ՓՐՈՖ. ԹԱ­ՆէՐ ԱՔ­ՉԱ­ՄԻ ՆՈՐ ԳԻՐ­ՔԻՆ ՇՆՈՐ­ՀԱ­ՀԱՆ­ԴԷ­ՍԸ

0 0
Read Time:4 Minute, 53 Second

ՅԱԿՈԲ ՎԱՐԴԻՎԱՌԵԱՆ

Նիւ Եորք

 

Նոր աշ­խա­տա­սի­րու­թիւն մը եւս կ՛աւել­նայ Հայ­կա­կան Ցե­ղաս­պա­նա­գի­տու­թեան մեր աղ­բիւր­նե­րուն վրայ, թուրք պատ­մա­բան Թա­նէր Աք­չա­մի հրա­տա­րա­կած վեր­ջին գիր­քով, որուն առատ նիւթ հայ­թայ­թած են Թուրք­իոյ իր գոր­ծըն­կեր պատ­մա­բան­ներն ու պատ­մու­թեան ու­սա­նող­նե­րը, որոնք օս­ման­եան դիւան­նե­րէն կրցած են հա­ւա­քել ու քա­ղել նոր վկա­յու­թիւն­ներ եւ ար­ձա­նագ­րու­թիւն­ներ: Գիր­քը կը կրէ Երիտթուր­քե­րու մարդ­կու­թեան դէմ ոճի­րը. Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թիւնն ու փոք­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րու մաք­րա­գոր­ծու­մը Օս­ման­եան Կայս­րու­թե­նէն ներս խո­րա­գի­րը:

Փրոֆ. Աք­չամ կը նկատ­ուի մաս­նա­գէտ­նե­րէն Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան եւ առա­ջին­նե­րէն` թուրք պատ­մա­բա­նա­սի­րու­թեան ճիւ­ղին հե­տե­ւող, որ կը բե­րէ իր ներդ­րու­մը մեր հա­ւա­քա­կան ու դժուա­րին աշ­խա­տանք­նե­րուն:

Ամե­րի­կա­յի Հա­յոց Առաջ­նոր­դա­րա­նի նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ, Հոկ­տեմ­բեր 18ին, Հինգ­շաբ­թի երե­կոյ­եան առաջ­նոր­դա­նիստ Ս. Վար­դան մայր տա­ճա­րի “Գա­վուքճ­եան“ սրա­հին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ այս շնոր­հա­հան­դէ­սը: Թուրք պատ­մա­բա­նը հան­դի­սա­կան­նե­րուն ներ­կա­յա­ցուց ծա­նօթ ու­րիշ անուն մը, Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թիւնը մի­ջազ­գա­յին հան­րու­թեան ծա­նօ­թաց­նող գոր­ծիչ մը` Փի­թըր Պա­լաք­եան:

Օս­ման­եան դիւան­նե­րէն 600ի մօտ վա­ւե­րագ­րե­րու եւ փաս­տա­թուղ­թե­րու հրա­պա­րա­կու­մը, որոնք մին­չեւ օրս ան­յայտ էին, կ՛ապա­ցու­ցեն որ Օս­ման­եան կա­ռա­վա­րու­թիւնը 1912-1913 տա­րի­նե­րու Պալ­քան­եան պա­տե­րազ­մէն ետք, վախ­նա­լով Փոքր Աս­իոյ փոք­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րու ան­կա­խա­նա­լու ձգտում­նե­րէն, որ­պէս կան­խազ­գու­շու­թիւն որո­շում կը կա­յաց­նէ զա­նոնք ցրուե­լու իրենց կեդ­րո­նա­ցած հա­մայնք­նե­րէն` դէ­պի Կայս­րու­թեան զա­նա­զան շրջան­նե­րը: Մա՛­նա­ւանդ քրիստն­եա­նե­րը, որոնք կը կազ­մէ­ին ընդ­հա­նուր բնակ­չու­թեան 30 տո­կո­սը եւ որոնց մե­ծա­մաս­նու­թիւնը կը կազ­մէր, ան­կասկած, հայ ազ­գաբ­նակ­չու­թիւնը: Որո­շում կը կա­յա­նայ միայն 5էն 10 տո­կո­սի հա­մե­մա­տու­թիւն մը պա­հե­լու` մահ­մե­տա­կան բնակ­չու­թեան մէջ:

Կան­խամ­տած­ուած ցե­ղաս­պա­նու­թեան մը ծրագ­րէն տար­բեր ներ­կա­յաց­ուե­ցաւ երբ Աք­չամ խնդրոյ առար­կայ դար­ձուց տե­ղա­հա­նու­թիւնը միայն: Սա­կայն սրա­հէն եկած հար­ցում­նե­րը եւ եր­բեմն ալ եղած լուռ բո­ղո­քի ար­տա­յայ­տու­թիւն­նե­րը, Աք­չա­մը ու­շադ­րու­թեան հրա­ւի­րե­ցին, թէ եղա­ծը ան­պայ­մա­նօ­րէն Ցե­ղաս­պա­նու­թեան մը ծրագ­րումն էր: Մինչ այդ, ընդ­հան­րա­պէս, Երիտ­թուր­քե­րու իշ­խա­նու­թեան վե­րագ­րե­լը ա՛յն­քան ճիշդ պի­տի չըլ­լար, որով­հե­տեւ, ի վեր­ջոյ, թուրք պե­տա­կա­նու­թեան ու կա­ռա­վա­րու­թեան (այս պա­րա­գա­յին` Օս­ման­եան Կայս­րու­թեան) ծրա­գիրն էր եղած այդ նա­խա­ձեռ­նու­թիւնը: Ճիշդ է որ Իթ­թի­հատ վէ Թե­րաքքիի հրա­հանգ­նե­րուն ալ ան­սա­լով 1915ի գա­րու­նէն ետք ար­դէն կը հրա­հանգ­ուէր ջար­դել հայ ազ­գաբ­նակ­չու­թիւնը առանց խտրու­թեան: Ըստ Աք­չա­մին, Երիտ­թուր­քե­րը կ՛ու­զէ­ին տես­նել Անա­տոլ­ի­ան առանց Հա­յե­րու եւ գո­նէ այս դիւան­նե­րը նոր լոյս մը կը սփռեն Ցե­ղաս­պա­նու­թեան առըն­չուող յե­տա­գայ զար­գա­ցում­նե­րուն վրայ:

Փրոֆ. Թա­նէր Աք­չամ Գեր­ման­իա­յէն գա­լէ ետք միայն սոր­վե­ցաւ անգ­լե­րէն լե­զուն եւ հի­մա ար­դէն գրե­թէ տի­րա­պե­տած է երկ­րի լեզ­ուին եւ առանց թարգ­մա­նի օգ­նու­թեան ան կրնայ ար­տա­յայտ­ուիլ ազա­տօ­րէն: Սա­կայն, երբ պատ­մագ­րու­թեան խոր ծալ­քե­րուն մէջ կը մտնէ ան, դժբախ­տա­բար, տա­կա­ւին կրնայ շփոթ ստեղ­ծել իր ունկն­դիր­նե­րու միտ­քե­րուն մէջ. ու անոր հա­մար ալ անհ­րա­ժեշտ է որ իր խօս­քը ան գրի առած բեմ բարձ­րա­նայ, զա­նա­զան ան­տե­ղի նկա­տո­ղու­թիւն­նե­րէ զերծ մնա­լու հա­մար:

Բաց­ման խօս­քը կա­տա­րեց Թե­մա­կան Խոր­հուր­դի ատե­նա­պետ Օս­քար Թա­դոս­եան, իսկ փակ­ման խօս­քը` Սի­մէ­ոն Վրդ. Օտա­պաշ­եան, Առաջ­նորդ Խա­ժակ Արք. Պար­սամ­եա­նի բա­ցա­կա­յու­թեան պատ­ճա­ռով:

Թա­նէր Աք­չամ, այ­նու­հե­տեւ մա­կագ­րեց իր նոր գիր­քը:

Աւելց­նենք որ, Առաջ­նոր­դա­րա­նի կող­քին, նա­խա­ձեռ­նու­թեան մաս կազ­մե­ցին նա­եւ` Հ.Բ.Ը.Մ.-ը, Թէ­քէ­եան Մշա­կու­թա­յին Միու­թիւնը, Վար­դա­նանց Աս­պետ­ներն ու շրջա­նի պոլ­սա­հայ կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րը:

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles