Գլխաւոր

«Հայաստան» Դաշինքի Ամփոփիչ Հանրահաւաքը՝ Երեւանի Մէջ

Երեւան․- Կիրակի, Մայիս 31-ին, «Հայաստան» դաշինքի ներկայացուցիչներն ու համակիրները Արամ Մանուկեանի արձանին, Սուրբ Աննա եկեղեցւոյ եւ Մատենադարանի յարակից տարածքներէն մեկնարկած երթերով ուղղուեցան դէպի «Ազատութիւն» հրապարակ, ուր սկսաւ դաշինքի ամփոփիչ հանրահաւաքը։

Խօսք առին Հ․Յ․Դ․ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան, հասարակական գործիչ Արսինէ Մինասեան, «Առաջ» կուսակցութեան նախագահ Սեւակ Խաչատրեան, «Հայաստան» դաշինքի անդամներ Արծուիկ Մինասեան, Քրիստինէ Վարդանեան, Աննա Գրիգորեան, ինչպէս նաեւ դաշինքի առաջնորդը՝ Հայաստանի Հանրապետութեան երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեան։

Իր ելոյթին մէջ Իշխան Սաղաթէլեան շեշտեց, որ պայքարը իշխանութիւն ձեռք բերելու համար չէ, այլ հայրենիքի, պետականութեան եւ ազգային ինքնութեան պահպանման համար։ Ան յայտարարեց.- «Ձեր պայքարը ոչ թէ մեզ իշխանութեան բերելու համար է, այլ ձեր պայքարով դուք ձեր հայրենիքին, ձեր պետականութեան եւ ձեր ինքնութեան կողքին կը կանգնիք։ Ուղիղ մէկ շաբաթ ետք հայ ժողովուրդը պիտի որոշէ իր ճակատագիրը։ Հայ մարդուն եւ մեր պետականութեան ճակատագիրը չի որոշուիր ո՛չ Մոսկուայի, ո՛չ Ուաշինկթընի, ո՛չ Պրիւքսէլի եւ ո՛չ ալ այլ մայրաքաղաքի մէջ. ան կը որոշուի Հայաստանի մէջ։ Մենք ենք մեր ճակատագրին տէրը։ Յունիս 7-ը պարզապէս քուէարկութեան օր չէ, այլ իշխանափոխութեան օր է, Նիկոլ Փաշինեանը իշխանութենէն հեռացնելու օր»։

Հանրահաւաքի ընթացքին ցուցադրուեցաւ կարճ տեսանիւթ մը, որ ներկայացուց «Հայաստան» դաշինքի եւ անոր հետ համագործակցող քաղաքական ուժերու պայքարի անցած ճանապարհը։

Ելոյթ ունեցող դաշինքի անդամները կարեւոր նկատեցին քաղաքացիներու աշխուժ մասնակցութիւնը ընտրութիւններուն՝ ընդգծելով, որ երկիրը կանգնած է վճռորոշ ընտրութեան առջեւ, եւ ներկայ պայքարը առաջին հերթին ազգային ինքնութեան ու պետականութեան պահպանման պայքար է։

Advertisement Subscribe Today

Իր եզրափակիչ խօսքին մէջ Ռոպերթ Քոչարեան մասնաւորապէս ըսաւ.- «Մեր յետագայ քայլերու բանաձեւը շատ պարզ է. Նիկոլ Փաշինեանը այլեւս պաշտօնին վրայ չըլլալու պարագային, Հայաստանի առջեւ կանգնած խնդիրները լուծելի են։ Չկայ Նիկոլը՝ չկայ ճգնաժամ, չկայ աղքատութիւն, չկայ պատերազմ, չկայ ազգային նուաստացում, չկայ 300 հազար ատրպէյճանցիներու վերադարձի հարցը։ Բոլոր առկայ խնդիրները լուծելի են։ Ես գիտեմ, թէ ինչպէս կարելի է այդ ընել, եւ մենք պիտի ընենք։ Մենք ունինք արդիւնաւէտ կառավարման հարուստ փորձ։ Յունիս 7-ին ժողովուրդը պէտք է երթայ ընտրութեան եւ ընտրէ Հայաստանը, փորձառութիւնն ու պատասխանատուութիւնը»։

Հանրահաւաքի աւարտէն ետք մեկնարկեց պայքարի երթ մը Երեւանի կեդրոնական փողոցներուն շուրջ։

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button