ՍՓԻՒՌՔԻ ՆԱԽԱՐԱՐԸ ՍՓԻՒՌՔԻ ԻՇԽԱՆ ՉԵՂԱՒ, ԱՅԴ ՓՈՐՁՈՒԹԻՒՆԸ Կ’ՈՒՆԵՆԱ՞Յ ՅԱՆՁՆԱԿԱՏԱՐԸ

0 0
Read Time:3 Minute, 32 Second

Յ.Պ.

6 Յունիս 2021

            Սփիւռքի կազմակերպութիւններուն եւ միութիւններուն թիւը (որոնց սահմանումը եւ տարբերութիւնը յաճախ չեմ հասկցած) ոչ ոք գիտէ, կրնայ գիտնալ, քանի որ ամէն օր նոր մը կը յայտնուի, յաճախ անհատի մը շուրջ եւ անհատական փառասիրութեան համար: Ֆրանսա աւանդական սէր ունի «նախագահ» բառին հադէպ:

            Եթէ Ֆրանսայի մէջ նախագահի գդակ կրողները խմբուին, քաղաք մը կրնան ստեղծել: Այդ աւանդութիւնը իւրացուցած են նաեւ հայերը:

            Եթէ ճիշդ են տեղեկութիւնները, միութիւններու եւ կազմակերպութիւններու բազմացման պիտի նպաստէ Հայաստանի կառավարութիւնը իր Սփիւռքի հարցերով յանձնակատարի նախաձեռնութեամբ: Քանի որ ան կը մտադրէ Ֆրանասայի մէջ ՄԻՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ՀԻՄՆԵԼ: Միթէ՞ անբաւարար կը համարէ եղածները: Անպայման անդամներ կրնայ գտնել: Միշտ ալ եղած են, եւ կան, երեւելիութեան մարմաջ ունեցողներ:

            Եղած «նախագահ»ներուն եւ «նախագահիկ»ներուն վրայ մէկն ալ կ’աւելնայ եւ բազմահարիւր «առաքեալ»ներուն եւ «փրկիչ»ներուն թիւը լրացնելու համար նոր մըն ալ կու գայ: Ըլլալով «պետական» նախաձեռնութիւն, այս նոր միութիւնը պիտի յաւակնի ունենալ յաւելեալ օրինաւորութիւն (ինչպէս կ’ըսեն Հայաստան՝ լեգիտիմութիւն), տէր փնտռողներ պիտի խմբուին ընդդէմ «դասական» կոչուած կազմակերպութիւններուն, որպէսզի աւելի բարձր խօսին, աւելի երեւելի դառնան, Հայաստան հրաւիրուին եւ դիմաւորուին: Այդպէս է փառքի վաշխառութեան փորձութիւնը եւ աւանդութիւնը:

            4 Յունիսին լուրը տրուած է մամուլով, «Հրապարակ» թերթով, Սերգէյ Առաքելեանի ստորագրութեամբ, հետեւեալ խորագրով. «Սինանեանն ու Սրմաքէշը* Ֆրանսիայում կազմակերպութիւն են նախաձեռնել. կը պառակտե՞ն հայկական սփիւռքը»: Ըսուած է, որ կազմակերպութիւնը պիտի կոչուի Mouvement arménien:

            Ըստ թերթին, նոր միութիւն ստեղծելու սփիւռքի «գործերի յանձնակատար»ի դրդապատճառը այն է, որ սփիւռքը բացասական վերաբերում ունի Փաշինեանի նկատմամբ, եւ ստեղծուած-ստեղծուելիք «կազմակերպութիւնը կարող է ծառայել որպէս իմքայլական իշխանութիւններին աջակցութիւն ապահովելու գործիք»: Այսինքն, Փաշինեանի հանդէպ բացասական վերաբերում ունեցողներուն պէտք է հակադրել դրական վերաբերում ունեցողներու խումբ: Եւ Սերգէյ Առաքելեան իրատեսութեամբ հարց կու տայ. «…կը պառակտե՞ն հայկական սփիւռքը»:

            Ի հարկէ լուրը մասնաւոր ուշադրութեան առարկայ պիտի չդարձնէի, եթէ նախաձեռնութիւնը տեղական ըլլար, քանի որ ֆրանսա շատ դիւրին է նոր միութիւն մը ստեղծել, 1901 օրէնքով: Քանի մը հոգի իրարու քով կու գան, նահանգապետութեան դիմում կը ներկայացնեն, անուն եւ հասցէ ճշդելով: Այս պարագային, միութիւն ստեղծելու նախաձեռնողի անձը եւ միտումը առնուազն մտածելու կը մղեն, եթէ ոչ՝ մտահոգուելու:

            Սփիւռքը հակակշռելու միտումը նոր չէ: Անցեալին, Լեւոն Տէր Պետրոսեան, Փարիզ, Հոթէլ Էնթերքոնթինանթալի մէջ բացորոշ կերպով ըսած էր, հրապարակաւ, որ կը նշանակեն իրենց ներկայացուցիչները եւ անոնց միջոցաւ կը կառավարեն սփիւռքը… Այլ հարց է, թէ ի՞նչ կ’ըլլան հետեւանքները նման նախաձեռնութեան մը:

            Այսինքն՝ սփիւռքին կը պարտադրեն կարծիք:

            Փոխանակ եղած միութիւններուն հետ համագործակցելու, ինչո՞ւ պետութեան յանձնակատարը նոր միութիւն կ’ուզէ ստեղծել: Պետութիւնը ինքզինքին հարց պէտք է տայ, թէ ինչո՞ւ այդ համագործակցութիւնը չկայ, չէ եղած միութիւններուն եւ կազմակերպութիւններուն հետ:

            Կը խորհիմ, որ յանձնակատարը նման նախաձեռնութենէ մը առաջ, այս հարցումին պէտք է պատասխանէ:

            «Հրապարակ» թերթը կ’ընէ այլ հարցում-հաստատում մը. «Սինանեանն ու Սրմաքէշը* Ֆրանսիայում կազմակերպութիւն են նախաձեռնել. կը պառակտե՞ն հայկական սփիւռքը»:

            Այսինքն՝ Հայաստանի «պառակտում»ներու բեմահարթակը սփի՞ւռք պիտի բերեն:

            Իսկ շատ աւելի վիրաւորական է ե՛ւ սփիւռքի ե՛ւ Հայաստանի պետութեան համար լրագրողի այն դատումը, որ «կազմակերպութիւնը կարող է ծառայել որպէս իմքայլական իշխանութիւններին աջակցութիւն ապահովելու գործիք»: Այսինքն նախաձեռնութիւնը չունի նաեւ համահայկական եւ ազգային միտում, այլ՝ «հատուածական»:

            Եթէ «սփիւռքի հարցերի գործակատար»ը, ինչպէս Հայաստան ընդհանրացած եզրով բացատրուող «մանիպուլացիա» պիտի ընէ սփիւռքի մէջ… Այս աւելի քան արհամարհանք է սփիւռքի նկատմամբ, որ Հայաստանի կողքին կանգնելու համար, անցեալին եւ այսօր, երբեք չէ սպասած, որ այդ վերաբերումը Հայաստանի իշխանութիւնները կազմակերպեն, այդ երբեք չէ ըրած հրահանգով, ըրած է ազգային գիտակցութեամբ, յանձնառութեամբ:

            Չ’արժեր աւելի խօսիլ այս նախաձեռնութեան մասին:

            Պիտի պատահի՞ օր մը, որ Հայաստանի իշխանութիւնները մտածեն սփիւռքեան կառոյցներու հզօրացման մասին, մտածեն հայկական համրանքի, հայկական մշակոյթի, հայերէնի իւրացման եւ գործածութեան մասին եւ օժանդակեն գոյութիւն ունեցող կառոյցներուն,- դպրոցներ, թերթեր, թատրոն, երգչախումբեր,- առանց հրէի եւ հեթանոսի տարբերութիւններ տեսնելու:

            Ինչ կը վերաբերի հայերէնի իւրացման եւ գործածութեան, լաւ կ’ըլլայ որ այդ ընեն երկրին մէջ, եւ մեր լեզուէն արտաքսեն զայն աղարտող հազարաւոր օտար բառերը: Գործուող աւեր՝ որուն աւագ դերակատարները պետական այրերն ու կանայքն են:

            Խորապէս տխրեցայ երբ կարդացի՝ լրագրողի գործածած սահմանումը. «…աջակցութիւն ապահովելու գործիք…»: Չարաշահո՞ւմ, արհամարհա՞նք:

            Պառակտում՝ ներսը:

            Վերանկախացումէն ի վեր Հայաստանի հանդէպ նուիրումը դրական ազդակ հանդիսացաւ սփիւռքի պառակտումներուն յաղթահարման:

            Ի՞նչ կը կարծէք որ կ’ըլլայ հետեւանքը, եթէ Հայաստանի իշխանութւնները սփիւռքի հետ վարուին որպէս «գործիքի»…

            Հայաստանցիի պէս կրկնե՞նք՝ մանիպուլացիա…

            Կրկին կը պառակտուի՞ սփիւռքը, կը պառակտե՞ն…

            Մեծ իմաստուն եւ մեծ քաղաքագէտ ըլլալու կարիք չկայ հասկնալու համար, որ ջլատումներ առաջնորդած եւ կ’առաջնորդեն ձախողութեան եւ պարտութեան: Եւ ջլատումները չեն գար դուրսէն: Անոնք հետեւանք են մեր ապիկարութիւններուն:

 

 

* Ըստ «Հրապարակ» թերթին, նախաձեռնութեան կը մասնակցի նաեւ «Ֆրանք Միւլլէր» ժամագործական ընկերութեան համահիմնադիր, հայազգի գործարար, միլիոնատէր Վարդան Սրմաքէշը։

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles