
Շաբաթ, Հոկտեմբեր 16ին, տեղի ունեցաւ Հալիձոր եւ Տաթեւ գիւղերը իրարու միացնող աշխարհի ամէնէն երկար ճոպանուղիի բացումը: 11 ամսուան աշխատանքէ ետք ծնած եւ 5,7 քիլոմեթր երկարութիւն ունեցող ճոպանուղին աւելի մեծ դիւրութիւններ կ’ընծայէ շրջան այցելողներուն եւ զբօսաշրջիկներուն համար: Ճոպանուղիի շինութիւնը կատարած է զուիցերիականաւստրալիական ընկերութիւն մը, իսկ կառուցման համար ծախսուած է 13 միլիոն եուրօ: Որոտանի գեղատեսիլ կիրճին վրայէն կÿանցնի այս ճոպանուղին, որ յատկապէս լուսնկարիչներու համար պիտի ըլլայ դրախտավայր մը: Սոյն ծրագիրը կը նպատակադրէ շրջանը զարգացնել, Հայաստանի այդ հնագոյն եւ հեղինակաւոր վանական համալիրի հոգեւոր, գիտական եւ մշակութային արժէքներու, անոր համբաւին ու փառքին վերականգնման:
Ճոպանուղիի բացման արարողութեան մասնակից դարձան Հ.Հ. նախագահ Սերժ Սարգսեան, Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեան, նաեւ Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսը: Այս առիթով Տաթեւի վանքին մէջ տեղի ունեցաւ Սուրբ Պատարագ:
Նախագահ Սարգսեան իր արտասանած խօսքին մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց ծրագիրի իրականացման մէջ ներդրում ունեցողներուն, յատկապէս մոսկուայաբնակ Ռուբէն Վարդանեանին եւ բոլոր շինարարներուն: Ան յոյս յայտնեց, որ Տաթեւի համալիրի իր բնապատկերով իր գիրկը կը բերէ բազմաթիւ զբօսաշրջիկներ՝ նպաստելով Սիւնիքի եւ Հայաստանի զարգացման: Ան նշեց, թէ ճոպանուղին կոչուած է նոր հմայք տալու Որոտան կիրճին: Ան ըսաւ թէ »Տաթեւի վերածնունդ« ծրագիրը Հայաստանի հարաւի համակողմանի զարգացման ռազմավարութեան կարեւոր իրագործումներէն է, այս շրջանի տնտեսական, գիտական ու մշակութային կեանքի աշխուժացման: