ՓՈԽԻ՛Ր …ՓՈԽԵ՛ՆՔ

0 0
Read Time:1 Minute, 31 Second

p2-3 elections

ՀԱՅՐԵՆԻՔ

Երկրին` Հայաստանի ղեկավարի ընտրութիւնն էր… Փետրուար 18-ին:

Աւելի քան երկու ամիս ետք, այս անգամ մայրաքաղաքին` Երեւանի ղեկավարին ընտրութիւնն է:

Թէեւ Փետրուար 18-ի ընտրութեան աւարտին, կատարուեցան բողոքի ցոյցերն ու քայլարշաւները, սակայն յատկանշելի “ապստամբութեամբ“ չաւարտեցան այդ հաւաքները: Այս շաբաթավերջի` Մայիս 5-ի ընտրարշաւը աւելի սեղմ է, սակայն կարեւոր, այդ պատճառով որ, եթէ փոփոխութիւն մը կատարուի, ճիշդ առիթն ու վայրն է:

Առաջին հերթին, փոփոխութիւնը` Երեւանէն է որ պէտք է սկսի եւ ապա երկրորդ հանգրուանին` տարածուի ամբողջ տարածաշրջանէն ներս: Այս գործընթացին արդիւնք  է “Երեւան, Փոխի՛ր Հայաստանը“:

Յետ-Փետրուարեան ընտրութեան արդիւնք, Հ.Յ.Դ. որոշեց Երեւանի աւագանիի ընտրութիւններու պայքարին մէջ մուտք գործել, ամէնայն վճռականութամբ եւ ոգեւորութեամբ:

Հոս տեղին է նշել թէ ընդամէնը չորս տարուան ընթացքին, Հայաստանի Հանրապետական Կուսակցութիւնը, երեք քաղաքապետեր նշանակած է եւ այս կատարուածը ցոյց կու տայ թէ, քաղաքապետի պաշտօնը այդ ուժին համար ոչ թէ ընտրովի, այլ նշանակովի պաշտօն է: Այսպէս, քաղաքապետը ըլլալով իշխող կուսակցութեան ներկայացուցիչ` իր լիազօրութիւնները յանձնած է կուսակցութեան: Այս կացութիւնը ստեղծած է իրավիճակ մը, ուր ջնջին փոքրամասնութիւն մը, հետեւողական ձեւով կը շահագործէ եւ կ՛օգտագործէ, դէմ յանդիման ունենալով շահագործուած եւ օգտագործուած հսկայ մասսա մը:

Անշուշտ, տեղին է ասոր զուգընթաց, նշել տիրող անգործութիւնը, զեղծարարութիւնն ու արտագաղթը: Առ այդ, ժամանակն է ահազանգ հնչեցնելու եւ կարենալ գիտակցելու, թէ այս կիրակի օրուայ կատարուելիքը, պարզապէս ցուցակներու առաջին անուններու ընտրութիւն չէ, այլ իսկական ու ճակատագրական ընտրութիւն է քաղաքական ուժերուն միջեւ:

Հետեւաբար պէտք է շարունակ կրկնել ու ընդգծել, թէ այս ընտրութիւններուն միջոցով, կարելի է երկրին մէջ արմատական բարեփոխումներ իրականացնել եւ դեռ աւելին, այս ընտրութիւնները կը դիտարկուին իբրեւ ոչ միայն զուտ մեր հայրենիքի մայրաքաղաք` Երեւանի ընտրութիւններ, այլ ընտրական ճամբով ամբողջ երկրին մը մէջ իրավիճակ փոխելու համար լուրջ ոսկի առիթ մը: Ընդդիմադիր քաղաքապետի մը ընտրութիւնը, շահերու բախում պիտի բերէ եւ  իւրաքանչիւր հոսանք պարտադրուած պիտի ըլլայ աշխատիլ ուժերու առաւելագոյն չափով` ցոյց տալու համար, որ աւելի լրջօրէն կարելի է գործի լծուիլ եւ արդիւնաւորուիլ:

“Երեւան, Փոխի՛ր Հայաստանը“… Ժամանակն է փոխելու եւ փոխուելու :

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles