Ընտրութիւն Մը, Որ Հայաստանը Չէր Կրնար Կորսնցնել, Բայց Ընդդիմութիւնը Պատրաստ Չէր Յաղթելու

Դոկտ. Արա Նազարեան
(Յապաւումով)
Թարգմանուած՝ անգլերէնէ
2026 թուականի Յունիս 7-ի խորհրդարանական ընտրութիւնները կրնան դառնալ Հայաստանի անկախութենէն ի վեր ամենէն ճակատագրական ընտրութիւններէն մէկը։ Արցախի կորուստէն երեք տարիէն ալ նուազ ժամանակ ետք, եւ շարունակուող տարածաշրջանային անկայունութեան պայմաններուն մէջ, բազմաթիւ հայեր այս ընտրութիւնը կը նկատէին որպէս վճռորոշ ընտրանք՝ երկրի ապագայ անվտանգութեան, ինքնիշխանութեան եւ աշխարհաքաղաքական ուղղութեան համար։ Սակայն, հակառակ ազգային անվտանգութեան, տարածքային զիջումներու եւ պետական կառավարման նկատմամբ տարածուած դժգոհութեան, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի «Քաղաքացիական Պայմանագիր» կուսակցութիւնը անգամ մը եւս ապահովեց խորհրդարանական մեծամասնութիւն։
Շատ դիտորդներու համար այս արդիւնքը անակնկալ թուեցաւ։ Սակայն, առկայ փաստերուն մանրակրկիտ ուսումնասիրութիւնը կը յուշէ, թէ իրականութիւնը այլ էր։ Հիմնուելով Կեդրոնական Ընտրական Յանձնաժողովի (ԿԸՀ) պաշտօնական արդիւնքներուն, 2026-ի ձմրան եւ գարնան ընթացքին կատարուած հանրապետական երկու հանրային կարծիքի հարցախոյզերուն, ինչպէս նաեւ նախընտրական ընդհանուր քաղաքական միջավայրին վրայ, այս ուսումնասիրութիւնը կը պնդէ, որ ընդդիմութեան պարտութիւնը ամիսներ առաջ իսկ կանխատեսելի էր։ Հարցախոյզերը հետեւողականօրէն կը բացայայտէին գործող իշխանութեան ունեցած առաւելութիւնը, ընդդիմութեան մասնատուածութիւնը, ժողովրդագրական մնայուն տարբերութիւնները եւ այնպիսի ընտրողներու համախմբման բացակայութիւնը, որ անհրաժեշտ պիտի ըլլար «Քաղաքացիական Պայմանագիր»-ի կառուցուածքային ընտրական ուժը յաղթահարելու համար։
Այս յօդուածը կը քննէ պաշտօնական ընտրական արդիւնքները, կը վերլուծէ ընտրողներու վարքագիծին հիմքին մէջ գտնուող միտումները, կը գնահատէ այն քաղաքական միջավայրը, ուր տեղի ունեցան ընտրութիւնները, եւ կը դիտարկէ ռազմավարական այն որոշումները, որոնք ձեւաւորեցին վերջնական արդիւնքը։ Առաւել կարեւոր՝ կը փորձէ պարզել, թէ ընդդիմութիւնը, ինչպէս նաեւ ընդհանրապէս Հայաստանը, ի՛նչ դասեր պէտք է քաղեն, եթէ ապագայ ընտրութիւնները պիտի դառնան իսկապէս մրցակցային եւ ընտրողներուն ներկայացնեն երկրի ապագային վերաբերող վստահելի ու համոզիչ այլընտրանքային տեսլական մը։
Ընտրական արդիւնքներու ընդհանուր պատկերը
2026 թուականի Յունիս 7-ի Հայաստանի խորհրդարանական ընտրութիւններուն յաղթանակ արձանագրեց վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի «Քաղաքացիական Պայմանագիր» կուսակցութիւնը, որ ստացաւ տրուած քուէներուն մօտաւորապէս 50 առ հարիւրը եւ պահպանեց խորհրդարանական մեծամասնութիւնը։ Կեդրոնական Ընտրական Յանձնաժողովի պաշտօնական տուեալներուն համաձայն՝ 2,503,976 ընտրելու իրաւունք ունեցող քաղաքացիներէն քուէարկութեան մասնակցեցան 1,476,769-ը, այսինքն՝ մասնակցութիւնը կազմեց 58.9 առ հարիւր։ «Քաղաքացիական Պայմանագիր»-ը ստացաւ 726,819 ձայն (49.75%), երկրորդ տեղը գրաւեց Սամուէլ Կարապետեանի գլխաւորած «Ուժեղ Հայաստան» դաշինքը՝ 340,006 ձայնով (23.27%)։ Ռոպերթ Քոչարեանի ղեկավարած «Հայաստան» դաշինքը ստացաւ 144,983 քուէ (9.92%) եւ յաղթահարեց խորհրդարան անցնելու 4 առ հարիւրի շեմը, մինչդեռ Գագիկ Ծառուկեանի «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութիւնը 58,287 ձայնով (3.99%) մնաց շեմէն քիչ մը վար։ Մնացեալ ոչ մէկ քաղաքական ուժ յաջողեցաւ անցնիլ սահմանուած շեմը (Աղիւսակ 1)։
| Party / Alliance | Votes | % Share |
| Civil Contract (Pashinyan) | 726,819 | 49.7456% |
| Strong Armenia Alliance | 340,006 | 23.2710% |
| Armenia Alliance (Kocharyan) | 144,983 | 9.9231% |
| Prosperous Armenia (Tsarukyan) | 58,287 | 3.9893% |
| Wings of Unity | 33,537 | 2.2954% |
| Meritocratic Party | 30,642 | 2.0972% |
| Democracy, Law & Discipline | 25,758 | 1.7630% |
| New Force Reformist Party | 25,551 | 1.7488% |
| I Am Against Everyone | 21,181 | 1.4497% |
| Republic Party (Kananyan) | 15,808 | 1.0819% |
| Bright Armenia | 7,439 | 0.5091% |
| In the Name of the Republic | 6,754 | 0.4623% |
| Pan-Armenian National Dem. Pole | 5,481 | 0.3751% |
| Democratic Consolidation | 5,269 | 0.3606% |
| Armenian National Congress (AC) | 3,143 | 0.2151% |
| Christian Democratic Party | 2,671 | 0.1825% |
| Kochari National Revival Party | 1,986 | 0.1359% |
| Reformist Party | 1,425 | 0.0975% |
| Invalid/blank votes | ~ 7,453 | – |
| Total valid votes | 1,456,740 | 98.68% |
| Turnout (total ballots) | 1,476,769 | 58.90% |
Ընտրութիւններէն ետք ծագած ամենավիճայարոյց հարցերէն մէկը կը վերաբերէր «Բարգաւաճ Հայաստան»-ի՝ խորհրդարան մտնելու 4 առ հարիւր շեմը հազիւ չյաղթահարելուն։ ԿԸՀ-ի պաշտօնական արդիւնքներուն համաձայն՝ կուսակցութիւնը ստացաւ 3.99 առ հարիւր՝ խորհրդարանական ներկայացուցչութենէն դուրս մնալով բառացիօրէն չնչին տարբերութեամբ։ Ընդդիմադիր ներկայացուցիչներ յետագային պնդեցին, թէ որոշ ընտրատեղամասերու մէջ քուէաթերթիկներու անվաւեր ճանաչումը եւ ձայներու հաշուարկին վերաբերող վիճելի որոշումները փաստօրէն խոչընդոտեցին կուսակցութեան խորհրդարան մուտքը՝ այդպիսով պահպանելով «Քաղաքացիական Պայմանագիր»-ի խորհրդարանի երեք հինգերորդ մեծամասնութիւնը։ Այս մեղադրանքները տակաւին վիճարկուած կը մնան, սակայն շարունակաբար բանավէճի առիթ կը հանդիսանան յետընտրական վաւերացման գործընթացի թափանցիկութեան եւ այն հարցին շուրջ, թէ արդեօք Ազգային ժողովի կազմը ճիշդ կերպով արտացոլած է ընտրողներու կամքը։
Միեւնոյն ժամանակ, հակառակ կառավարող մեծամասնութիւնը պահպանելուն, «Քաղաքացիական Պայմանագիր»-ը չկարողացաւ ապահովել սահմանադրական այն երկու երրորդ մեծամասնութիւնը, որ անհրաժեշտ է Հայաստանի Սահմանադրութիւնը միակողմանի կերպով փոփոխութեան ենթարկելու համար։ Այսպիսով, այդ կարեւոր սահմանադրական զսպիչ մեքանիզմը դուրս մնաց իշխող կուսակցութեան ամբողջական վերահսկողութենէն:
Յունիսեան ընտրութիւններէն առաջ ընտրողներու վարքագիծի վերլուծում
2026 թուականի խորհրդարանական ընտրութիւններուն ամենէն ուշագրաւ հանգամանքներէն մէկը այն է, որ վերջնական արդիւնքը պէտք չէր անակնկալ ըլլար։ Հայ ժողովուրդը քուէատուփերուն մօտ երթալէն ամիսներ առաջ, MindGauge-ի հանրապետական երկու հարցախոյզերը, որոնք իրականացուած էին ձմրան (Փետրուար) եւ գարնան (Ապրիլ–Մայիս) ամիսներուն, արդէն իսկ բացայայտած էին այն քաղաքական միտումները, որոնք ի վերջոյ յանգեցուցին «Քաղաքացիական Պայմանագիր»-ի յաղթանակին։
Թէեւ նախընտրական արշաւին ընթացքին հանրային քննարկումները հիմնականաբար կեդրոնացած էին ընդդիմութեան բազմամարդ հանրահաւաքներուն եւ կառավարութեան նկատմամբ աճող դժգոհութեան վրայ, հարցախոյզերու տուեալները շատ աւելի նրբազգաց պատկեր մը կը ներկայացնէին։ Անոնք ցոյց կու տային, որ ընդդիմութիւնը աշխուժացած էր, բայց կը մնար մասնատուած, մինչդեռ «Քաղաքացիական Պայմանագիր»-ը կը պահպանէր աւելի լայն եւ աւելի կայուն ընտրական հենարան մը՝ Հայաստանի տարբեր շրջաններուն մէջ։
Իշխող կուսակցութեան աջակցութեան համախմբումը
Երկու հարցախոյզերուն միջեւ արձանագրուած ամենէն յստակ միտումը «Քաղաքացիական Պայմանագիր»-ի նկատմամբ աջակցութեան շարունակական ամրապնդումն էր։
Բոլոր չափահաս հարցադրուածներու շրջանակին մէջ կուսակցութեան աջակցութիւնը ձմեռային հարցախոյզին արձանագրած 18.6 առ հարիւրէն բարձրացաւ մինչեւ 25.8 առ հարիւր՝ գարնան հարցախոյզին մէջ։ Նոյն ժամանակահատուածին այն քաղաքացիներուն բաժինը, որոնք կը կարծէին, թէ Հայաստանը կը շարժի «ճիշդ ուղղութեամբ», աճեց 30.2 առ հարիւրէն մինչեւ 39.9 առ հարիւր։
Այս ժամանակաշրջանին կառավարութեան ընդունելիութեան մակարդակն ալ զգալիօրէն բարելաւուեցաւ (Պատկեր 1)։
Այս զուգահեռ զարգացումները կը յուշեն, որ հակառակ ազգային անվտանգութեան, արտաքին քաղաքականութեան եւ Հայաստանի աշխարհաքաղաքական դիրքին վերաբերող կառավարութեան հասցէին հնչած լայնածաւալ քննադատութիւններուն, ընտրողներու աճող հատուած մը այն համոզումը ունէր, թէ երկիրը կը սկսի որոշ չափով կայունանալ։ Անոնց համար քաղաքական շարունակականութիւնը աւելի նախընտրելի էր, քան իշխանափոխութիւնը։

Պատկեր 1. «Քաղաքացիական Պայմանագիր»-ի թափի աճը ընտրութիւններէն առաջ
Թէեւ հարցախոյզերուն մէջ արձանագրուած տոկոսները զգալիօրէն աւելի ցած են, քան պաշտօնական ընտրական արդիւնքները, այս տարբերութիւնը մեծ մասամբ կը բացատրուի հաշուարկի տարբեր մեթոտաբանութեամբ։ Հարցախոյզերը իրենց մէջ կը ներառէին նաեւ դեռ որոշում չկայացուցած քաղաքացիները, ընտրութենէն ձեռնպահ մնալու մտադրութիւն ունեցողները, պատասխան տալէ հրաժարողները եւ անվաւեր քուէ տալու պատրաստակամութիւն յայտնածները, մինչդեռ պաշտօնական ընտրական արդիւնքները կը հաշուեն միայն վաւերական քուէները։
Որոշում չառած ընտրողներու թաքուն, բայց վճռորոշ նշանակութիւնը
Հարցախոյզերուն ամենէն կարեւոր բացայայտումներէն մէկը, ոչ թէ առանձին կուսակցութիւններու վարկանիշն էր, այլ՝ անորոշ ընտրողներու բացառիկ մեծ թիւը։
Գարնան հարցախոյզին համաձայն, հարցադրուողներու գրեթէ կէսը տակաւին որեւէ քաղաքական ուժի չէր միացած կամ կը յայտարարէր, թէ կրնայ չմասնակցիլ ընտրութեան, հրաժարիլ պատասխանելէ կամ նոյնիսկ անվաւեր քուէաթերթիկ նետել։
Աւելի կարեւորն այն էր, որ այս անորոշութիւնը երկու հարցախոյզերուն միջեւ գրեթէ չէր նուազած։ Փոխանակ աստիճանաբար վերանալու, ան շարունակեց գոյատեւել մինչեւ ընտրութեան օրը մօտեցող վերջին շրջանը (Աղիւսակ 3)։
Միեւնոյն ժամանակ, թէեւ ընտրութեան չմասնակցելու մասին յայտարարողներու բաժինը որոշ չափով նուազեցաւ, պատասխանելէ հրաժարողներու թիւը աճ արձանագրեց։ Այս երեւոյթը կը վկայէ, որ շատ ընտրողներ քաղաքական առումով զգուշաւոր կը մնային կամ կը նախընտրէին իրենց նախասիրութիւնը չբացայայտել մինչեւ նախընտրական արշաւի վերջին շաբաթները։
Այս տարբերութիւնը վճռորոշ նշանակութիւն ունի։ Ընտրութիւններու ելքը պայմանաւորուած չէր այնքան այն հարցով, թէ ո՛ր քաղաքական ուժը պիտի համոզէր իր հակառակորդին կողմնակիցները փոխելու իրենց ընտրութիւնը, որքան այն հանգամանքով, թէ ո՛ր ուժը պիտի կարենար չորոշուած քաղաքացիները վերածել իրական ընտրողներու։
Այս առումով կը թուի, թէ «Քաղաքացիական Պայմանագիր»-ը աւելի յաջող կերպով իրականացուց այդ փոխակերպումը, օգտուելով թէ՛ իշխանութեան մէջ գտնուելու իր դիրքէն, թէ՛ իր համեմատաբար աւելի վստահելի եւ կազմակերպուած ընտրական յենարանէն։
| Category | Winter | Spring |
| Undecided | 26.5% | 26.9% |
| Refused | 8.5% | 13.8% |
| Declared non-voters | 14.3% | 9.7% |
| Total uncertain/non-voting pool | 53.3% | 55.1% |
Աղիւսակ 3. Ընտրական անորոշութիւնը ընտրութիւններէն առաջ
Ժողովրդագրական բաժանումները քաղաքացիական պայմանագիրին օգտին էին
Հարցախոյզները նաեւ բացայայտեցին ժողովրդագրական այնպիսի օրինաչափութիւններ, որոնք հետեւողականօրէն կը նպաստէին իշխանութեան մէջ գտնուող «Քաղաքացիական Պայմանագիր» կուսակցութեան։ Տարիքը քուէարկութեան վարքագիծը կանխատեսող ամէնէն ազդեցիկ գործօնն էր։ Գարնանային հարցախոյզին մէջ «Քաղաքացիական Պայմանագիր»-ի աջակցութիւնը տարիքին զուգընթաց կայուն կերպով կ՚աճէր՝ հասնելով 60 տարեկան եւ աւելի բարձր տարիքի ընտրողներուն մօտ մէկ երրորդէն աւելիի։ Միւս կողմէ, երիտասարդ ընտրողներուն մօտ աջակցութիւնը զգալիօրէն աւելի ցած էր։ Երիտասարդները նաեւ շատ աւելի կը մնային անվճռական կամ յայտարարելու, թէ չեն մասնակցիր ընտրութիւններուն, ինչ որ սահմանափակեց ընդդիմութեան կարողութիւնը՝ երիտասարդներու համեմատաբար աւելի մեծ համակրանքը վերածելու ընտրական յաղթանակի։
Աշխարհագրական պատկերը նոյնպէս կը հաստատէր այս միտումները։ «Քաղաքացիական Պայմանագիր»-ը ամէնէն տկար դիրքերը ունէր Երեւանի մէջ, սակայն ամենէն ուժեղն էր գիւղական համայնքներուն մէջ, ուր նախընտրական շրջանին աջակցութիւնը կը գերազանցէր 32 տոկոսը։ «Ուժեղ Հայաստան»-ը համեմատաբար աւելի լաւ արդիւնքներ արձանագրեց մայրաքաղաքին մէջ, ինչ որ կը բացատրուէր քաղաքային ընդդիմադիր գործունէութեան աւելի մեծ տեսանելիութեամբ։ Սակայն Հայաստանի խորհրդարանական ընտրութիւնները կը վճռուին ամբողջ երկրի մակարդակով, ոչ միայն Երեւանի մէջ։ Փոքր քաղաքներու եւ գիւղերու մէջ իշխանութեան ունեցած լայն ցանցը «Քաղաքացիական Պայմանագիր»-ին տուաւ կառուցուածքային վճռական առաւելութիւն մը, որ ընդդիմութիւնը չկրցաւ յաղթահարել։
Կրթական մակարդակին առումով պատկերը աւելի բարդ էր։ «Քաղաքացիական Պայմանագիր»-րը ամէնէն բարձր աջակցութիւնը կը ստանար միջնակարգ կամ մասնագիտական կրթութիւն ունեցող ընտրողներէն, մինչ ընդդիմադիր կուսակցութիւնները համեմատաբար աւելի մեծ աջակցութիւն կը վայելէին համալսարանական կրթութիւն ունեցողներու շրջանակին մէջ։ Սակայն բարձրագոյն կրթութիւն ունեցող ընտրողները նաեւ ունէին հարցախոյզերուն պատասխանելէ հրաժարելու ամէնէն բարձր տոկոսը, ինչ որ աւելի շատ կը մատնանշէր քաղաքական զգուշաւորութիւն, քան համախմբուած ընդդիմադիր շարժում։

Պատկեր 2. «Քաղաքացիական Պայմանագիր»-ի Հիմնական Ընտրական Յենարանը
Ինչո՞ւ ընդդիմութիւնը դժուար թէ, յաղթանակ կրնար տանել
Հարցախոյզներուն ամենէն կարեւոր եզրակացութիւններէն մէկը այն էր, որ ընդդիմադիր ոչ մէկ քաղաքական ուժ առանձինն ունէր այն ընտրական ներուժը, որ բաւարարէր «Քաղաքացիական Պայմանագիր»-ը պարտութեան մատնելու համար։ «Ուժեղ Հայաստան»-ը քարոզարշաւի ընթացքին որոշ յառաջընթաց արձանագրեց, սակայն մնաց իշխանութիւնը յաղթահարելու համար անհրաժեշտ մակարդակէն զգալիօրէն ցած։ «Հայաստան Դաշինք»-ը մնաց միանիշ տոկոսներու սահմանին մէջ, իսկ «Բարգաւաճ Հայաստան»-ը կը տատանէր խորհրդարան մուտք գործելու նուազագոյն շեմին շուրջ։ Ընդհանուր առմամբ, ընդդիմադիր ձայները բաժնուած էին բազմաթիւ կուսակցութիւններու միջեւ, եւ անոնցմէ ոչ մէկը կրցաւ կազմել համազգային այնպիսի դաշինք մը, որ կարելի ըլլար համեմատել եւ մրցիլ «Քաղաքացիական Պայմանագիր»-ին հետ։
Նոյնիսկ եթէ վերջին պահուն որոշում կայացնող ընտրողները աւելի մեծ չափով աջակցած ըլլային ընդդիմութեան, ինչպէս որոշ չափով իսկապէս տեղի ունեցաւ, ընդդիմութեան մասնատուածութիւնը լրջօրէն սահմանափակեց հանրային դժգոհութիւնը քաղաքական յաղթանակի վերածելու կարելիութիւնը։ Հարցախոյզները հետեւողականօրէն ցոյց կու տային, որ «Քաղաքացիական Պայմանագիր»-ը կը տիրէր ամէնէն լայն եւ աշխարհագրականօրէն ամէնէն հաւասարաչափ բաշխուած ընտրական յենարանին, մինչ ընդդիմադիր կուսակցութիւնները կը մրցէին հիմնականօրէն նոյն ընտրական խաւերուն համար՝ չկարենալով ընդարձակել ընդդիմադիր ընտրազանգուածը։
Գլխաւոր դասը
Յետադարձ հայեացքով, ընտրութիւններու արդիւնքը աւելի շատ երկարատեւ կառուցուածքային միտումներու արտայայտութիւնն էր, քան քարոզարշաւի ընթացքին յանկարծակի արձանագրուած շրջադարձ մը։ Ձմրան հարցախոյզը արդէն իսկ արձանագրած էր գործող իշխանութեան ունեցած առաւելութիւնը։ Գարնանային հարցախոյզը ցոյց տուաւ «Քաղաքացիական Պայմանագիր»-ի դիրքերու յետագայ ամրապնդումը, կառավարութեան գործունէութեան նկատմամբ աւելի դրական գնահատականները, ինչպէս նաեւ տարեց եւ գիւղական ընտրողներու մէջ պահպանուող ժողովրդագրական առաւելութիւնը։ Թէեւ վերջնական արդիւնքները որոշ չափով ազդուեցան մասնակցութեան մակարդակէն, վերջին պահուն կողմնորոշուած ընտրողներէն եւ քարոզարշաւի ընթացքէն, բոլոր հիմնական ցուցանիշները կը մատնանշէին նոյն եզրակացութիւնը․ առանց ընդդիմութեան աննախադէպ միասնականութեան եւ ընտրողներու լայն համախմբման, «Քաղաքացիական Պայմանագիր»-ը յստակօրէն կը համարուէր իշխանութիւնը պահպանելու գլխաւոր յաւակնողը։ Ընտրութիւններու վերջնական արդիւնքը հիմնականին մէջ հաստատեց այն, ինչ որ տուեալները ամիսներէ ի վեր կը կանխագուշակէին։
Իշխանութեան կողմէ ընդդիմութեան սահմանափակումը
2026 թուականի խորհրդարանական ընտրութիւնները տեղի ունեցան քաղաքական այնպիսի մթնոլորտի մէջ, ուր ընդդիմադիր գործիչներն ու կառոյցները զգալի ճնշումներու ենթակայ էին։ Թէեւ միջազգային դիտորդները եզրակացուցին, որ ընտրողները ընդհանուր առմամբ ազատօրէն կրցան իրենց քուէն տալ, եւ ընտրութեան օրը հիմնական ընթացակարգերը կազմակերպուած էին, անոնք նաեւ արձանագրեցին անհաւասար նախընտրական միջավայր մը, որ կը բնորոշուէր ընդդիմադիր ազդեցիկ դէմքերու դէմ քրէական գործերով, նախնական կալանքներով, իրաւական եւ վարչական ճնշումներով, խորացող քաղաքական բեւեռացմամբ, ինչպէս նաեւ լրատուամիջոցներու անհաւասարակշռուած լուսաբանման եւ համացանցային խարդախութիւններու վերաբերեալ մտահոգութիւններով։
Ամենէն նշանակալի դէպքը գործարար եւ ընդդիմադիր առաջնորդ Սամուէլ Կարապետեանի եւ «Ուժեղ Հայաստան» դաշինքի անդամներուն նկատմամբ իշխանութիւններու ձեռնարկած քայլերն էին։ Կարապետեանի ձերբակալութիւնը, իրեն դէմ ներկայացուած մեղադրանքները եւ երկարատեւ տնային կալանքը զրկեցին զինք ընտրարշաւի վճռորոշ ամիսներուն լիարժէք մասնակցելէ։ Աւելին, ընտրութիւններէն անմիջապէս առաջ «Ուժեղ Հայաստան»-ի վեց թեկնածուներու ձերբակալութիւնը՝ առանց այդ պահուն հրապարակուած յստակ հիմնաւորումներու, լրջօրէն խաթարեց ընդդիմութեան քարոզարշաւը եւ բազմաթիւ համակիրներու մօտ ամրապնդեց այն տպաւորութիւնը, թէ հիմնական ընդդիմադիր ուժին աջակցիլը կրնար անձնական եւ քաղաքական հետեւանքներ ունենալ։
Միջազգային դիտորդական առաքելութիւններն ու մարդու իրաւունքներու կազմակերպութիւնները նաեւ մտահոգութիւն յայտնեցին քաղաքական ընդհանուր միջավայրին վերաբերեալ։ Անոնք մատնանշեցին նախնական կալանքի լայն կիրարկումը, ընդդիմադիր գործիչներու նկատմամբ ընտրովի արդարադատութեան մեղադրանքները, կառավարութեան եւ Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ միջեւ լարուածութիւնը, ցոյցերու ընթացքին ոստիկանութեան վարքագիծը, վերահսկողութեան լիազօրութիւններու ընդարձակումը եւ իշխանութեան օգտին գործող անհաւասար լրատուական դաշտը։ Թէեւ այս երեւոյթները չեն կազմեր ընտրութեան օրը զանգուածային կեղծարարութիւններու ապացոյց, անոնք հաւանաբար ազդեցին ամբողջ քարոզարշաւի ընթացքին՝ սահմանափակելով ընդդիմութեան տեսանելիութիւնը, նուազեցնելով քաղաքական մասնակցութիւնը եւ ամրապնդելով իշխանութեան հիմնական պատգամը, որ շեշտը կը դնէր «կայունութեան» վրայ։
Ընտրութիւններէն ետք նաեւ նոր մեղադրանքներ հրապարակ եկան Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովի որոշ ընտրատեղամասերու վերաբերեալ որոշումներուն եւ «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան՝ խորհրդարանէն շատ նեղ տարբերութեամբ դուրս մնալուն շուրջ։ Շատերու կարծիքով, այս որոշումները ազդեցին խորհրդարանի կազմին վրայ եւ հակասեցին սահմանադրական սկզբունքներուն։
Անհաւասար մրցակցային դաշտ․ պետական միջոցներ եւ արտաքին ազդեցութիւն
Քարոզարշաւէն եւ ընտրական ռազմավարութենէն անկախտ 2026 թուականի խորհրդարանական ընտրութիւնները նաեւ հարցականի տակ դրին քաղաքական միջավայրի չեզոքութիւնը։ Ինչպէս նախորդ ընտրութիւններուն, գործող իշխանութիւնը օգտուեցաւ պետական մեքենան վերահսկելու բնական առաւելութիւններէն։ Վարչական միջոցներու օգտագործումը՝ պետական պաշտօնեաներու տեսանելիութիւնը, պաշտօնական հաղորդակցութիւնները, հաստատութիւններու ազդեցութիւնը եւ իշխանութեան հետ կապուած այլ լծակներ, երկար տարիներէ ի վեր կը նկատուին Հայաստանի ընտրական գործընթացներու կրկնուող խնդիրներ։ Միջազգային դիտորդները, հակառակ ընտրութեան օրը հիմնականին մէջ դրական գնահատելուն, արձանագրեցին նաեւ անհաւասար քարոզչական պայմաններ եւ իշխանութեան ունեցած առաւելութիւնները։
Ընտրութիւնները նաեւ տեղի ունեցան Հայաստանի տեղեկատուական դաշտին մէջ աննախադէպ միջազգային ներգրաւուածութեան պայմաններուն մէջ։ Վերջին տարիներուն Եւրոպական Միութիւնը եւ շարք մը արեւմտեան պետութիւններ ու կազմակերպութիւններ ֆինանսաւորած են նախաձեռնութիւններ, որոնց նպատակն էր ամրապնդել ժողովրդավարական դիմադրողականութիւնը, պայքարիլ ապատեղեկատուութեան դէմ եւ սահմանափակել, յատկապէս, ռուսական ազդեցութիւնը Հայաստանի քաղաքական եւ լրատուական միջավայրին մէջ։ Այս նախաձեռնութիւններու կողմնակիցները կը պնդեն, թէ անոնք կը պաշտպանեն ժողովրդավարական հաստատութիւնները եւ կը բարելաւեն հանրային քննարկումներու որակը։ Սակայն նման ծրագրերը անխուսափելիօրէն ազդեցութիւն կը գործեն երկրի ներքին քաղաքական միջավայրին վրայ եւ կը յառաջացնեն սկզբունքային հարց մը․եթէ արտաքին ազդեցութիւնը խնդրայարոյց է մէկ օտար ուժի պարագային, ինչպէ՞ս պէտք է գնահատուի, երբ նման քաղաքական, ֆինանսական կամ տեղեկատուական աջակցութիւնը կը տրամադրուի այլ արտաքին դերակատարներու կողմէ։
Արտաքին դերակատարներու ազդեցութիւնը չէր սահմանափակուեր միայն ֆինանսաւորումով կամ «ժողովրդավարութեան աջակցութեան» ծրագիրներով։ Միջազգային լրատուամիջոցներու զգալի մասը ընտրութիւնները ներկայացուց որպէս աշխարհաքաղաքական պայքար՝ «արեւմտամէտ բարեփոխիչ» իշխանութեան եւ «ռուսամէտ» ընդդիմութեան միջեւ։ Իշխանութիւնը նոյնպէս իր քարոզարշաւին ընթացքին շարունակաբար կը գործածէր այս ձեւակերպումը՝ ընտրութիւնը ներկայացնելով որպէս «Արեւելքի եւ Արեւմուտքի» միջեւ ընտրութիւն։ Սակայն շատ հայերու համար հիմնական հարցը ոչ թէ գաղափարախօսական կամ քաղաքակրթական էր, այլ Հայաստանի անվտանգութիւնը, ինքնիշխանութիւնը եւ բազմաբեւեռ արտաքին քաղաքականութիւն վարելու կարողութիւնը։ Այս երկբեւեռ ներկայացումը միջազգային մակարդակի վրայ նպաստեց իշխանութեան, քանի որ ընտրութիւնները աւելի շատ ընկալուեցան որպէս աշխարհաքաղաքական կողմնորոշման հանրաքուէ, այլ ոչ թէ կառավարութեան գործունէութեան, ազգային անվտանգութեան, տարածքային ինքնիշխանութեան եւ Հայաստանի երկարաժամկէտ ազգային շահերու գնահատում։
Այս բոլոր հանգամանքները՝ իշխանութեան կառուցուածքային առաւելութիւնները եւ արտաքին դերակատարներու աճող ազդեցութիւնը, բազմաթիւ ընտրողներու մօտ ստեղծեցին այն տպաւորութիւնը, թէ ընտրապայքարը ամբողջովին հաւասար պայմաններու մէջ չէր ընթացած։ Նոյնիսկ առանց ընտրութեան օրը զանգուածային կեղծարարութիւններու ապացոյցներու, այս աւելի լայն քաղաքական իրողութիւնները դարձած են Հայաստանի ժողովրդավարական համակարգի արդարութեան եւ օրինականութեան շուրջ շարունակուող հանրային բանավէճի կարեւոր մասը։
Ինչո՞ւ ընդդիմութիւնը պարտուեցաւ
Ընդդիմութեան պարտութեան որեւէ վերլուծութիւն պէտք է սկսի կարեւոր վերապահումով մը. ընտրութիւնները հազուադէպօրէն կը շահուին կամ կը կորսուին միայն մէկ ռազմավարական սխալի պատճառով։ 2026-ի խորհրդարանական ընտրութիւնները արտացոլեցին ժողովրդագրական կառուցուածքային միտումներու, ընտրողներու ընկալումներու, քարոզարշաւի ռազմավարութեան, իշխանութեան ընձեռած առաւելութիւններու եւ ընդհանուր քաղաքական միջավայրի համադրութիւնը։ Այնուամենայնիւ, բոլոր եզրակացութիւններուն մէջ ամէնէն նշանակալիցը հետեւեալն է. հակառակ անոր որ ընդդիմութիւնը ընտրութիւնը ներկայացուց որպէս Հայաստանի գոյութենական ճակատագիր որոշող պահ մը, ան չկազմակերպուեցաւ այնպիսի կերպով, որ համապատասխանէր ազգային իշխանութիւնը նուաճելու նպատակին։
Ամենէն լուրջ ռազմավարական ձախողութիւնը մէկ միասնական եւ վստահելի ազգային այլընտրանք ստեղծելու անկարողութիւնն էր կամ չկամութիւնը՝ ընդդէմ «Քաղաքացիական Պայմանագիր»-ի։ Ընտրողներուն առջեւ մէկ միասնական կառավարող դաշինք ներկայացնելու փոխարէն, ընդդիմութիւնը ընտրապայքարին մասնակցեցաւ քանի մը դաշինքներով։ MindGauge-ի ձմեռային եւ գարնանային հարցախոյզերը ցոյց տուին, թէ ընդդիմադիր առանձին որեւէ ուժ ինքնուրոյն կերպով չունէր բաւարար ընտրական աջակցութիւն՝ «Քաղաքացիական Պայմանագիր»-ը յաղթահարելու համար։ Հարցախոյզերը հետեւողականօրէն կը կանխատեսէին, որ Ռոպերթ Քոչարեանի գլխաւորած «Հայաստան» դաշինքին աջակցութիւնը մօտաւորապէս կը համապատասխանէր նախորդ երկու խորհրդարանական ընտրութիւններուն արձանագրուած մակարդակին, մինչ «Ուժեղ Հայաստան» դաշինքը միայն ընտրութենէն քանի մը ամիս առաջ դարձաւ գլխաւոր մարտահրաւէրը։ Սակայն, ամբողջ ընդդիմութիւնը մէկ ընտրական հարթակի շուրջ համախմբելու փոխարէն, տարբեր ուժերը մրցեցան նոյն դժգոհ ընտրողներուն ձայներուն համար։
Այս ռազմավարական խնդրի ամէնէն յստակ օրինակը Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Հայաստանի Գերագոյն Մարմնի շարունակական մասնակցութիւնն էր «Հայաստան» դաշինքին։ 2021-էն ի վեր այդ դաշինքը բազմիցս ցուցաբերած էր համեմատաբար կայուն ընտրականպատկեր՝ յաջորդական համապետական ընտրութիւններուն ստանալով մօտաւորապէս 8-12 տոկոս ձայն։ Անկախ անկէ, թէ այս երեւոյթը կը բացատրուէր նախկին իշխանութիւններուն նկատմամբ հանրային վերաբերմունքով, սահմանափակ ընտրազանգուածով կամ քաղաքական այլ հանգամանքներով, փաստացի տուեալները քիչ հիմք կու տային կարծելու, թէ այդ դաշինքը առանձին կրնար ազգային մակարդակի վրայ յաղթանակ ապահովել։ Սակայն, այն գրեթէ անփոփոխ մտաւ այնպիսի ընտրութեան մը, որուն ընդդիմադիր ղեկավարները բազմիցս տուած էին Հայաստանի անկախութենէն ի վեր ամենէն վճռորոշ ընտրութեան բնորոշումը։ Ռազմավարական տեսանկիւնէ բնական հարց կը ծագի. արդեօք բազմիցս անհաջողութեան մատնուած նոյն դաշինքը պահելը լաւագոյն ճանապարհն էր, երբ յայտարարուած նպատակը գործող իշխանութիւնը փոխարինելն էր։
Նոյնքան կարեւոր էր նաեւ այն, որ ընդդիմութիւնը չկարողացաւ ընտրողներուն ներկայացնել միասնական կառավարող այլընտրանք։ Քարոզարշաւին հիմնական մասը կեդրոնացած էր վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի գործունէութեան քննադատութեան վրայ, յատկապէս Արցախի, ազգային անվտանգութեան եւ տարածքային զիջումներու հարցերով։ Այս քննադատութիւնները արձագանգ գտան բազմաթիւ հայերու մօտ։ Սակայն ընտրութիւնները կը վճռուին ոչ միայն գործող իշխանութենէն դժգոհութեամբ, այլ նաեւ այլընտրանքին նկատմամբ վստահութեամբ։ Թուեցաւ, թէ շատ անորոշ ընտրողներ համոզուած չէին, որ ընդդիմութիւնը լուծած է առաջնորդութեան, պետական կառավարման, տնտեսական քաղաքականութեան, արտաքին յարաբերութիւններուն եւ ընտրութենէն ետք կայունութիւն ապահովելու հիմնարար հարցերը։ Երբ ընտրողներուն առջեւ կային քանի մը ընդդիմադիր ուժեր, որոնք նոյն քննադատութիւնները կը կրկնէին, բայց չունէին միասնական կառավարական ծրագիր, շատեր եզրակացուցին, որ անորոշութիւնը աւելի ծանրակշիռ էր, քան քաղաքական փոփոխութեան ցանկութիւնը։
Ընտրութիւնները նաեւ գործնականօրէն ցոյց տուին մասնատուածութեան արժէքը։ Նոյնիսկ երեք հիմնական ընդդիմադիր ուժերուն ձայները միացնելով՝ անոնք ստացան 543,276 ձայն, այսինքն՝ ընտրելու իրաւունք ունեցող քաղաքացիներուն շուրջ 21.7 տոկոսը, մինչ «Քաղաքացիական Պայմանագիր»-ը ստացաւ 726,819 ձայն՝ ընտրազանգուածին 29.3 տոկոսը։ Այդ տարբերութիւնը փակելու համար անհրաժեշտ պիտի ըլլար լրացուցիչ 183,543 ձայն, այսինքն՝ ամբողջ ընտրազանգուածին 7 տոկոսէն աւելին։ Այսպիսի տեղաշարժ դժուար, թէ հնարաւոր ըլլար առանց լայն ընդդիմադիր միասնութեան, համակարգուած ընտրական շարժման եւ համազգային համոզիչ քարոզարշաւի, որ պիտի գերազանցէր առանձին կուսակցութիւններու աւանդական ընտրազանգուածները։
Յատկանշական է, որ ընտրութենէն ետք նոյն եզրակացութիւնը հրապարակաւ արտայայտեց նաեւ «Ուժեղ Հայաստան» դաշինքի ղեկավար Սամուէլ Կարապետեանը՝ ընդունելով, թէ ընդդիմութեան միասնականութեան բացակայութիւնը պարտութեան հիմնական պատճառերէն մէկն էր։ Անոր դիտարկումը վերահաստատեց այն, ինչ սփիւռքի մէջ շատեր կը շեշտէին ամբողջ քարոզարշաւի ընթացքին. ամրացած իշխանութիւնը յաղթահարելու համար անհրաժեշտ էր դաշինք մը, որ հիմնուած ըլլար ընտրական թուաբանութեան, այլ ոչ թէ պատմական հաւատարմութիւններու կամ գաղափարական նախասիրութիւններու վրայ։
Այս բոլորը, սակայն, չեն նուազեցներ ընտրութիւններուն վրայ ազդած միւս գործօններու կարեւորութիւնը։ Գործող իշխանութիւնը օգտուեցաւ պաշտօնի ընձեռած առաւելութիւններէն, աւելի բարենպաստ տեղեկատուական միջավայրէն, քարոզարշաւը խաղաղութեան եւ կայունութեան շուրջ ձեւաւորելու հնարաւորութենէն, արտաքին զգալի աջակցութենէ ու միջոցներէ, ինչպէս նաեւ իրարու դէմ մրցող մասնատուած ընդդիմութենէն։ Անհաւասար քարոզարշաւային պայմաններու, վարչական լծակներու օգտագործման, ընդդիմադիր ազդեցիկ դէմքերու նկատմամբ քրեական հետապնդումներու եւ այլ քաղաքական ճնշումներու վերաբերող մտահոգութիւնները նոյնպէս ազդեցութիւն ունեցան ընտրական միջավայրին վրայ։ Սակայն, նոյնիսկ եթէ այս բոլոր դժուարութիւնները ընդունինք, ընդդիմութիւնը ամիսներ առաջ իսկ կանգնած էր ակնյայտ ռազմավարական իրականութեան դիմաց. ան մտաւ «յաղթողը ամէն ինչ կը ստանայ» տրամաբանութեամբ ընթացող մրցակցութեան մը մէջ՝ առանց նախապէս ստեղծելու յաղթանակի համար անհրաժեշտ լայն ու միասնական ազգային շարժումը։
Եթէ, ինչպէս ընդդիմադիր բազմաթիւ ղեկավարներ կը պնդէին, 2026-ի ընտրութիւնը վճռորոշ պահ էր Հայաստանի ապագային համար, ապա ռազմավարական որոշումները պէտք էր արտացոլէին այդ գնահատականը։ Փոխարէնը, տարիներով կուտակուած քաղաքական մրցակցութիւնները, կազմակերպական հաւատարմութիւնները, փոխադարձ անվստահութիւնն ու կուսակցական շահերը արգիլեցին այնպիսի միասնական ազգային դաշինքի ձեւաւորումը, որ կրնար ընտրողներուն ներկայացնել մէկ յստակ կառավարող այլընտրանք։ Արդեօք այս հնարաւորութիւնը կարելի պիտի ըլլայ վերաստեղծել յաջորդ խորհրդարանական ընտրութենէն առաջ, դեռ անորոշ է։ Սակայն մէկ բան յստակ է. այն ռազմավարութիւններուն կրկնութիւնը, որոնք հետեւողականօրէն պարտութիւն բերած են, դժուար թէ տարբեր արդիւնք տայ։ Հայաստանի անվտանգութեամբ, ինքնիշխանութեամբ եւ երկարաժամկէտ ազգային ուղիով մտահոգ բազմաթիւ հայերու համար, այս դասը կրնայ դառնալ 2026-ի ընտրութիւններուն ամէնէն կարեւոր ժառանգութիւններէն մէկը։
Ո՞ւր պէտք է ուղղուի ընդդիմութիւնը ասկէ ետք
Եթէ 2026-ի խորհրդարանական ընտրութիւնը մէկ գլխաւոր դաս կը փոխանցէ, ապա այն է, որ գործող իշխանութեան նկատմամբ ընդդիմանալը, որքան ալ հիմնաւոր կամ անկեղծ ըլլայ, ինքնին ընտրական ռազմավարութիւն չէ։ Հայաստանի յաջորդ ընտրութիւնը պիտի չշահուի աւելի բազմամարդ հանրահաւաքներով, աւելի սուր հռետորաբանութեամբ կամ կառավարութեան գործունէութեան աւելի կոշտ քննադատութեամբ։ Ան պիտի շահուի միայն այն պարագային, երբ ընդդիմութիւնը արմատապէս վերանայի ազգային իշխանութեան համար իր մրցակցութեան ձեւը։
Առաջին հերթին, ընդդիմութիւնը պէտք է ընդունի, որ ընտրական թուաբանութիւնը կարելի չէ անտեսել։ Ձմեռնային եւ գարնանային հարցախոյզերը, ինչպէս նաեւ վերջնական արդիւնքները, ցոյց տուին, թէ այսօր ոչ մէկ ընդդիմադիր կուսակցութիւն առանձին ունի համազգային այնպիսի աջակցութիւն, որ բաւարար ըլլայ պարտութեան մատնել «Քաղաքացիական Պայմանագիր»-ը։ Նոյն ընտրազանգուածը բաժնող նոր դաշինքներ կազմելը հազիւ թէ տարբեր արդիւնք ապահովէ։ Եթէ նպատակը իշխանափոխութիւնն է, ապա ընդդիմադիր ուժերը պէտք է տարիներ առաջ սկսին աշխատիլ լայն ազգային դաշինք մը կերտելու ուղղութեամբ՝ հիմնուած ընդհանուր ռազմավարական նպատակներու վրայ, այլ ոչ թէ պատմական հաւատարմութիւններու կամ կազմակերպական շահերու։
Երկրորդ, այդ դաշինքը պէտք է ընտրողներուն ներկայացնէ վստահելի ղեկավարութիւն մը, որ պատրաստ է կառավարելու ընտրութենէն անմիջապէս ետք։ Հայաստանը կարիք ունի յարգուած պետական ծառայողներու, անվտանգութեան մասնագէտներու, տնտեսագէտներու, իրաւաբաններու, արհեստագիտական փորձագէտներու, կրթական գործիչներու եւ երիտասարդ քաղաքական առաջնորդներու, որոնք կը դիտուին ոչ միայն որպէս գործող իշխանութեան քննադատներ, այլ որպէս հայկական պետութեան կարող ղեկավարներ։ Ընտրութիւնը պէտք չէ վերածուի անցեալի քաղաքական դէմքերու կամ պատմական վիրաւորանքներու շուրջ հանրաքուէի։ Ան պէտք է դառնայ մրցակցութիւն այն հարցին շուրջ, թէ ո՛վ աւելի պատրաստ է ղեկավարելու Հայաստանը այս վտանգաւոր տարածաշրջանային պայմաններուն մէջ։
Երրորդ, ընդդիմութիւնը պէտք է անցնի զուտ արձագանգային քաղաքականութենէն դէպի նախաձեռնողական քաղաքականութիւն։ Յաջող քարոզարշաւ մը չի կրնար կառուցուիլ միայն այն բանին շուրջ, թէ ինչի դէմ է։ Ան պէտք է համոզէ քաղաքացիները, թէ ի՛նչ Հայաստան կը մտադրէ կառուցել։ Ասոր համար անհրաժեշտ է համապարփակ, Հայաստանակեդրոն ազգային ծրագիր մը, որ կ՛անդրադառնայ անվտանգութեան, տնտեսական զարգացման, ժողովրդագրական դիմադրողականութեան, կրթութեան, արհեստագիտական նորարարութեան, դատական բարեփոխումներուն, ուժանիւթի անվտանգութեան եւ արտաքին քաղաքականութեան։ Այդ ծրագիրը պէտք է մերժէ կեղծ աշխարհաքաղաքական երկընտրանքները եւ առաջ քաշէ ուսմունք մը, որ հիմնուած է Հայաստանի ինքնիշխանութեան, բազմազան ռազմավարական գործընկերութիւններու, զինուած ուժերու վերականգնման եւ հայկական պետութեան երկարաժամկէտ հզօրացման վրայ։ Ամէն առաջարկուած քաղաքականութիւն ի վերջոյ պէտք է պատասխանէ մէկ հարցի. «Արդեօք ասիկա կը զօրացնէ՞ Հայաստանը»։
Վերջապէս, ընդդիմութիւնը պէտք է ներդրում կատարէ ժամանակակից ընտրական պայքարի կազմակերպական հիմքերուն մէջ։ Տուեալներու վրայ հիմնուած ընտրողներու քարտէսագրումը, տեղամասային կազմակերպումը, շարունակական ժողովրդային աշխատանքը, արհեստավարժ հաղորդակցութիւնը, թուային քարոզչութիւնն ու լայնածաւալ ընտրողներու մասնակցութեան ծրագիրը չեն կրնար ստեղծուիլ քարոզարշաւի վերջին շաբաթներուն։ Անոնք պէտք է զարգացուին ամբողջ ընտրական շրջանին ընթացքին։ Նոյնքան կարեւոր է, որ ուղերձները սահմանափակուած չըլլան միայն աւանդական համակիրներով, այլ հասնին անորոշ ընտրողներուն, երիտասարդներուն, գիւղական բնակչութեան եւ այն քաղաքացիներուն, որոնց գլխաւոր մտահոգութիւնները տնտեսական հնարաւորութիւնները, անվտանգութիւնը, առողջապահութիւնն ու իրենց ընտանիքներուն ապագան են։ Ընտրութիւն շահելու համար բաւարար չէ միայն խանդավառել ներկայ համակիրները. անհրաժեշտ է նաեւ համոզել դեռեւս անվճռական քաղաքացիները։
Այսպիսով, 2026-ի ընտրութիւնը պէտք է դիտուի ոչ միայն որպէս ընդդիմութեան հերթական պարտութիւն, այլ որպէս ծանր ռազմավարական ձախողութիւն եւ լուրջ նախազգուշացում։ Եթէ Հայաստանի համար այլ ապագայ տեսնող ուժերը շարունակեն գործել առանձին շարժումներու տեսքով՝ հետապնդելով զուգահեռ նպատակներ, արդիւնքը դժուար թէ փոխուի։ Այս դիտարկումը յատկապէս կը վերաբերի Հայաստանի մէջ գործող Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան, որ իր 135-ամեայ նուիրեալ ծառայութեամբ առանցքային դեր ունեցած է հայ ժողովուրդի ազգային գոյատեւման եւ պետականութեան պահպանման մէջ։
Իսկ եթէ ընդդիմութիւնը կարենայ համախմբուիլ մէկ ազգային տեսլականի շուրջ, ներգրաւել նոր սերունդի կարող առաջնորդներ, ներկայացնել իրատեսական կառավարական ծրագիր եւ ստեղծել կարգապահ ու արդիւնաւէտ ընտրական կառոյց մը, որ ի վիճակի է ամբողջ երկրի տարածքին շարժելու ընտրողներուն, ապա յաջորդ ընտրութիւնը կրնայ արմատապէս տարբեր քաղաքական պատկեր ստեղծել։ Հայաստանի ապագան, ի վերջոյ, կրնայ կախեալ ըլլալ ոչ միայն իշխանութեան մէջ գտնուողներու որոշումներէն, այլ նաեւ այն բանէն, թէ արդեօք ընդդիմութիւնը կը սորվի՞ այն դասերը, որոնք 2026-ի ընտրութիւնը այլեւս անկարելի դարձուց անտեսելը։

