ԼրահոսՀայրենի Աշխարհ

Հ.Օ.Մ.-ը` Պատերազմին Մասնակից Ուսանողներու Կողքին

ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ («Ապառաժ»)․- Ապրիլ 27-ին կայացաւ Հայ Օգնութեան Միութեան «Լաւագոյն ուսանող» ծրագրի պարգեւատրման արարողութիւնը, որուն ներկայ էին Հ․Օ․Մ․-ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամները, Հայաստանի եւ Արցախի վարչութիւններու ատենապետուհիները, Արցախի պետական, Շուշիի արուեստագիտական, Մեսրոպ Մաշտոց եւ Գրիգոր Նարեկացի համալսարաններու ներկայացուցիչներ, հիւրեր եւ ուսանողներ: 1998-ին Արցախի մէջ գործող այս ծրագրով Հ․Օ․Մ․-ը, իբրեւ նիւթական պարգեւ հարիւր տոլար յատկացումով, կը խրախուսէր անապահով, սահմանամերձ բնակավայրերու մէջ ապրող այն ուսանողները, որոնք ուսման ընթացքին լաւագոյն արդիւնքները կ՛արձանագրէին: Անցեալ երկու տարիներուն այս ծրագիրը ընդհատուած էր ծանօթ պատճառներով։ Այս տարի, Հ․Օ․Մ․-ը որոշեց վերստին կատարել նուիրատուութիւններ, այս անգամ նկատի ունենալով 105 երիտասարդներ, որոնք մասնակցած են 44-օրեայ պատերազմին։

Already a subscriber? Log in here

This story is FREE for you...

Create a free account to access this article and get more of our top stories sent to you by newsletter.

Or, subscribe now for unlimited access
By submitting your email address you agree for Hairenik Weekly to send you communication by email

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button