ՀայաստանՅօդուածներ

ԺԱՄԱՆԱԿՆ ՈՒ ԺԱՄԱՑՈՅՑԸ

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Հայաստանի գլխաւոր ժամացոյցը տօնեց իր 80-ամեակը: Մայրաքաղաք Երեւանի սիրտին վրայ ութսուն տարի ժամ ցոյց տուող գործիքին սրահէն առցանց համերգ մը ունեցաւ հայրենի տաղանդաւոր դաշնակահար, Հայաստանի վաստակաւոր արուեստագէտ Հայկ Մելիքեան, որ բացի դասական մեղեդիներ նուագելէ, նաեւ իր նոր ստեղծագործութիւնը նուիրեց այս յատկանշական առիթին: Ան նուագեց աշխարհին մէջ գուցէ առաջին ստեղծագործութիւնը՝ գրուած դաշնամուրի եւ քաղաքային ժամացոյցի զանգերու համար:
Հաճելի է տարուան աւարտին անգամ մը եւս անդրադառնալ ժամանակ հասկացողութեան եւ ժամանակը ցոյց տուող գործիքին՝ ժամացոյցին: Իսկ 80-ամեայ այս եռանդուն գործիքը ձեւով մը մեր պետականութեան խորհրդանիշերէն մէկն է, քանի որ անոր զանգերուն ղօղանջները կը հնչեցնեն Հայաստանի օրհներգին առաջին նոթաները, ժամացոյցին շուրջ տեղակայուած են մեր երկրին համար կարեւոր շէնքեր եւ վերջապէս ժամացոյցին հրապարակին վրայ կարեւոր իրադարձութիւններ եղած են:
Բազմաթիւ մարդիկ իբրեւ ժամադրավայր կ՚ընտրեն Հրապարակի ժամացոյցը, ան ժամ ցոյց տալէ զատ նաեւ ժամադրավայր դարձած է հազարաւորներու համար՝ նոր հանդիպումներ, ճակատագրեր, սէրեր, բաժանումներ, հրճուանքի եւ ընդվզումի բազում պահեր անցած-դարձած են անոր սլաքներուն ներքեւ:
80 տարի առաջ՝ 1941 թուականին, այս ժամացոյցին ներսի մեքենական յարմարանքը բերուած է Մոսկուայէն, Հայրենական մեծ պատերազմը սկսելէն քիչ մը ուշ: 1930-ական թուականներուն, երբ Ալեքսանդր Թամանեան կը նախագծէր արեւային Երեւանը, անոր նախագիծին մէջ նաեւ ժամացոյցը կար: Ժամացոյցը հրապարակներուն եւ հնագոյն քաղաքներուն յարիր գործիք մըն է, տաղանդաւոր ճարտարապետը համայն հայութեան մայրաքաղաքը նոյնպէս առանց ժամացոյցի չէր կրնար պատկերացնել, մանաւանդ, որ հեռաւոր անցեալին այդտեղ եղած է հնագոյն ժամացոյց մը. 1891 թուականին Երեւանի մէջ, ներկայիս հրապարակի շրջակայքը, հոն եղած ոստիկանական շէնքին վրայ տեղադրուած է քաղաքային ժամացոյց, որ յետոյ, շէնքը փլելէն ետք հանուած եւ թանգարան տարուած է:
1940 թուականին կառուցուած է կառավարութեան շէնքը եւ 1941 թուականի սեպտեմբերին ժամացոյցը տեղադրուած է շէնքի աշտարակին: 80 տարիէ ի վեր՝ հրապարակէն եւ մերձակայքէն քալողներուն ցոյց կու տայ երկրին ճշգրիտ ժամը, վայրկեանը, երկվայրկեանը:
Ժամացոյցը պատրաստուած է Հայաստանի այդ ժամանակուան կառավարութեան պատուէրով եւ Մոսկուայէն Երեւան ղրկուած է իր անձնագիրով, որուն մէջ գրուած է հեղինակին մականունը՝ Մակնուշեւսքի: Քանի որ ժամացոյցը պիտի հնչեցնէր խորհրդային երկրի օրհներգը, ուստի անձնագիրը վաւերացուած է Մոսկուայի երաժշտանոցի հնչական տարրալուծարանին մէջ, որ Խորհրդային Միութեան երաժշտական սարքաշինութեան ոլորտի գլխաւոր կազմակերպութիւնն էր:
Սարքաշինարար Մակնուշեւսքին, որ նաեւ Մոսկուայի Քրեմլինի Սպասկայա աշտարակի զանգերուն ղօղանջները ծրագրաւորած էր Խորհրդային Միութեան օրհներգը հնչեցնելու համար, նոյն շղթան մշակած է նաեւ Երեւանի ժամացոյցին համար:

Already a subscriber? Log in here

This story is FREE for you...

Create a free account to access this article and get more of our top stories sent to you by newsletter.

Or, subscribe now for unlimited access
By submitting your email address you agree for Hairenik Weekly to send you communication by email

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button