
Ֆիլատելֆիոյ Հայ Քոյրերու Վարժարանը գեղեցիկ աւանդութիւն ըրած է ամէն տարի պատուելու Հինգերորդ դասարանի աշակերտներուն մեծ հայրերն ու մեծ մայրերը: Ամբողջ ամիսը անոնք գրեցին իրենց մեծ ծնողներու մասին, ապա զետեղեցին պատկերազարդ յուշատետրին մէջ եւ ընտանեկան ծառ պատրաստեցին: Մարտ 8, 2012-ին, յիշատակելի օր մը հանդիսացաւ ամէնուն համար: Նախ Վարժարանիս տնօրէնուհին` Քոյր Էմմա Մուսայեանը իր բացման խօսքը ուղղեց մեծ ծնողաց եւ ըսաւ թէ անոնք են սիւնը ընտանիքին, անսասան ծառը որ շուք կու տայ ընտանիքին անդամներուն, անոնք են որ կը թրծեն սէրը Աստուծոյ եւ կը սորվեցնեն իրենց թոռնիկներուն կեանքի արժէքները: Ապա աշակերտները բեմ ելան իրենց սիրոյ եւ երախտագիտութեան արտայայտութիւնները յայտնելու իրենց մեծ ծնողներուն նաեւ այն բարիքներուն համար, որոնք վայելած են անոնցմէ: Ամէն աշակերտ առիթը ունեցաւ իր մեծ ծնողաց խօսք ուղղելու եւ նուիրելու յուշամատեանը:
Ամէնուն աչքերէն ուրախութեան արցունքներ կը հոսէին ի տես իրենց թոռնիկներուն եւ անոնց գորովալիր խօսքերուն: Անոնք պարեցին, երգեցին եւ նուագեցին իրենց մեծ ծնողաց համար: Այս անմոռանալի ելոյթի աւարտին, Արփի Մինասեան գեղեցիկ ծաղկեփունջ մը նուիրեց հայերէնի ուսուցչուհի` Տիկ. Թամար Փանոսեանի, որ մեծ սիրով ու խնամքով պատրաստած էր այս հանդիսութիւնը, եւ ծնողներուն կողմէ շնորհակալութիւն յայտնեց անոր, որ բծախնդրութեամբ դրոշմած էր պզտիկներուն սրտերուն մէջ երախտագիտութիւն եւ յարգանք հանդէպ իրենց մեծ ծնողաց: Ապա ամէն ոք ճաշակեց համեղ ճաշերը որոնք պատրաստած էին հինգերորդ դասարանի ծնողները ու զուարճալի ժամանակ անցուցին միասին: Վարձքերնիդ կատար Հայ Քոյրերու Վարժարանի դաստիարակներ: Երկար ու առողջ ապրիք սիրելի մեծ ծնողներ: