Աւանդական Ջահերթ՝ Հայոց Ցեղասպանութեան 111-Ամեակին Ի Յիշատակ
ԵՐՒԱՆ․- Հայոց Ցեղասպանութեան 111-րդ տարելիցին ընդառաջ՝ Հ․Յ․Դ․ Հայաստանի Երիտասարդական եւ «Նիկոլ Աղբալեան» ուսանողական միութիւնները կը կազմակերպեն աւանդական ջահերով երթ դէպի Ծիծեռնակաբերդի բարձունք։ Երթը պիտի կայանայ Ապրիլ 23-ին՝ ժամը 20։00-ին։ Ան պիտի մեկնարկէ Հանրապետութեան հրապարակէն։
Այս տարի երթը կը կազմակերպուի «Պայքարը կը շարունակուի» կարգախօսին ներքոյ՝ խորհրդանշելով հայ ժողովուրդի անկոտրում կամքը եւ արդարութեան համար մղուող աննահանջ պայքարը։
Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ դատապարտման գործընթացը լոկ պատմական յիշողութիւն մը չէ, այլ կենսական պայքար՝ յանուն հայութեան իրաւունքներուն, անվտանգութեան եւ արժանապատիւ ապագային։
Հրաւիրուած են մեր բոլոր հայրենակիցները միանալու ջահերով երթին։ Ասիկա պարզապէս քայլերթ մը չէ, այլ մեր միասնականութեան եւ աննահանջ պայքարի վառ արտայայտութիւնն է։

