Լրահոս

ՖՐԱՆՍԱ.- ԼԻՈՆԻ ՄԷՋ ՊՂԾՈՒԱԾ Է ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՅՈՒՇԱԿՈԹՈՂԸ

p16 lyon2

ԼԻՈՆ.- Անցեալ շաբթուան ընթացքին, խուլիկաններ պղծած են Հայոց Ցեղասպանութեան յուշակոթողը: Նշենք թէ, 2006-ին այս յուշարձանի բացման առիթով, կարգ մը դժգոհներ, թրքական շրջանակներուն ծառայութիւն մատուցելով` բողոքի ցոյց կազմակերպած էին` վանկարկելով ծայրայեղական կարգախօսներ:

“Ասիկա առաջին դէպքը չէ, որ 1,5 միլիոն նահատակներուն յիշատակը յաւերժացնող կոթողը բարբարոսութեան զոհ կը դառնայ: Յիշողութեան սպանդի հեղինակներուն կը քաջալերէ ցեղասպանութեան հերքումը քրէականացնող օրէնքի բացակայութիւնը: Անոնք չեն զինաթափուիր“, կը տեղեկացնէ Ֆրանսայի մէջ լոյս տեսնող “Նոր Յառաջ“ը:

Advertisement Subscribe Today

Քանի մը անգամ նմանօրինակ արարքներ կատարուած են այս յուշակոթողին շուրջ, միշտ ալ Ապրիլ 24ի ձեռնարկներու նախօրեակին։

Advertisement Subscribe Today!

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button