ԳլխաւորԼրահոս

«Փերինչէք Ընդդէմ Զուիցերիա» Դատավարութիւն

clooney

ՍԹՐԱԶՊՈՒՐԿ (Ֆրանսա).- Յունուար 27-ին, Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարանին մէջ տեղի ունեցաւ «Փերինչէք ընդդէմ Զուիցերիա» գործով՝ Զուիցերիոյ բողոքարկման քննութիւնը:
Գերագոյն այս դատական պալատին կողմէ քննարկուեցաւ Զուիցերիոյ կառավարութեան կողմէ Մարտ 17, 2014ին ներկայացուած դիմումը, որու հիմամբ կը խնդրուէր Փերինչէքի գործի քննարկումը: Նշենք թէ, Մարտ 9, 2007-ին զուիցերիական դատարանը երկրին քրէական օրէնսգիրքին 216-րդ յօդուածին հիմամբ դատապարտած էր թուրք ազգայնական Տողու Փերինչէքը՝ զինք նիւթական եւ քրէական պատասխանատուութեան ենթարկելով Հայոց Ցեղասպանութիւնը ժխտելուն համար:gva mourad
Հետագային, Զուիցերիոյ Վօ շրջանի վերաքննիչ դատարանն ու Դաշնակցային գերագոյն դատարանը մերժած էին դատավճիռին դէմ Փերինչէքի ներկայացուցած բողոքը: Դեկտեմբեր 17, 2013-ին սակայն, Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարանը բաւարարած էր Փերինչէքի հայցը:
Հայաստան եւ Թուրքիա գործին մէջ ներգրաւուած էին իբրեւ երրորդ կողմեր:
Շուրջ երկու ժամ տեւած դատավարութեան առաջին նիստին ելոյթ ունեցած է Տողու Փերինչէքը, ապա ըստ կանոնանակարգի՝ Զուիցերիոյ ներկայացուցիչը՝ որպէս պատասխանող կողմ: Փերինչէք մի քանի առիթներով կրկնած է որ չի մերժեր հայերու դէմ սպանութիւնները, բայց կը մերժէ Ցեղասպանութիւն եզրի օգտագործումը:
Հայկական կողմէն հանդէս եկած է Եւրոպական դատարանի մէջ Հայաստանի կառավարութեան լիազօր ներկայացուցիչ Գէորգ Կոստանեանը, ինչպէս եւ Հայաստանի շահերը Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարանի մօտ ներկայացնող միջազգային համբաւի երկու փաստաբաններ՝ Ճեֆրի Ռոպերթսոն եւ Ամալ Քլունի:
tsouytsՃեֆրի Ռոպերթսոն շեշտած է, որ ժամանակակից աշխարհը պէտք է ապրի ազատ, առանց խտրականութեան եւ ատելութեան: Ան իր ելոյթին մէջ Թալաաթ փաշան անուանած է թուրք Հիթլէր:
Ամալ Քլունին անդրադարձած է Թուրքիոյ մէջ խօսքի ազատութեան մռայլ վիճակին եւ մարդոց իրաւունքներու խախտումներուն: Քլունին նաեւ անդրադարձած է Հրանդ Տինքի սպանութեան, շեշտելով որ այն թուրք ազգայնականներու գործն էր:
Դատավարութեան ամբողջ ընթացքին ներկայ եղան Հ.Յ.Դ. Եւրոպայի Հայ Դատի Յանձնախումբի ներկայացուցիչները:
Դատավարութեան աւարտին յայտարարուեցաւ թէ վճիռը պիտի կայացուի 6-8 ամսուայ մէջ:
Դատավարութեան ամբողջ ընթացքին ներկայ եղան հայ եւ թուրք ցուցարարներ, որոնք կանգնած էին դատարանին դիմաց: Հայ ցուցարարները պաստառներ պարզած էին «Այլեւս ոչ մէկ 1915» լոզունգով:

Advertisement Subscribe Today
Advertisement Subscribe Today!

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button