ԼԵՒՈՆ ԺԴ. ՊԱՊԻՆ ՈՂՋԵՐԹԻ ԽՕՍՔԸ ԱՐԱՄ Ա. ՍՐԲԱԶԱՆ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ

Չորեքշաբթի, 20 Մայիսին, Վատիկան կատարած իր պաշտօնական այցելութեան աւարտին, ընկերակցութեամբ իր պատուիրակութեան անդամներուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Հայրապետը ներկայ գտնուեցաւ Ն.Ս. Լեւոն ԺԴ. Պապին ժողովուրդին հետ ունեցած շաբաթական հանդիպումին: Վատիկանի կարեւոր աւանդութիւններէն մէկը նկատուող յիշեալ հանդիպումներուն ներկայ կ՚ըլլան աշխարհի բոլոր շրջաններէն Վատիկան ժամանած հազարաւոր ուխտաւորներ:
Սուրբ Պետրոսի պատմական հրապարակին վրայ հազարաւոր ուխտաւորներու ներկայցութեան տեղի ունեցած արարողութեան սկիզբը, Լեւոն ԺԴ. Պապը Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ներկայացուց ժողովուրդին: Ան իր խօսքին մէջ ըսաւ. «Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր, շատ ուրախ եմ բարի գալուստ մաղթելու Նորին Սրբութիւն Արամ Ա. Կաթողիկոսին եւ իրեն ընկերացող պատուարժան պատուիրակութեան։ Այս եղբայրական այցը կը ներկայացնէ կարեւոր առիթ մը՝ ամրապնդելու համար միութեան կապերը, որոնք արդեն գոյութիւն ունին մեր միջեւ, մինչ կը մօտենանք մեր եկեղեցիներու լիակատար միութեան: Ձերդ Սրբութի՛ւն, այս օրերուն, երբ կը պատրաստուինք տօնելու Հոգեգալուստը, Սուրբ Հոգիին շնորհքը կը հայցեմ Պետրոս եւ Պօղոս առաքեալներու դամբարաններուն ձեր կատարելիք ուխտագնացութեան վրայ, եւ կը հրաւիրեմ բոլոր ներկաները ջերմեռանդօրէն աղօթելու առատաձեռն Տիրոջ, որպէսզի ձեր այցելութիւնն ու հանդիպումները յաւելեալ քայլ հանդիսանան դէպի լիակատար միութիւն տանող ճամբուն վրայ։ Աղօթենք նաեւ Լիբանանի եւ Միջին Արեւելքի խաղաղութեան համար, որոնք դարձեալ յօշոտուած են բռնութեամբ եւ պատերազմով: Բարի եկած էք, Ձերդ Սրբութի՛ւն, սիրելի՛ եպիսկոպոսներ եւ սիրելի՛ բարեկամներ։ Միասնաբար հայցենք Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչի, Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի, Սուրբ Ներսէս Շնորհալիի եւ, ամէնէն առաջ, Սուրբ Կոյս Մարիամ Աստուածամօր բարեխօսութիւնը, որպէսզի անոնք լուսաւորեն մեր ուղին դէպի այն լիակատար միութիւնը, զոր բոլորս կը բաղձանք»:
Ապա, Սուրբ Պետրոս հրապարակի բեմին վրայ, ժողովուրդին ներկայութեան, Պապը եւ Վեհափառ Հայրապետը եղբայրական սիրոյ ողջագուրումով եւ փոխադարձ բարեմաղթութիւններով հրաժեշտ տուին:
Աւարտին, Նորին Սրբութեան պատուիրակութիւնը երգեց «Կիլիկիա» օրհներգը եւ հայրապետական մաղթերգը, ուր յիշուեցան Արամ Ա. Սրբազնագոյն Կաթողիկոսին եւ Լեւոն ԺԴ. Պապին անունները:

Նշենք, թէ Վատիկանի մէջ իր ունեցած հանդիպումներու շարքին, իւրայատուկ կարեւորութիւն կը ներկայացնէր Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին հանդիպումը միջ-կրօնական յարաբերութեանց ընդհանուր պատասխանատու Քարտինալ Քուվաքատի հետ: Յիշեալ հանդիպումը, որ կայացաւ Երկուշաբթի, 18 Մայիս 2026-ի երեկոյեան, որոշ իմաստով շարունակութիւնն էր Ղազախիստանի մէջ անցեալ ամառ նոյն Քարտինալին հետ Վեհափառ Հայրապետին ունեցած միջ-կրօնական հարցերու քննարկումին:
Հանդիպման ընթացքին թէ՛ Վեհափառ Հայրապետը եւ թէ՛ Քարտինալը շեշտեցին միջ-կրօնական երկխօսութիւնն ու գործակցութիւնը շարունակելու կարեւորութիւնը բոլոր շրջաններէն ներս: Նորին Սրբութիւնը յիշեցուց, որ միջ-կրօնական հանդիպումներուն օրակարգը նաեւ անհրաժեշտ է որ ընդգրկէ ներկայ ընկերութիւններու առնչուած հարցեր. օրինակ՝ կենսոլորտ, բռնութիւն, ճարտարագիտութիւն, բարոյագիտական հարցեր եւ այլն: Յաճախ կատարուող միացեալ յայտարարութիւններէ անդին, կարեւոր է խաղաղ համակեցութիւն ու կառուցողական գործակցութիւն ստեղծել կրօններու միջեւ՝ աշխարհը յուզող հարցերու շուրջ: Համակեցութիւնը այլեւս դարձած է անհրաժեշտութիւն համաշխարհայնացած ներկայ աշխարհին մէջ: Հետեւաբար, բոլոր կրօնները պարտաւոր են միասին ապրելու՝ փոխադարձ հասկացողութեան դրական մթնոլորտի մէջ, նշեց Հայրապետը: Ան նաեւ յայտնեց, թէ մեր ժողովուրդը երկար դարեր ապրած է իսլամութեան հետ եւ կը շարունակէ ապրիլ յատկապէս Միջին Արեւելքի մէջ:
Վեհափառ Հայրապետը Քարտինալին հետ Ղազախիստանի մէջ ունեցած հանդիպման ընթացքին արծարծած էր Վատիկանի Կրէկորեան համալսարանին մէջ շուրջ տարի մը առաջ Ատրպէյճանի կազմակերպած համագումարի հարցը, որ միակողմանի մօտեցումներ կատարուած էին Արցախի եւ Հայ եկեղեցւոյ մասին: Նորին Սրբութիւնը դարձեալ այս մտահոգութեան անդրադարձաւ այն սպասումով, որ ակադեմական կեդրոնները առարկայական մօտեցում ունենան իրենց կողմէ եւ նոյնիսկ իրենց յարկին տակ քննարկուող նիւթերու գծով:
Քարտինալը համաձայն գտուեցաւ Նորին Սուրբ Օծութեան տեսակէտին՝ ընդլայնելու միջ-կրօնական հանդիպումներու օրակարգը՝ ներառելով ընկերութիւնը յուզող այժմէական հարցեր: Ան նաեւ անհրաժեշտ բացատրութիւններ տուաւ Ատրպէյճանի հետ Վատիկանի ունեցած երկխօսութեան, միաժամանակ շեշտելով, որ Վեհափառ Հայրապետին արծարծած հարցերուն շուրջ իր բաժանմունքը անհրաժեշտ աշխատանքները պիտի շարունակէ կատարել:
Հանդիպման աւարտին Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Քարտինալ Քուվաքատին նուիրեց Աստուածամայրը ներկայացնող յուշանուէր մը:
Հուսկ, Արամ Ա․ Կաթողիկոսի այցելութիւններուն, ներկայ էր նաեւ Գերաշնորհ Տ. Խաժակ Արքեպիսկոպոս Պարսամեան՝ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան ներկայացուցիչը Վատիկանի մօտ։ Խաժակ Արքեպիսկոպոս Պարսամեանի մասնակցութիւնը այցելութեան կարգ մը միջոցառումներուն աւելի եւս ընդգծեց Սուրբ Աթոռի մօտ հայկական եկեղեցական ներկայացուցչութեան կարեւորութիւնը եւ միջեկեղեցական երկխօսութեան, բարեկամութեան ու գործակցութեան նկատմամբ տեւական յանձնառութիւնը։

