
Շաբաթ, Մայիս 18-ին, Տիթրոյթի մէջ, Հայաստանի Առաջին անկախ պետականութեան հիմնադրութեան տարեդարձը նշուեցաւ տօնակատարութիւն-խրախճանքով, կազմակերպութեամբ տեղւոյն “Ազատամարտ“ կոմիտէին եւ մասնակցութեամբ Տիթրոյթի Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի մասնաճիւղերուն, Հայ Կեդրոնէն ներս: Ընթրիքի սեղանը օրհնեցին Սուրբ Սարգիս Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ հովիւ` Տէր Հրանդ Քահանայ Գէորգեան, Պատուելիներ` Շանթ Պարսումեան եւ Վահան Թութիկեան:
Ճաշի սպասարկութենէն ետք սկսաւ տօնակատարութեան պաշտօնական բաժինը, Հանդիսաւար ընկ. Շանթ Ժամկոչեան հրաւիրեց Ընկհ. Ճորճի-Անն Օշականը որ փոխանցէ օրուան պատգամը: Ան ներկայացուց 95 տարիներ առաջ Հայաստանի օրուայ կացութիւնը անկախութեան նախօրեակին: Ստորեւ մաս մը, Ճորճի-Անն Օշականի խօսքէն.-
“Արեւմտահայաստան հայութենէ գրեթէ պարպուած ցեղասպանութեան իբրեւ արդիւնք, շուրջ 600 հազար տարագրեալներ անօթի եւ համատարած հիւանդութիւններ ամէն կողմ, 600 տարի ստրկութենէ ետք ինքնակառավարման ոչ մէկ փորձառութիւն, մեծ թիւով մտաւորականներու ապրիլեան կորուստ, ոչ մէկ ծովային ելք, գրեթէ շրջափակուած շրջան մը, Արեւմուտքէն թէ արեւելքէն յարձակումի մնայուն հաւանականութիւն եւ անապահովութիւն:
Այս անբաղձալի պայմաններուն տակ, վստահելով իր սեփական ուժերուն Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան ղեկարութեամբ Մայիս 28, 1918ին հայ ժողովուրդը իր անկախութիւնը հաստատեց: Հակառակ բոլոր մարտահրաւէրներուն, նորանկախ հանրապետութիւնը որդեգրեց արդէն առեւմուտքի մէջ իւրացուած ժողովրդավարական սկզբունքներուն վրայ, յուսալով անոնց զօրակցութիւնը ԱԶԱՏՈՒԹԵԱՆ եւ ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ գաղափարին, ժողովրդի մը որ կը փորձէր իր ցեղասպանութեան վէրքերը դարմանել, ցեղասպանութիւն մը որուն բոլորն ալ վկայած էին: Անկախութեան յաջորդող տարիներուն անհամար դժուարութիւններ, սահմաններու անորոշութիւն, մարդասիրական օգնութիւն որու ձեւաւորումին եւ պաշտպանումին համար յոյս դրուած էր առեւմուտքին վրայ, յատկապէս Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու ղեկավարութեան:
Նախագահ Ուտրօ Ուիլսըն, Ժողովրդավարական կուսակցութենէն, մտերիմ բարեկամը մեր ժողովրդի հետամուտ էր անոր Հանրապետութեան ամրապնդումին: Սակայն Ա.Մ.Ն.-ի ներքին քաղաքական ընտրապայքարներու ընթացքին տուին տարբեր ուղղութիւն, հանրապետականները երկրի ներքին դժուարութիւնները, լաւ առիթ համարեցին նախագահութիւնը ձեռք ձգելու, պատահածը այսօրերուն մեր ականատես եղած քաղաքականութենէն շատ չէր տարբերէր: Նոյնինքն ժողովրդավար կուսակցութեան ներքին շրջանակներուն մէջ մօտեցումի փոփոխութիւն սկսած էր, պետութեան ղեկը իրենց մօտ պահելու նպատակով: Միացեալ Նահանգներու հանրային կարծիքը որ կը միտէր ցեղասպանութենէն ճողոպրած այս փոքրաթիւ ազգին օգնել, հետզհետէ մարեցաւ: Իր աշխարհագրական դիրքով եւ տնտեսական կարելիութիւններով Թուրքիոյ ի նպաստ կշիռը ծանրացաւ, մինչ Հայաստան ու հայ ժողովուրդը հսկայական մարդասիրական եւ տնտեսական ներդրումի կարիքը ունէին եւ ոչ մէկ տնտեսական շահերու յոյսեր: Տեսնելով այս տխուր զարգացումները, Հայկական կառավարութիւնը շարունակեց պայքարիլ մինչեւ այն օրը երբ նախընտրելով չարեաց փոքրագոյնը, մեր հայրենիքը յանձնեց Սովետական իշխանութեան: Անցեալի Քաղաքական հոլովոյթները այնքան ալ շատ չեն տարբերիր մերօրեայ պատկերէն, վերանկախացած մեր հայրենիքի նոյն միջավայրին մէջ է եւ մենք նոյն ակնկալութիւնները դեռ ունինք արեւմուտքէն: Կ՛ակնկալենք, որ շիտակ բանը ընեն ի վերջոյ. Ինչ որ բարոյական պարտք մըն է, բայց եւ այնպէս քարիւղն ու շրջանային շահերը թէ Թուրքիոյ եւ թէ Ատպէյճանին ի նպաստ են այսօր: Սակայն, մեր հայրենիքը ունի մէկ առաւելութիւն անցեալին բախդատաբար, այդ ալ հզօր եւ որոշակի կազմակերպուած սփիւռքը, որ իր ուժականութեամբ կարող է պարտադրել համաշխարհային ընտանիքին մեր հայրենիքին աւելի յարմարաւէտ գոյատեւելու պայմաններ ստեղծելու:
Այսօր միայն տօնախմբութեան օր մը չէ այլ մեր ուխտը նորոգելու օր մըն է, նուիրուելու մեր ազգին եւ հայրենիքին, յանուն մեր Հայրենիքի բարօրութեան եւ բարգաւաճումին, Արցախին եւ Ջաւախքին:
Մենք ենք սփիւռքը…բոլորս ենք, մեր պատասխանատուութիւնն է ծառայել մեր Ա. Հանրապետութեան հիմնադիրներուն տեսլականով, հաւատալով թէ հակառակ մեր դէմ ցըցուած բոլոր հաւանականութիւններուն եւ մարտահրաւէրներուն, մենք պիտի կերտենք հզօր ազատ անկախ եւ միացեալ մեր հայրենիքը, մեզի չշնորհուեցաւ անկախութիւնը, մենք կերտեցինք անգին զոհողութիւններով, եւ այսպէս պիտի պահենք ու պահպանենք զայն:
Մայիսեան տօնախմբութեան գաղտնիքը անոր մեզ տուած պատկանելիութեան այն հզօր զգացումին մէջն է: Այսպէս մեր յաղթական երթը պիտի շարունակենք“:
Յայտագրին յաջորդ բաժնով, հանդէս եկաւ ժողովրդային երգիչ Հրանդ Կիւլեանը որուն կ՛ընկերակցէր Շահան Գրիգորեանը, ներկաները խանդավառեցին ժողովրդային եւ յեղափոխական երգերով:
ԹՂԹԱԿԻՑ