Հ.Յ.Դ. Հայ Դատի Կեդրոնական Խորհուրդի Յայտարարութիւնը՝ Իսրայէլի Կառավարութեան Կկողմէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը Ճանչնալու Առիթով

Իսրայէլի կառավարութիւնը, այսօր, միաձայն հաւանութիւն տուած է Հայոց ցեղասպանութիւնը պաշտօնապէս ճանչնալու երկրի Արտաքին գործոց նախարար Կիտէօն Սաարի նախագիծին։ Ըստ հաղորդումներուն, ճանաչումի բանաձեւի նախագիծը այժմ կ՚ուղարկուի խորհրդարան, առ ի որդեգրում։
Արտաքին գործոց նախարարը իր խօսքին մէջ անդրադարձած է, թէ անցեալին եւս եղած են նման նախաձեռնութիւններ, որոնք, սակայն, իրենց տրամաբանական եզրակացութեան չեն յանգած։
Նախարարը յայտարարած է նաեւ, որ այս հակադարձութիւն չէ Թուրքիոյ նախագահին գլխաւորութեամբ Իսրայէլի դէմ ուղղուած «սարսափելի հռետորաբանութեան եւ թշնամական քայլերուն», ենթադրաբար՝ ակնարկելով ոչ միայն Թուրքիոյ, այլեւ միջազգային համայնքի բազմաթիւ անդամներու այն իրաւացի հաստատումներուն, որ Իսրայէլ Կազայի մէջ ցեղասպանութիւն կը գործէ պաղեստինցի ժողովուրդին դէմ։
Հաշուի առնելով այն փաստը, որ բազմաթիւ հրեայ անհատներ, այդ մասին բարձրաձայնած են Ցեղասպանութեան օրերուն՝ որպէս վկայ, իսկ հետագային՝ որպէս մտաւորականներ, քաղաքական գործիչներ եւ կուսակցութիւն (Մերեց), պահանջելով Իսրայէլի պետութեան կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը, նախարար Սաար իրաւացի է երբ կը հաստատէ. «Երբեք ուշ չէ ճիշտ բանը ընել։ Այս թէ՛ բարոյական, թէ՛ պատմական պարտականութիւն է։ Իմ կարծիքով, ատկէ խուսափելու որեւէ լուրջ պատճառ չկայ»։
Եթէ եւ երբ այս նախաձեռնութիւնը հասնի իր տրամաբանական եզրայանգումին եւ Իսրայէլի խորհրդարանը եւս հաստատէ Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչումը որպէս պետական դիրքորոշում, մենք կ՚ողջունենք այդ կեցուածքը, միաժամանակ կրկնելով նախարար Սաարիի Թուրքիոյ ուղղուած այն տրամաբանութիւնը, որ նման ճանաչումը «իրեն (այս պարագային՝ Իսրայէլին) չի տար անձեռնմխելիութիւն պատմական ճշմարտություններէն», ներառեալ՝ Արցախի մէջ հայութեան դէմ կատարուած յանձագործութիւններուն իր մեղսակցութեան գծով։
Միաժամանակ, կ՚ակնկալենք, որ Հայկական Ցեղասպանութիւնը ճանչցած Իսրայէլը կը ստանձնէ իր պատասխանատուութիւնը՝ սատարելով յիշողութեան յաւերժացումին եւ պայքարելով անոր ժխտումին դէմ։
Հ.Յ.Դ. Հայ Դատի Կեդրոնական Խորհուրդ
28 Յունիս 2026

