Լրահոս

«Հայաստանի Խճանկարներ» Նուագահանդէս՝ Մասաչուսէցի Երաժիշտներու Կազմակերպութեամբ

Մասաչուսէցի կամերային երաժիշտները (Massachusetts Chamber Music Artists) այս տարի կատարեցին իրենց անդրանիկ տարեշրջանը, որուն վերջին նուագահանդէսը, տեղի պիտի ունենայ Լեքսինկթընի Ֆօլըն եկեղեցուոյ մէջ, յառաջիկայ 17 Մայիսին եւ պիտի նուիրուի հայկական երաժշտութեան։

Եզրափակիչ համերգին խորագիրն է «Հայաստանի խճանկարներ», որ կը համախմբէ միջազգային համբաւ վայելող երաժիշտներ՝ թաւջութակահար Սուրէն Բագրատունի եւ դաշնակահար Կարէն Յակոբեան։ Անոնք կը միանան այս հիմնարկի հիմնադիր եւ գեղարուեստական ղեկավար Հայկ Յովսէփեանին՝ տօնելու հայկական երաժշտութեան հարստութիւնը։ Անոնք միասին կը ներկայացնեն ճամբորդութիւն մը հայկական երաժշտական աշխարհէն ներս՝ Կոմիտասի տպաւորիչ գործերէն մինչեւ Արամ Խաչատուրեանի եւ Առնօ Բաբաջանեանի յօրինումները։

Նաեւ, յայտագրի վրայ է Գրիգոր Հախինեանի «Քերթուած՝ Սայաթ-Նովայի մեղեդիներուն վրայ» գործը, որ առաջին անգամ ըլլալով պիտի ներկայացուի Միացեալ Նահանգներու մէջ։ Յայտագրին մէջ նկատի առնուած են  ժամանակակից յօրինող Գագիկ Յովունցէն գործ մը, որ իւրայատուկ կերպով կը ներկայացնէ հայրենի երաժշտական արտայայտութեան շարունակական զարգացումը։

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button