Օրհնութեամբ եւ նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, Կիլիկեան Ուխտի Միաբանութեան երեք աբեղաներ՝ Հոգշ. Տ. Արմէն Աբղ. Գալաճեան, Հոգշ. Տ. Առաքել Աբղ. Գատէհճեան եւ Հոգշ. Տ. Ազատ Աբղ. Ֆիլիքեան, ներկայացուցին Վարդապետութեան աստիճանի թեկնածութեան իրենց աւարտաճառերը եւ յընթացս 24 Մայիսի կիրակնօրեայ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին, ստացան վարդապետական չորս աստիճաններ՝ ձեռամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Արք. Աշգարեանի եւ խարտաւիլակութեամբ գաւազանակիր Հոգշ. Տ. Սարգիս Վրդ. Աբրահամեանի։
Արարողութեան ընթացքին, սրբազան հայրը եկեղեցւոյ ատեանին մէջ հաւատքի քննութիւն կատարեց ընծայեալ հայր սուրբերուն, որոնք նզովեցին բոլոր աղանդաւոր հերձուածները եւ հաստատեցին իրենց հաւատարմութիւնը ուղղափառ դաւանանքին՝ միաբերան արտասանելով Հաւատոյ Դաւանանքը։
Աւարտին, սրբազան հայրը յղեց իր քարոզը, որուն մեկնակէտը Հոգեգալստեան տօնն էր:
Մակար արքեպիսկոպոս նաեւ բացատրեց, որ Աստուծոյ բոլոր ընտրեալները սկիզբը գացին եւ խոստովանեցան իրենց տկարութիւնն ու անարժանութիւնը՝ ի դիմաց աստուածատուր կոչումին, բայց Աստուած զանոնք առաքեց՝ զօրութիւն հագցնելով եւ ամրացնելով: Հոգեգալուստը միայն առաքեալներուն համար չէր, այլ նաեւ եկեղեցւոյ ծնունդն էր, որուն շնորհիւ եկեղեցին կը մեծնայ ու կ՚աճի, երբ հաւատացեալներ Սուրբ Հոգիով լեցուած են եւ ո՛չ թէ պարզապէս գաղափարներով ու ծրագիրներով:
Ան յորդորեց նորընծայ վարդապետները հաւատքով ընդունելու Աստուծոյ կանչը, խոնարհութեամբ աղօթելու, վստահութեամբ ու յոյսով սպասելու Տիրոջ օգնութեան եւ եկեղեցւոյ մէջ համայնքի հասկացողութեամբ ապրելու եւ ծառայելու: «Յիշեցէ՛ք, որ վարդապետական իշխանութիւնը մեծ պատասխանատուութիւն է, ո՛չ թէ իշխանութեան կամ պատիւի համար, այլ Աստուծոյ կամքը, ծրագիրն ու առաքելութիւնը իրականացնելու համար» ըսելով, եզրափակեց իր քարոզը սրբազան հայրը։
Վերջապէս, սրբազան հայրը իր որդիական երախտագիտութիւնն ու շնորհաւորութիւնը յայտնեց Վեհափառ Հայրապետին, Կիլիկեան Ուխտեալ Միաբանութեան, նորընծայ վարդապետներու ընտանիքներուն ու հարազատներուն եւ նորընծաներուն՝ Հայ Եկեղեցին երեք նոր վարդապետներով աճելուն ու հարստանալուն առիթով։
Սուրբ Պատարագէն անմիջապէս ետք, Նորին Սուրբ Օծութիւնը վեհարանին մէջ ընդունեց նորընծայ վարդապետները եւ իր հայրական օրհնութիւնը շնորհեց անոնց։
Նշենք, որ Շաբաթ, 23 Մայիսի երեկոյեան, «Կիլիկիա» թանգարանի սրահին մէջ աբեղաները, ներկայութեամբ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, վանաբնակ միաբան հայրերուն եւ Դպրեվանքի ընծայարանական աշակերտներուն, ներկայացուցին իրենց վարդապետական աւարտաճառերը։ Արմէն վրդ. Գալաճեանի նիւթն էր «Եկեղեցական Սպասներ», Առաքել Վրդ. Գատէհճեանինը՝ «Ջուրը Աստուածաշունչ Մատեանին եւ Հայ Եկեղեցւոյ Ծէսին Մէջ» եւ Ազատ Վրդ. Ֆիլքեանինը՝ «Հայ Եկեղեցւոյ Պատարագի Զգեստները»։ Աւարտին, Վեհափառ Հայրապետը իր թելադրութիւններն ու նշումները կատարելէ ետք, գնահատեց միաբան հայրերուն տարած աշխատանքը՝ ընդգծելով հոգեմտաւոր կազմաւորման եւ ինքնաշխատութեամբ յոյժ կարեւորութիւնը։ Հայրապետը «Պահպանիչ» աղօթքով օրհնեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնն ու անոր Միաբանութիւնը։

