Հ.Մ.Ը.Մ.-Ի ԱՌԱՋԻՆ ՆԱՒԱՊՏՈՅՏԸ ՊՍԱԿՈՒԵՑԱՒ ՄԵԾ ՅԱՋՈՂՈՒԹԵԱՄԲ

Հ.Մ.Ը.Մ.-ի եւրոպական առաջին նաւապտոյտը, Դանուբ գետին վրայ, այսօր իր աւարտին հասաւ «Անապելլա» նաւուն Պուտափեսթ ժամանումով։
Արդարեւ, Երկուշաբթի, 13 Յուլիսին, Գերմանիոյ Վիլշոֆըն քաղաքէն ճամբայ ելած նաւը, Գերմանիոյ, Աւստրիոյ եւ Սլովաքիոյ վեց քաղաքները շրջելէ ետք, Կիրակի, 20 Յուլիսին, իր վերջին կանգառը դարձուց Հունգարիոյ մայրաքաղաքը։
Անցնող մէկ շաբթուան ընթացքին, նաւապտոյտը 130 մասնակիցներուն գեղեցիկ առիթը ընծայեց, ընկերային հաճելի մթնոլորտի մէջ, ծանօթանալու քաղաքակրթական մեծ արժէքով, շքեղ ճարտարապետութեամբ, պատմութիւնն ու արդիականութիւնը իրարու միաձուլող եւրոպական դարաւոր քաղաքներ։ Աւստիրոյ մայրաքաղաք Վիեննայի մէջ, նաւապտոյտի մասնակիցները յիշատակելի այցելութիւն մը տուին Մխիթարեան միաբանութեան կեդրոն եւ ծանօթացան եկեղեցական-մշակութային ու ազգային անոր մեծ աւանդին։
Նաւապտոյտի մասնակիցներուն երեկոները խանդավառեցին հանրածանօթ արուեստագէտներ Գեւ Օրգեան, Յակոբ Մկրտիչեան եւ Տի.Ճէյ. Արամ։

