Սրբուհի Տիւսաբ՝ Դոկտ. Լիզա Կիւլէսէրեանի Տեսանկիւնէն

0 0
Read Time:3 Minute, 23 Second


Անի Մարսէլեան
Մուգ ու ամպոտ երկնքի մէջէն սպրդող լոյսի շողի մը կը նմանի դոկտ. Լիզա Կիւլէսէրեանի հետ սոյն հարցազրոյցս:
Երբ կը հանդիպիս սփիւռքի մէջ ապրած սերունդի մը ուր ձուլումն ու օտարանալու ուժեղ հոսանքը յաջողութիւն չէ գտած յաղթահարելու եւ ոչնչացնելու դէպի հայրենիք կամրջող եւ հայկական ինքնութիւնը պահպանող արմատները, յատկապէս՝ այս տագնապալի օրերուն, ուր հայ ազգը յուզող լուրերու տարափը կը յուսալքէ եւ կը պղտորէ մեր հզօր ու ապահով Հայրենիք մը ունենալու երազային երազը:
Լիզա Կիւլէսէրեան զաւակն է Սեդա եւ Գէորգ Կիւլէսէրեաններու որոնք գաղթած են ջարդէն -ճողոպրած հայորդիներու ապաստան ու վերապրումի կեդրոն՝ Հալէպ քաղաքէն դէպի Միացեալ նահանգներ:
Ամերիկա ապրած ու հասակ առած Լիզայի հոգւոյն մէջ աճող ու սերմանող հայրենասիրութիւնը շուտով նկատած են իր հայ եւ օտար ուսուցիչները: Լիզայի կենսագրականին ծանօթանալու հարցին այսպէս կը պատասխանէ ինք՝ Լիզա Կիւլէսէրեանը․-
Նախնական եւ երկրորդական ուսումս ստացած եմ Լոս Անճլըսի ,Սահակ-Մեսրոպե Հայկական Վարժարանէն: Աւարտած եմ Սան Տիէկոյի UCSD Համալսարանէն, մասնագիտանալով՝ անգլերէն լեզուի եւ գրականութեան ճիւղերուն մէջ: Դոկտորական տիտղոսս ստացայ Օսթինի (Թէքսաս) University of Texas-էն: Հայերէն լեզուի սէրս ակնյայտ էր ի հետեւանք ընտանիքիս հայերէն խօսելու պարտադրանքին, հետեւողութեան եւ անշուշտ հայեցի դաստիարակութեան :
Զիս կը յուզէր նոր սերունդի օտարամոլութիւնը ու հայերէն լեզուի հանդէպ ունեցած անտարբերութիւնը: Հետեւաբար, որոշեցի կամաւոր հայերէն լեզուն դասաւանդել Թեքսասի հայորդիներուն՝ անոնց մէջ արթնցնելով մայրենի լեզուի սէրը, ծանօթացնելով զանոնք հայկական գրականական գանձերուն, բանաստեղծներուն, երաժշտագէտներուն, արուեստին, արուեստագէտներուն եւ փառաւոր պատմութեան: Այժմ դասախօս եմ Հարվըրտ Համալսարանի մէջ, ուր կը դասաւանդեմ հայերէն եւ անգլերէն լեզուները՝ զուգահեռ:
Հ․ – Որպէս հայերէն լեզուի դասաւանդող, ո՞րքանով կը գնահատես Միացեալ Նահանգներու մէջ ապրող նորահաս այս սերունդի հետաքրքրութիւնը հայերէն լեզուի հանդէպ:
Պ․-Դժբախտաբար, հոսանքը շատ զօրաւոր է, սակայն, բարեբախտաբար անյուսադրելի չէ, որովհետեւ նոր սերունդին մէջ կայ հետաքրքրութիւն մը մեր պատմութեան տխուր իրադարձութիւններուն մասին, պայքար մը հայկական ինքնութեան արմատներուն որոնման ու կառչելու, առաւել 1915 -ի պատահած անարդարութեան ու իրաւունքներու պաշտպանման հարցով, առաւելաբար՝ վերջերս կայացած եւ Հայ ժողովուրդը յուսահատութեան մատնած Արցախեան Բ. Պատերազմին, կարծես մեր նահատակներու ձայնը կ՛արձագանգէ ու լսելի կը դառնայ անոնց հոգիներու որպէսզի վերագտնեն դէպի հայրենիք ու դէպի հայկական դրօշը տանող ուղղին: Երազս է որպէս դասախօս եւ աւելին՝ որպէս հայ դաստիարակ, իմ նկատելի դերս ունենալու այս սրբազան առաքելութիւնը մէջ :
Հ․- Սրբուհի Տիւսաբի «Մայտա» վէպը անգլերէնի՝ թարգմանելու գործին եղաք օժանդակ եւ վերահսկիչ, ո՞րքանով կը գնահատէք այս թարգմանութեան լիարժէքը :
Պ․- Սրբուհի Տիւսաբի «Մայտա» վէպը մեծ հետաքրքրութիւն արթնցուցած էր հայ եւ օտար գրականագէտներու մօտ, որովհետեւ առաջին հայերէն գիրքն էր, որ կը պաշտպանէր իգական սեռի իրաւունքները՝ 1883 թուականին Արեւելքի մէջ: Հայ Միջազգային Կանանց Միութեան (AIWA) անդամներու համագործակցթութեամբ կարողացանք թարգմանել «Մայտա» վէպը անգլերէն լեզուի, բնականաբար՝ պահպանելով Տիւսաբեան ոճը:
Հ․- Տիւսաբի իր այս վէպին մէջ կ՛ըսէ․- «Երբ հաւասարութիւնը տիրէ երկու սեռի մէջ ,այն ժամանակ շղթաները կը ջախջախուին , սուտը կը դադրի եւ ընկերութիւնը կը շահի հաւասարակշռութեան մէջ ինչ որ կը կորսնցնէ անասնական ոյժերու անհաւասարութեան մէջ»: Ինչպէ՞ս կը բացատրէք Տիւսաբի այս տեսակէտը:
Պ․-Սրբուհի Տիւսաբ հեռատես էր եւ շրջահայեաց, որովհետեւ ներթափանցած էր օտար մշակոյթներու մէջ: Անոր երեք վէպերը, իրենց խորհուրդներով եւ վերլուծումներով կը կամրջեն այսօրուայ իրադարձութիւններուն հետ կիներու իրաւունքներու պաշտպանութեան առընչութեամբ, թէկուզ մէկ ու կէս դար ետք:
Հ․- Սրբուհի Տիւսաբի երկու սեռերու միջեւ հաւասարութեան կանչը եւ կոչը 1883-ին տպագրուած այս գիրքի մէջ եւ իր բոլոր գրականութեան մէջ ակնյայտ է : Ձեր կարծիքով ի՞նչի հետեւանք էր այս պոռթկումը:
Պ․-Սրբուհի Տիւսաբի մայրը եղած է կարող եւ զօրաւոր անձնաւորութեան տէր, ժառանգելով Սրբուհիի սոյն յատկանիշները, որուն հետեւանքով Սրբուհի Տիւսաբ եղած է հայ գրականութեան առաջին կին գրագիտուհին իրաւազուրկ անձերու պոռթկացող ձայնն ու պաշտպանը:
Հ․-Վերջին քաղաքական իրադարձութիւններուն եւ Արցախեան այս պատերազմին ի՞նչ էր ձեր դերը որպէս հայերէն լեզուի դասախօս:
Պ․-Արցախեան պատերազմը վերանորոգեց հայ ազգի վշտերը պատմութիւնը կը կրկներ ինքզինք , Հայաստանն ու Արցախը կրկին՝ ապրելու եւ մեռնելու պայքար ապրեցաւ՝ խուճապի մատնելով սփիւռքահայութիւնը ու համայն աշխարհը, նոյնն էր վիճակը Պոսթընի եւ Հարվըրտ համալսարանի մէջ: Զրոյցներ կազմակերպեցինք Արցախեան հարցը ծանօթացնելու Հարվըրտի օտար եւ հայ ուսանողներուն եւ դասախօսներուն: Ներկայ գտնուեցան յայտնի դէմքեր եւ դեսպաններ: Նաեւ Անգլերէն լեզուով յօդուած մը հրատարակեցի Արցախի հարցին մասին Նիւ Եորքի Քոլումպիա (Columbia University) Համալսարանի համար եւ այլ ու այլ աշխատանքներ որոնք վստահ եմ իրենց ազդեցութիւնն ու դերը պիտի ունենան Հայ ժողովուրդի արդարադատութեան պահանջքին:
Սրբուհի Տիւսաբի խօսքերով («Կինը շատ հակառակորդներ, թշնամիներ, զրպարտիչներ ունեցաւ, բայց ո՞վ արդեօք համարձակած է մօր սուրբ անունը սրբապղծել») աւարտեցի հարցազրոյցս դոկտ. Լիզա Կիւլէսերանի հետ մաղթելով իրեն նորանոր յաջողութիւններ ու անխափան վերելք:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles