
ՀԱՅՐԵՆԻՔ
Խմբագրական
Նոյեմբեր 24, 2015
Այս տարուայ «Հայաստան Հիմնադրամ»ի կազմակերպած թելեթոնէն գոյացած գումարը պիտի յատկացուի Արցախի մէջ հինգէն աւելի զաւակի տէր ընտանիքներուն համար տուներ կառուցելու ծրագիրին:
Մանրամասնութիւններն ու վիճակագրութիւնները ցոյց կու տան թէ 466 բազմանդամ ընտանիքներ կը լրացնեն այս պայմանները եւ անոնց երկու հարիւրէն աւելին անհանդուրժելի պայմաններու տակ կը գտնուին:
Ժամանակն է այս պարագաներուն օժանդակութեան հասնիլ, որպէսզի կերտեն ու շինեն իրենց օճախն ու «բոյն»ը:
Այս կացութեան մէջ գտնուող բազմանդամ ընտանիքներուն մեծամասնութիւնը, իր բարոյական լուման վճառած է, մասնակցելով Արցախի ազատագրութեան ճակատամարտերուն եւ դեռ ալ կը մասնակցի, պաշտպանելով սահմանները:
Դեռ աւելին, այս կարօտեալ ընտանիքներուն մէջ կան այրիներ իրենց զաւակներով եւ պարագաներով:
Յաւելեալ մանրամասնութիւններ փոխանցելով, «Հայաստան Հիմնադրամ»ը կը տեղեկացնէ թէ նմանօրինակ բազմանդամ ընտանիքներու համար բնակարաններ կառուցելու ծախսն է մօտաւորապէս յիսուն հազար տոլար, ներառեալ տնային կազմածներ, բնակեցման անհրաժեշտ կառոյցներ եւ շրջապատի պարտէզ, ուր կարելի պիտի ըլլայ նաեւ մշակել: Յստակ է թէ, այս բնակարանները կիսաւարտ կամ ոչ-ամբողջական պայմաններու տակ պիտի չըլլան, այլ կազմ ու պատրաստ՝ ընդունելու կարօտեալ ընտանիքները:
Յստակ ու պարզ է թուաբանական հաշիւը, թէ պահանջուած գումարը տաս միլիոնէն աւելի է, որուն կրկնապատիկը կարելի է իրականացնել:
Անցեալ տարի կարելի եղած էր 12.4 միլիոն իրականացնել Վարդենիս-Մարտակերտ ճանապարհի կառուցման համար:
Գոհաբանութեան տօնին առթիւ, մեր պարտականութիւնն է մասնակցիլ «Հայաստան Հիմնադրամ»ի կազմակերպած 18-րդ թելեթոնին, որ տեղի պիտի ունենայ այս օրերուն:
Կեանքը կայ ու կը շարունակուի Արցախի մէջ: Մեր պարտականութիւնն է այս ընթացքը շարունակել եւ հոն անծայրածիր լեռնաշղթաներու մէջ, տեսնել բնակչութիւն, բնակարան եւ բնիկ հայորդի:
Թուական պատկերներն ու վիճակագրութիւնները, անգամ մը եւս ցոյց կու տան թէ, 2007-էն ի վեր Արցախի Հանրապետութեան բնակչութեան թիւը զգալի աճ կ՛արձանագրէ: Ութ տարուայ ընթացքին, բնակչութեան թիւը բարձրացած է ութ տոկոսով, որուն գրեթէ կէսը, այսինքն չորս հազարէն աւելի հայորդիներ` հայրենադարձութեան ծրագրի շնորհիւ:
Այս տարուայ հեռատեսիլէն ուղակիօրէն սփռուող «Հայաստան Հիմնադրամ»ի կազմակերպած թելեթոնին ծրագրած նպատակն ու պատգամն ալ միեւնոյնն է:
Հուսկ, Արցախի ազատագրուած տարածքներու վերաբնակեցումը միայն նպատակ չէ, ոչ ալ կարգախօս, այլ պահանջք եւ իրապաշտ մօտեցում:
Մեր պարտամուրհակն է:
Տուն…տուներ պիտի կառուցենք:..Պիտի՛ օժանդակենք: