ՖՐԱՆՍԱՅԻ ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՐՔՈԶԻԻ ԿԱՏԱՐԱԾ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ԼՈՅՍԻՆ ՏԱԿ.- ԹՇՆԱՄԻԻՆ ԲԱՐԵԿԱՄԸ ԹՇՆԱՄԱՑՆԵԼ …

0 0
Read Time:3 Minute, 35 Second

Ոչ ոք կը նա­խա­տե­սէր թէ Ֆրան­սա­յի նա­խա­գա­հին այ­ցե­լու­թիւնը` Կով­կաս եւ յատ­կա­պէս Երե­ւան, կրնար ստեղ­ծել բա­ւա­կան հե­տաքրք­րա­կան իրա­վի­ճակ եւ յատ­կա­պէս գոր­ծի լծէր, անոր ար­տա­յայ­տու­թիւն­նե­րէն բա­ւա­կան մը դժգոհ Ան­գա­րան, մա­նա­ւանդ երբ Սար­քո­զի…իր երկ­րի նա­խա­գա­հա­կան ընտ­րու­թիւն­նե­րու սե­մին, ֆրան­սա­հա­յե­րը սի­րա­շա­հե­լու հա­մար, Մես­րո­պա­շունչ ՑԵ­ՂԱՍ­ՊԱ­ՆՈՒ­ԹԻՒՆ բա­ռը ար­տա­սա­նեց:

Ան­շուշտ առա­ջին պա­տաս­խա­նը եկաւ Թուրք­իոյ Ար­տա­քին Գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թե­նէն, ուր պաշ­տօ­նի գլուխն ան­ցած Ահ­մէտ Տա­ւու­թօղ­լու բուռն կեր­պով քննա­դա­տեց Ֆրան­սա­յի նա­խա­գա­հը, Երե­ւա­նի մէջ Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թիւնը ճանչ­նա­լու գծով, Թուրք­իոյ հաս­ցէ­ին ուղ­ղած կո­չը:

Տա­ւու­թօղ­լու իր պոռթ­կու­մը ար­տա­յայ­տե­լէ ետք, յայ­տա­րա­րեց թէ գա­ղու­թա­տի­րա­կան անց­եալ ու­նե­ցող պե­տու­թիւն մը Թուրք­իոյ դա­սեր տա­լու իրա­ւունք չու­նի:

Այս լու­րը հա­զիւ տա­րած­ուած, բնա­կա­նա­բար պա­տա­հե­ցաւ սպաս­ուա­ծը եւ “ձայն մը հնչեց Ալ­ճեր­իա­յէն“: Ար­դա­րեւ, նա­խա­գահ Ապ­տէլ Ազիզ Պու­թաֆ­լի­քա­յի մէկ անձ­նա­կան ներ­կա­յա­ցու­ցի­չը, պաշ­տօ­նա­կան յայ­տա­րա­րու­թիւն մը կա­տա­րե­լով, յայտ­նեց թէ գա­ղու­թա­տէր Ֆրան­սա պէտք է ճանչ­նայ 1830-1962 տա­րի­նե­րուն, Ալ­ճեր­իոյ բռնագ­րաւ­ման տա­րի­նե­րուն ըն­թաց­քին իր գոր­ծած վայ­րա­գու­թիւն­նե­րը:

…Յստակ էր Տա­ւու­թօղ­լու գոր­ծի լծած էր իր քա­րոզ­չա­կան մե­քե­նան, որուն ար­դիւնք­նե­րէն մէկն է նա­եւ, Թուրք­իոյ Եւ­րո­պա­կան Միու­թեան եւ անոր ան­դա­մակ­ցու­թեան հար­ցե­րով զբա­ղուող նա­խա­րար, Եւ­րո­պա­կան Միու­թեան գլխա­ւոր բա­նագ­նաց Էկե­մէն Պա­ղը­շի մէկ պաշ­տօ­նա­կան ար­տա­յայ­տու­թիւնը, թէ՛ Եւ­րո­պա­յի, եւ յատ­կա­պէս այս պա­րա­գա­յին Ֆրան­սա­յի հա­մար, աւե­լի լաւ պի­տի ըլ­լայ, եթէ Սար­քո­զի մտա­հոգ­ուի Եւ­րո­պա­կան Միու­թեան ապա­գա­յով, իր եր­կի­րը տնտե­սա­կան ծանր վի­ճա­կէն փրկե­լու ոլոր­տով, քան թէ հան­դէս գա­լով իբ­րեւ… պատ­մա­բան: Մի­եւ­նոյն ժա­մա­նակ, թուրք նա­խա­րա­րը նա­եւ յայտ­նած է թէ, Սար­քոզիի յայ­տա­րա­րու­թիւնը, նա­եւ նա­խա­գա­հա­կան  ընտ­րու­թիւն­նե­րու նա­խա­շե­մին շա­հար­կում­նե­րով զբա­ղե­լու փորձ մըն է, որ ան­շուշտ իր կար­գին գոր­ծի լծած է Ծե­րա­կոյ­տէն ներս բա­ցար­ձակ մե­ծա­մաս­նու­թիւն կազ­մող ըն­կեր­վա­րա­կան­նե­րը:

Ան­գա­րա­յի Ար­տա­քին Գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան հա­կա­քա­րոզ­չա­կան մե­քե­նա­յին ամէ­նէն աւե­լի չա­փա­զանց­ուած պա­տաս­խան­նե­րէն մէկն էր Հայ­կա­կան հե­տա­զօ­տու­թիւն­նե­րու հիմ­նար­կի տնօ­րէն Քե­մալ Չի­չէ­քի լոյս ըն­ծա­յած մէկ փաս­տա­թուղ­թը, քաղ­ուած…Մի­աց­եալ Նա­հանգ­նե­րու ազ­գա­յին արխիւէն, ուր կը վկայ­ուի, թէ 1920-ական թուա­կան­նե­րուն ֆրան­սա­ցի զի­նուոր­ներ հա­յե­րու դէմ բռնա­րարք­ներ գոր­ծած են:

Ահա­ւա­սիկ պղտոր ջու­րի մէջ որ­սա­լու փորձ կամ աւե­լի ճիշ­դը…Երբ Թշնամի­իս թշնա­մին բա­րե­կամս է…այդ պա­րա­գա­յին ժա­մա­նակն է Թշնամի­իս բա­րե­կա­մը թշնա­մաց­նե­լը…: 

“Հայրենիք“

Հոկտեմբեր 11, 2011

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles