Լրահոս

Սփիւռքի Զօրաշարժի Խորհրդաժողով` Փարիզի Մէջ

 

Ապրիլ 11-ին, Փարիզի մէջ մեկնարկը տրուեցաւ Սփիւռքի զօրաշարժին նուիրուած խորհրդաժողովին, որուն նպատակն է քննել վերջին տարիներուն հայութիւնը ցնցած աննախընթաց տագնապներն ու մարտահրաւէրները։

Խորհրդաժողովը կը համախմբէ աւելի քան 25 երկրէ շուրջ 150 ներկայացուցիչներ՝ ներառեալ համայնքային առաջնորդներ, կազմակերպութիւններու պատասխանատուներ, հանրային-քաղաքական գործիչներ, գիտնականներ, մասնագէտներ, գործարարներ եւ երիտասարդներ։

Բացումը կատարեց Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ Յովսէփ Տէր-Գէորգեան։ Իր ելոյթին մէջ ան ներկայացուց այն իրավիճակը, որ պարտադրած է նման աննախադէպ նախաձեռնութիւն կազմակերպել։ Ան շեշտեց, թէ Հայաստան կը գտնուի օրհասական վիճակի մէջ, եւ կանգնած է մարտահրաւէրներու առջեւ, որոնք կը սպառնան հայու ինքնութեան եւ Հայաստանի պետականութեան։ Ան անդրադարձաւ իշխանութիւններուն կողմէ ցեղասպանութեան ժխտման, ստորացուցիչ խաղաղութեան եւ եկեղեցւոյ դէմ պայքարին։ Արցախը անուանեց չմարող վէրք եւ ընդգծեց, որ ներկայ կործանարար ընթացքը կը վտանգէ նաեւ Սփիւռքը՝ յուսախաբ ընելով սփիւռքահայութիւնը, մղելով ինքնամփոփման եւ օտարելով զայն իր հայրենիքէն։ Բիւրոյի անդամը եզրափակեց՝ նշելով, թէ պէտք է գործել ոչ միայն ընդդէմ վտանգներուն, այլեւ յանուն համազգային նպատակներու։

Ապա ընթերցուեցան երկու կաթողիկոսներու՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա Կաթողիկոսին ողջոյնի պատգամները։

Advertisement Subscribe Today

Ողջոյնի խօսք արտասանեցին Արցախի Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Դանիէլեան եւ Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան։

Կարեւորելով նախաձեռնութիւնը՝ խորհրդաժողովի մասնակից, Հ.Յ.Դ. Հայաստանի ԳՄ ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան նշեց․ «Մեր երկրի առջեւ ծառացած օրհասական մարտահրաւէրներու պայմաններուն մէջ Սփիւռքի ռազմավարական դերը կը դառնայ անփոխարինելի։ Այս օրերուն քննարկումներու կեդրոնը պիտի կազմեն Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւններու նոր հորիզոնները եւ ներկայ ճգնաժամի յաղթահարումը, հայկական ինքնութեան սպառնացող մարտահրաւէրներուն դէմ պայքարին մէջ ազգային կառոյցներու եւ Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ դերակատարութիւնը, ինպէս նաեւ համահայկական միասնական օրակարգի ձեւաւորումը»։

Խորհրդաժողովի աշխատանքները պիտի շարունակուին Ապրիլ 12-ին եւ խորհրդաժողովը պիտի աւարտի աշխարհասփիւռ հայութեան ուղղուած յատուկ կոչ-յայտարարութեամբ մը, որուն պիտի յաջորդեն քաղաքական, տեղեկատուական եւ համայնքային գործնական նախաձեռնութիւններ։

 

 

 

 

 

 

 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button