ՛ աւելի լայն գիտական ու մշակութային դաշտերուն մէջ։

 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button