ՏԻԳՐԱՆԱԿԵՐՏԻ ՍՈՒՐԲ ԿԻՐԱԿՈՍ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ ՄԱՏՈՒՑՈՒԵՑԱՒ ՊԱՏԱՐԱԳ

0 0
Read Time:39 Second

Երկար տարիներու ընդմիջումէ ետք, Կիրակի Հոկտեմբեր 23, 2011-ին, Տիգրանակերտի մէջ վերաբացուեցաւ Հայաստանեայց Աառաքելական եկեղեցւոյ Միջին Արեւելքի մեծագոյն կալուածը` Սուրբ Կիրակոսը:

Արդարեւ, աւելի քան 2500 հայերու մասնակցութեամբ, եկեղեցւոյ մէջ, պատարագ մատուցեց Պոլսոյ հայոց պատրիարքութեան ընդհանուր փոխանորդ Արամ արք. Աթեշեան:

Օր մը առաջ` Շաբաթ, Հոկտեմբեր 22-ի երեկոյեան կատարուած էր եկեղեցւոյ վերաբացումը, որուն պաշտօնական օծումէն ետք, Տիգրանակերտի քաղաքապետ Օսման Պայտեմիրը, Միացեալ Նահանգներէն եւ Հայաստանէն ժամանած հիւրերը հրաւիրած էր ընթրիքի: Այս պաշտօնական ընթրիքի ընթացքին Պոլսոյ հայոց պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Արամ արք. Աթեշեանն ու Միացեալ Նահանգներու պատուիրակութիւնը պարգեւատրած էին քաղաքապետը: 1915-էն ետք Սուրբ Կիրակոսը կիսաւեր վիճակի մատնուած է եւ դադրած է գործելէ:

Ա. Համաշխարհային պատերազմի տարիներուն օգտագործուած է որպէս զինանոց, իսկ պատերազմէն ետք` իբրեւ մթերանոց: 1960-ին եկեղեցին վերադարձուած է Տիգրանակերտի հայութեան, սակայն նիւթական անբաւարար պայմաններու տակ գտնուելով` տարիներով մնացած է անխնամ վիճակի մէջ:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles