Լրահոս

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ ՆՇՈՒԵՑԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱՌԱՋԻՆ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ԱՆՈՒԱՆԱԿՈՉՈՒԹԵԱՆ ՏՕՆԵՐԸ

 

Կիրակի, 31 Մայիսին, հանդիսապետութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Կաթողիկոսին, Անթիլիասի Մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ նշուեցան Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան անկախութեան եւ Վեհափառ Հայրապետին անուանակոչութեան տօները։

Սուրբ եւ Անմահ Պատարագը մատուցեց եւ յաւուր պատշաճի քարոզեց Կաթողիկոսարանի Տեղեկատուական բաժանմունքի վարիչ Հոգեշնորհ Տ. Յովակիմ Վրդ. Բանճարճեան։

Հաւատացեալներուն կողքին ներկայ էր Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար դոկտ. Նորա Պայրագտարեան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան անդամներ եւ կուսակցութիւններու ու միութիւններու պատասխանատուներ ու ներկայացուցիչներ։

Յընթացս Սուրբ Պատարագին, Վեհափառ Հայրապետին առաջնորդութեամբ, միաբան հայրեր խորան բարձրացան եւ աղօթքներու արտասանութեամբ, աւետարանական ընթերցանութեամբ եւ շարականներու երգեցողութեամբ կատարեցին Գոհաբանական Մաղթանքի արարողութիւնը։ Ապա, Նորին Սրբութիւնը օրհնելով եռագոյն դրօշը՝ հայցեց Ամենակալէն. «Օրհնէ, ո՜վ Տէր, մեր Հայրենի երկիրը, ուր երանութեան դրախտը հաստատեցիր աշխարհի ստեղծագործութեան ժամանակ: Դարերու ընթացքին անողոք թշնամին աւերակի վերածեց զայն, բայց այժմ Քու ողորմութեամբդ եւ շնորհքի առատութեամբդ առաւել ծաղկեցուցիր զայն: Լսէ՛ ծառաներուդ աղաչանքները եւ անսասան պահէ՛ Քու ողորմութեամբ վերականգնած Հայաստանի իշխանութեան գահը՝ մեր ազգին Հանրապետութիւնը»։

Advertisement Subscribe Today

Յիշեալ արարողութենէն ետք, պատարագիչ հայր սուրբը հաւատացեալներուն յղեց յաւուր պատշաճի քարոզը։ Հայր Յովակիմ անկախութեան տօնը որակեց հայ կեանքի ամէնէն նուիրական տօնը։ «Այսօր մենք պատմական թուական մը չէ որ կը նշենք։ Մենք կը տօնենք ազգի մը՝ մեր հա՛յ ազգին տոկունութիւնը, հզօրութիւնը, անկոտրուն կամքի ամրութիւնը. մենք կը նշենք տօ՛նը մեր ազգին, որ չուզեց իր հոգին կորսնցնել, իր անկախութիւնը ոտնակոխ դարձնել եւ իր արժանապատուութիւնը ուրիշներու քմահաճոյքին ձգել», ըսաւ ան։ Մանրամասնելով՝ հայր սուրբը դիտել տուաւ, որ 28 Մայիս 1918-ն յաղթանակի օրէ անդին հայութեան յարութեան թուականն է։

Վերջապէս, ան անդրադարձաւ նշեալ տօնին կրկնակի ուրախութեան տօն ըլլալուն, որովհետեւ նաեւ կը նշենք Արամ Ա. Սրբազնագոյն Կաթողիկոսին անուանակոչութիւնը։

Յաւարտ Սուրբ Պատարագին, «Ուրախ Լեր» շարականի երգեցողութեամբ, հայրապետական թափօրը ուղղուեցաւ վեհարանի դահլիճ, ուր տեղի ունեցաւ գեղարուեստական յայտագիր՝ Դպրեվանքի աշակերտներուն կազմակերպութեամբ։ Մայրավանքի կիրակնօրեայի աշակերտները դահլիճը զարդարած էին իրենց ձեռքին բռնած Եռագոյն եւ Արցախի դրօշներով, Հայկական աշխարհի պատմական սրբավայրերու նկարներով եւ Հայրապետին նկարներով։

Հոգշ. Տ. Մովսէս Աբղ. Եօսուլքանեան ուղերձ ընթերցեց յանուն Միաբանութեան։ Ան ուրախութիւն արտայայտեց ի տես երրակի տօնին՝ Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան անկախութեան տօնախմբութեան, Եռագոյն դրօշի օրհնութեան եւ Հայրապետին անուանակոչութեան՝ մաղթելով, որ ազգային խիզախութիւնը խօսքէն ու երգէն անդէն երթայ, իսկ հայկական Սփիւռքի գաղութները, որոնց տէրն է Կիլիկիոյ Հայրապետը, կրկին հզօրանան իրենց տեղական եւ ազգային ինքնութեամբ:

«Մեր Հայրապետին քահանայական օծման տարեդարձին եւ Արամ անունը կոչուելու այս տօնակատարութեան նայի՛նք մեր հօրն ու եպիսկոպոսապետին եւ անկէ ուսանինք մեծագործել՝ որպէս մեր Կիլիկիոյ իշխանները, որովհետեւ նշոյլ առ նշոյլ յաղթութիւնը կը կերտենք փոքրիկէն դէպի մեծին, ըստ Մովսիսի Խորենացւոյն: Հոս կ’ուղղուիմ մեր Րաբունապետին այս նահապետական տօնին ըսելով՝ միայն անձնական ինքնութիւն մը չէ Արամ կաթողիկոսը՝ ան պատմութիւն է, առաքելութիւն է եւ հոգեւոր ժառանգութիւն մը, որ քառորդ դարէ աւելի կը քալէ հայ ժողովուրդին հետ», նշեց ան։

Վեհափառը պատգամը սկսաւ՝ արտասանելով Պարոյր Սեւակի «Սարդարապատ»ի վերջին տունը՝ դիտել տալով, որ յաճախակի առիթներով իր հրապարակային խօսքերուն ընթացքին կը յիշէ այն տողերը, որպէսզի ժողովուրդը հրաւիրէ իր ոգու պարտքը տալու՝ մանաւանդ, երբ Հայրենիքը, ազգը եւ եկեղեցին կը դիմագրաւեն տագնապներ, եւ ընդգծեց, որ հայ ըլլալ կը նշանակէ «ոգու պարտքը տալ»։

Նորին Սրբութիւնը նշեց, որ Գոհաբանական Մաղթանքի ընթացքին աղօթք կատարեցինք Հայրենիքի անկախութեան ամրութեան համար, իսկ անկախութիւնը ամուր պահողը պիտի ըլլայ ժողովուրդը։ «Հայրենիքը ժողովուրդն է հող ըլլալէ առաջ եւ վեր։ Պետութիւնը, Հանրապետութիւնը ժողովուրդն է։ Աստուծոյ օրհնութեամբ՝ ժողովուրդն է, որ կը ստեղծէ, կը կերտէ, կ՚ամրացնէ եւ կ՚ամրապնդէ, կը յաւերժացնէ եւ կը հզօրացնէ հայրենիքը», ըսաւ ան՝ աւելցնելով, որ Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութիւնը մեր ժողովուրդին համար նուիրական եւ սրբազան արժէք եղած է դարերու ընթացքին։

Շարունակելով պատգամը՝ Նորին Սուրբ Օծութիւնը յիշեցուց, որ Եռագոյն դրօշին մէջ ներկայութիւն են մեր հայրապետներուն եւ սուրբերուն աղօթքները, մեր նահատակներուն արիւնը եւ հերոսներու սրբազան պայքարը։ «Այո՛, խորհրդանիշ է սրբազան եռագոյնը եւ զայն պէտք է պահել անաղարտ։ Երբ Եռագոյնը հալածուեցաւ եւ անտեսուեցաւ ու արգիլուեցաւ Հայաստանի մէջ, Սփիւռքի մէջ Ա՛յս Աթոռի գլխաւորութեամբ, մենք մեր Եռագոյնը պահեցինք անաղարտ՝ հաւատարիմ Եռագոյնի խորհրդանիշին, անկէ բխող անկախութեան նուիրական պատգամին։ Այսօր Հայաստանի մեր ժողովուրդին նուիրական պարտքն է Եռագոյնը պահել ամուր իր արժէքով, խորհրդանիշով եւ պատգամով», յորդորեց Վեհափառը։

Ան վերահաստատեց, որ այսօր, որեւէ ժամանակէ աւելի, յատկապէս Հայաստանի մէջ, Հայ եկեղեցին կոչուած է բարձրագոյն աստիճանի նուիրուածութեան, նախանձախնդրութեան եւ իր կոչումին հաւատարմութեան՝ ամուր պահելու մեր ազգին ու հայրենիքին սրբազան արժէքները եւ խորհրդանիշները, կողմերու միջեւ կամուրջ դառնալու եւ ազգը համախմբելու հայրենիքի անկախութեան եւ գերագոյն արժէքներու շուրջ։ Այս ծիրին մէջ, ան ահազանգ բարձրացուց, որ ճակատագրական օրերու մէջ կը գտնուի հայ ազգը եւ ամպամած է անոր երկնակամարը։ Պատմութիւնը մեզի ցոյց կու տայ, թէ մեր ժողովուրդի ամէնէն տագնապալից օրերուն, Եկեղեցին առաջնորդի դեր կատարած է եւ պատգամած է մեր ժողովուրդին մեր նուիրական արժէքներուն մասին։ Ցոյց տալով դահլիճին փոքրիկները, Հայրապետը ըսաւ, որ անոնց ձեռքին մէջ կը տեսնենք Եռագոյնը, Արցախի դրօշը եւ մեր ազգին եւ եկեղեցւոյ այլ արժէքներ եւ այդ դաստիարակիչ երեւոյթ է։

«Այնպէս ալ, մեր ժողովուրդի բոլոր զաւակները, Հայաստանէն սկսեալ սփիւռս աշխարհի, պարտին մնալ Հայրենիքի անկախութեան, եկեղեցւոյ կոչումին եւ դերակատարութեան եւ այն բոլոր արժէքներուն, խորհրդանիշներուն եւ աւանդութիւններուն, որոնք իւրաքանչիւր հայու եւ հաւաքական հայութեան մէջ ամուր կը պահեն հայկական մեր ինքնութիւնը։ Ահաւասիկ պատգամը Մայիս 28-ին եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան, որ միշտ եղած է հաւատարիմ մեր ազգի անկախութեան, Եռագոյն դրօշին եւ մեր եկեղեցւոյ սրբազան առաքելութեան», ըսելով Հայրապետը եզրափակեց իր պատգամը։

Յայտագիրը եզրափակուեցաւ «Կիլիկիա» օրհներգի եւ Հայրապետական Մաղթերգի երգեցողութեամբ։

 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button