ՑՈՅՑԵՐ…ՊՐԻՒՔՍԷԼԻ ԵՒ ԼԱ ՀԷՅԻ ՄԷՋ

0 0
Read Time:1 Minute, 9 Second

bru2 Փետրուար 26, 2014-ի յետմիջօրէին, Պելժիքայի մայրաքաղաք` Պրիւքսելի մէջ, բողոքի ցոյց մը տեղի ունեցաւ Ատրպէյճանի դեսպանատան դէմ, ի յիշատակ Ատրպէյճանի հայերու դէմ եղած փոկրոմներու զոհերուն` Սումկայիթի, Պաքուի, Մարաղայի, Մինկեշահուրի, Կիրովապատի եւ այլ քաղաքներու մէջ: Ցոյցը կազմակերպած էր Պելճիքայի Հայ Դատի յանձնախումբը:bru3

Մասնակիցները Հայաստանի եւ Արցախի դրօշներով, ինչպէս նաեւ պաստառներով, անգլերէն, ռուսերէն, ֆրանսերէն ու հայերէն կանչերով, մօտ Ատրպէյճանին յիշեցուցին իր արիւնոտ անցեալն ու ներկան, 1988-ի փոկրոմներէն սկսեալ` մինչեւ Գուրգէն Մարգարեանի սպաննութիւնն ու Արմէն Յովհաննիսեանի նահատակութիւնը, թէ աշխարհասփիւռ հայութիւնը չի՛ մոռնար, եւ թէ ուշ կամ կանուխ` Ատրպէյճան պիտի ճանչնայ եւ ընդունի Արցախի ազատութիւնն ու անկախութիւնը:

Ներկաները Ատրպէյճանի դեսպանութեան ուղղուած նամակը կարդալէն ետք, քալեցին դէպի Պրիւքսելի մէջ Հայկական Ցեղասպանութեան զոհերուն ի յիշատակ խաչքարին քով: Հայ զոհերու հոգիներուն հանգստեան համար աղօթքին ներկայ էին ՀՀ պաշտպանութեան նախարար` պրն. Սէյրան Օհանեան, ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան պրն. Աւետ Ադոնց, Հ.Հ. Նաթոյի դեսպան` պրն. Արմէն Ետիկարեան, գաղութի միութեանց ներկայացուցիչներ եւ ազգայիններ, որոնք ծաղկեպսակներ զետեղեցին խաչքարին առջեւ:

Հինգշաբթի, Փետրուար 27-ին, Հոլանտայի Հայ Դատի յանձնախումբը հանրահաւաք եւ բողոքի ցոյց կազմակերպեց Լա Հէյի մէջ գտնուող Ատրպէյճանի դեսպանատան առջեւ: Ցոյցը նուիրուած էր 1988ի Սումկայիթի ջարդերու զոհերու յիշատակին: Ցուցարարները նաեւ դատապարտեցին Ատրպէյճանի ապակառուցողական քաղաքականութիւնը` Արցախի հարցով: Հոլանտայի բոլոր նահանգներէն հարիւրի հասնող ցուցարարներ Լա Հէյ եկան, հակառակ եղանակային անբարենպաստ պայմաններուն:bru

Հայ Դատի յանձնախումը նաեւ դիմում կատարած էր Ատրպէյճանի դեսպանութեան` պահանջագիր ներկայացնելու համար, սակայն անիկա մնացած էր անպատասխան: Ցուցարարներուն եւ ամբողջ հոլանտահայութեան անունով պահանջագիրը ընթերցուեցաւ եւ ապա դրուեցաւ դեսպանութեան նամակատուփին մէջ:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles