ՔՈՆԿՐԷՍԷՆ ՆԵՐՍ ՆՇՈՒԵՑԱՒ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՎԵՐԱՆԿԱԽԱՑՄԱՆ ՔՍԱՆԱՄԵԱԿԸ

0 0
Read Time:1 Minute, 21 Second

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Յատուկ հաղորդագրութեամբ մը, Ա.Մ.Ն.-ի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 25ին, Հայաստանի վերանկախացման քսանամեակին առթիւ, Քոնկրէսի շէնքին մէջ, կազմակերպուած է պաշտօնական յատուկ ձեռնարկ մը` մասնակցութեամբ 18 քոնկրէսականներու, Հայաստանի դեսպանատան անձնակազմին եւ բարձր մակարդակի անձնաւորութիւններու:

Ձեռնարկը կազմակերպուած էր Քոնկրէսի Հայկական հարցերու համախմբումին կողմէ. անոր բացումը կատարեցին համախմբումի համանախագահներ Ֆրենք Փալոն եւ Էտ Ռոյս:

Ուաշինկթընի մօտ Հ.Հ. դեսպան Թաթուլ Մարգարեան` ``Մխիթար Գոշ`` շքանշանը կը յանձնէ Էտըմ Շիֆին...

Այս առիթով, Միացեալ Նահանգներու մօտ Հայաստանի դեսպան Թաթուլ Մարգարեան “Մխիթար Գոշ“ շքանշանը յանձնեց քոնկրէսականներ Էտըմ Շիֆին եւ Հաուըրտ Պըրմընին, որոնք շարունակ կարեւոր ներդրում կ՛ունենան Հայկական Ցեղասպանութեան բանաձեւներու քննարկումներուն եւ Հայաստան-Միացեալ Նահանգներ յարաբերութիւնները զարգացնելու աշխատանքներուն մէջ:

Երկու քոնկրէսականներն ալ հաստատեցին, թէ իրենց համար մեծ պատիւ է ստանալ այս շքանշանը եւ խոստացան շարունակել հայանպաստ իրենց աշխատանքը: Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի վարիչ գործավար Արամ Համբարեան դարձեալ կոչ ըրաւ Միացեալ Նահանգներու իշխանութեանց, որ Հայաստանի եւ Ամերիկայի միջեւ յարաբերութիւնները բարելաւելու նպատակով կարգ մը քայլերու դիմեն` պնդելով, թէ ներկայիս երկու երկիրներուն միջեւ առեւտուրը տարեկան միայն 189 միլիոն տոլարի կը հասնի, սակայն զայն կարելի է 1 միլիառ տոլարի հասցնել` առեւտուրի աւելի նպաստաւոր պայմաններու ստեղծումով:

...եւ Հաուըրտ Պըրմընին

Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Քեն Խաչիկեան ողջունեց Ներկայացուցիչներու տան արտաքին յարաբերութեանց յանձնախումբի պատմական սրահին մէջ սոյն ձեռնարկին կայացումը, որ առիթ եղաւ նշելու Հայաստանի համար: Նշենք թէ այս սրահը ականատես եղած է Հայկական Ցեղասպանութեան տարբեր բանաձեւներու քննարկումներուն, եւ հոն էր, որ դեռ անցեալ Յուլիսին վաւերացուցեաւ Թուրքիոյ քրիստոնեայ փոքրամասնութեան կալուածներու վերադարձը պահանջող յաւելուածը:

Ձեռնարկին մասին յաւելեալ տեղեկութեանց եւ լուսանկարներու համար, այցելել www.facebook.com/ancagrassroots կայքէջը:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles