Յօդուածներ
«Վաղը Կարող Է Ուշ Լինել…»

Գէորգ Պետիկեան
Ի տես մեր ներքին եւ արտաքին հարցերուն, կը հաւատամ, որ ինծի նման շատերն ալ, հայ միտքը սառեցնող միավանկ կամ բազմավանկ բառերով, առ որ անկ է շատ հարցումներ ունին հարցնելիք ու անհամբեր անոնց պատասխաններուն կը սպասեն: Որովհետեւ, այսօր այդ բոլոր հարցերը, ներքնապէս մեզ կը տանջեն:
Հարցումներ ըսի, որոնք հետաքրքրութեան սահմաններէն անդին անցնելով, մտահոգութիւններու ծնունդ ալ կու տան:
Միտքս պարզեմ:
Ու թերեւս շատերուն համար, այս տողերը կրկնութիւններ ըլլան: Նոյնիսկ՝ սովորական աղմուկ: Բայց… հոգ չէ… ինծի համար ասոնք բոլորն ալ պարզապէս եւ անմեղօրէն, յիշեցումներու պիտակ կը կրեն:
Ու նորութիւն մը չէ երբ ըսեմ որ այս օրերուն, հայրենիքէն ներս կամ դուրս, ազգային մեր կեանքը բարդացած է: Ամէն «բան» պարզ չէ: Նոյնիսկ՝ ամէն բան տակն ու վրայ է: Զուրկ է իր «միջուկէն»: Անողոք ալ է: Ասոր իբրեւ հարազատ արդիւնք՝ մեր ազգային դժբախտութիւնն ալ մեզ մտահոգելու չափ բաւական խոր է:
Արդ, թէեւ տասնամեակներէ ի վեր մեր հայրենիքը ազատ եւ անկախ պետութիւն ալ է, բայց տակաւին հոն իր կեանքը հակասական ընթացքի մէջ է: Հո՛ն, մեր իսկական ազգային իմաստի հետքերը կարծես սկսած են կամաց-կամաց ջնջուիլ: Որովհետեւ, յստակօրէն տեսանելի է, թէ ինչպէ՞ս հայրենիքը ներկայիս ներքին եւ արտաքին, վախազդու եւ նոյնքան ալ սարսափելի տագնապներու մէջ կ’երերայ: Կ’ապրի: Անոր աշխարհական, տնտեսական եւ քաղաքական նոյնիսկ եկեղեցական ու հոգեւոր կառոյցներն ալ կը դիմագրաւեն մեծ ու փոքր տագնապալի հարցեր, որոնց լուծումը անյետաձգելի օրակարգներ դարձած են:
Ահա թէ ինչո՞ւ եւ ինչպէ՞ս մեզմէ շատ-շատեր կորսնցուցած են իրենց հաւատքն ու վստահութիւնը: Յուսախաբ ալ են եւ նոյնքան ալ թերահաւատ: Այսպէս, մէկը կ’ողբայ իր կորսնցուցած «արեւին», ուրիշ մը՝ վաղուան «արեւը» կը տենչայ: Մէկուն համար հայրենի կեանքը անուշ եւ քաղցր է, իսկ ուրիշին՝ լեղի: Անդին մէկը շատ ուրախ է իսկ ուրիշ մը ուռենիի տխրութեամբ կ’ապրի: Կը գոյատեւէ:
Ու պատճառը շատ պարզ է…որովհետեւ, հոն ամէն տեսակի եւ մակարդակի չափանիշները… խախտած են:
Անոր համար, հաւատացէ՛ք, բոլորս ալ, հեռու կամ մօտիկ, ներսը կամ դուրսը ապրող քիչ թէ շատ, մէկական մտահոգներ դարձած ենք:
Ու իբրեւ այդպիսիներէն մէկը, ես ալ, իրմէ հազարաւոր մղոններ հեռու ապրող հայ մարդ, ամէն առիթով, շատերու նման, հետեւելով հոն տիրող ամէնօրեայ անհանգիստ եւ անպատշաճ մթնոլորտին, իմ կարելիովս փորձած եմ եւ կը փորձեմ միանալ հայրենակիցներուս խուլ ցաւերուն, ծանօթանալ անոնց անհատնում հարցերուն:
Բայց…կարծես միշտ անտեսանելի «արգելք» մը, կարողութիւններուս եւ բաղձանքներուս ետին կեցած ըլլայ…:
Հաւատացէ՛ք, միշտ ուզած եմ եւ նոյնիսկ փորձած մտնել հայոց պատմութեան խիտ անտառէն ներս ու ուզած եմ փնտռել եւ տեսնել, գտնել եւ ապա դասեր քաղել հայրենասիրութեան, ազգասիրութեան, ազատութեան եւ կամքի ու հաւատքի ատաղձներուն հետքերէն:
Նաեւ գիտեմ որ բոլորս ալ զանազան մտահոգութեան ալիքներու հանդիպելով, եւ մեր մտքերուն մէջ օրօրուող պատկերներով անանուն ցաւեր շալկած կ’ուզենք արտայայտուիլ…մեր մտքերը հանդարտեցնող պատասխաններ որոնել: Մտահութիւններէ ծնունդ առած հարցումներուն լուծումներ փնտռել: Սակայն միշտ մնացած ենք անորոշ եւ մտահոգ վիճակներու մէջ:
Բայց, մշտապէս տառապանք ապրելով, կարելի չէ կեանքին հետ հաշտ մնալ ե՛ւ ապրիլ, ե՛ւ գոյատեւել: Չէ որ բոլորս ալ մեր հայրենիքին հանդէպ եւ նկատմամբ որոշ եւ յստակ առաքելութիւններ եւ յանձնառութիւններ ունինք…
Ու երբ անպատասխան մնացած ենք մեր հարցումներուն դիմաց, կարծես բռնած ենք «չարչարանքի» ճամբան ու այդ ճամբու ընթացքին անզգալաբար երբեմն անգիտակից դարձած: Ու իբրեւ հարազատ արդիւնք եւ մանաւանդ գերագոյն «զէնք», զիրար վիրաւորած…պախարակած… բամբասած եւ նոյնիսկ հայհոյած…
Խօսելու, լուսաբանելու, համոզելու, պարզաբանելու եւ մեր միտքերը յստակացնելու կերպերը շատոնց մոռցած ենք կարծես: Անոր համար բոլորս ալ դիմած ենք «ուժին», «լեզուին», եւ նուաստացուցիչ «բառերուն»
Որովհետւ, անէծք չար սատանային, բոլորս ալ անխտիր, իբրեւ հայ մտահոգներ, կամ մտահոգ հայեր, կը տեսնենք, թէ ինչպէ՞ս ազգային մեր յոյզերուն եւ ապրումներուն մէջ վերջակէտ մը չկայ: Չունինք: Չենք կրցած գտնել: Մեր ներկայէն կարծես բացակայ են խաղաղութիւն, համերաշխութիւն, միասնականութիւն եւ ուրախութիւն բառերը: Մեզի վայել չեն այս «տեսարանները»: Անոր համար է որ սովորական աղօթքի նման, կ’ուզենք, եւ կը տենչանք յոյսերու մէջ փաթթուած քալել, ապրիլ, ապրեցնել ու մեր խառն մտքերուն խաղաղութիւնը որոնել: Որովհետեւ այս վիճակով կամ այս մթնոլորտին մէջ կարելի չէ ժողովուրդ մը «ապրի, գոյատեւէ, «շնչէ»…
Ըսեմ, որ յաճախ մեզ փրկողը… թէեւ մեր լռութիւնն ալ է, բայց… այս օրերուն իբրեւ «փրկութիւն», նաեւ պիտի ըսեմ, որ պայման է յամառօրէն մեզ ոգեւորող ածուները փնտռել, նոր լոյսին եւ յոյսին բացուող միտքերով հետազօտել: Այդ ածուներն են, որոնք պիտի կարենան մեր մտքերու ամէնօրեայ բեռը վերցնել:
Արդ, էական ու նախապայման է մեր մտքերու վերանորոգումը: Մեր միտքերը անպայման նոր զարթօնքի պէտք ու կարիքը ունին: Մեծ պահանջք ունինք ստեղծագործ միտքերու եւ բազուկներու: Այս բոլորը կ’ենթադրեն ճիգ, զոհողութիւն, սէր, նուիրում եւ գիտակցութիւն, հայրենասիրութեան կողքին:
Յանձնառու գիտակցութեամբ, պայման է նաեւ լայն բանալ մեր մտածումի պատուհանները: Այլ խօսքով, դուրս գալ մեր ներկայի մակերեսէն եւ իբրեւ նորածագ արեւ, հայրենի հորիզոնին վրայ բարձրացնել ներկայի եւ ապագայի տեսլականը:
Այս բոլորը՝անպայման այսօր… գալիք ժամանակներու մեր ազգովին ներկայութեան համար: Աւելին՝ որպէսզի մեր յոյսի տաճարը չփլի:
«Այսօրուայ գործը վաղուան մի՛ ձգեր…միշտ կրկնած են մեր մեծերը:
Որովհետեւ…երէկը արդէն չկայ, յուշ դարձած է. ու Վարդգէս Պետրոսեանի բառերով՝ «վաղը կարող է ուշ լինել…»:

