
ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ («Ազատութիւն»)․- Դեկտեմբեր 3-ին, Շուշի-Քարինտակ խաչմերուկի հատուածին մէջ քաղաքային հագուստներով խումբ մը բանակային ատրպէյճանցիրներ բնապահպանական պատճառաբանութեամբ փակեցին Ստեփանակերտ-Գորիս մայրուղին:
Արցախի մէջ տեղակայուած ռուսական խաղաղապահ զօրակազմի պատասխանատուներու` ատրպէյճանական կողմին հետ աւելի քան երեք ժամ տեւած բանակցութիւններէն ետք Արցախը Հայաստանին կապող միակ մայրուղին երկկողմանի կերպով վերաբացուեցաւ բոլոր տեսակի փոխադրամիջոցներու երթեւեկութեան համար:
Ատրպէյճանական լրատուամիջոցներու համաձայն, Արցախի մէջ ռուսական խաղաղապահ զօրակազմի հրամանատարութեան հետ հանդիպած ատրպէյճանական կողմը մտահոգութիւն յայտնած է Արցախի մէջ հանքային նիւթերու «ապօրինի շահագործման ու այդ գործունէութեան հետեւանքներուն առնչութեամբ»: Կարեւոր նկատած են տեղւոյն վրայ հսկողութեան, գոյքագրման եւ բնապահպանական ուսումնասիրութեան անհրաժեշտութիւնը:
Ատրպէյճանի բնապահպանութեան նախարարութեան հաղորդումով` քննարկումներու հիմամբ սկսած է այդ աշխատանքներու իրականացման համար ճամբու քարտէսի նախապատրաստումը:
Պաքուի համաձայն, հանդիպում տեղի ունեցած է ռուս խաղաղապահներու Խոջալուի հրամանատարական կեդրոնին մէջ, ապա ատրպէյճանցիները վերադարձած են բռնագրաւեալ Շուշի:
Ակնյայտ է, թէ Ատրպէյճան այս քայլով կը դիմէ սադրանքի` Հայաստանի եւ Արցախի միջեւ ցամաքային կապի ընդհատման եւ խաղաղ բնակչութիւնը հոգեբանական ահաբեկչութեան ենթարկելու համար:
Միւս կողմէ, Դեկտեմբեր 4-ին, ռուս խաղաղապահներու ուղեկցութեամբ Մատաղիս-Քարվաճառ ճամբով հերթական անգամ կազմակերպուած էր ատրպէյճանական բեռնատարներու շարասիւնի երթեւեկը: Բեռնատար մեքենաներուն կողքին շարասիւնին մէջ եղած է մէկ մարդատար ինքնաշարժ` քաղաքային հագուստով 4 ատրպէյճանցիներով:
Շարասիւնը թեքնիք պատճառներով կանգ առած է Մարտակերտի շրջանի Գետաւան համայնքին մէջ, այնուհետեւ մարդատար ինքնաշարժի ատրպէյճանցիները մեքենայէն դուրս եկած են եւ սկսած սանձարձակ ու սադրիչ արտայայտութիւններ ունենալ այդտեղ գտնուող հայ երիտասարդներու նկատմամբ:
Այդ պատճառով յառաջացած է վիճաբանութիւն, որուն ընթացքին նշուած ատրպէյճանցիներուն միացած են նաեւ բեռնատար մեքենաներու վարորդները եւ բռնութիւն գործադրած հայ երիտասարդներու նկատմամբ:
Վէճը դադրեցնելու նպատակով նոյն տեղը հասած են նաեւ երիտասարդներու հարազատները, այս պատճառով ալ կողմերը զիրար քաշքշած են: Միջադէպի մասնակիցները ստացած են թեթեւ մարմնական վնասուածքներ: Վնասուած է նաեւ ատրպէյճանական մարդատար ինքնաշարժը:
Ըստ նախնական տեղեկութիւններու, քաղաքային հագուստով անձերը Ատրպէյճանի զինեալ ուժերու եւ ռազմական ոստիկանութեան ծառայողներ են, մինչդեռ ռուս խաղաղապահներու միջնորդութեամբ եւ ուղեկցութեամբ նշուած ճամբու պարբերաբար օգտագործումը պէտք է ունենար միայն մարդասիրական նպատակներ:
Արցախի Հանրապետութեան ոստիկանութիւնը քայլերու ձեռնարկած է` դէպքի հանգամանքները պարզելու եւ փաստագրելու համար: Միջադէպի մասին տեղեկացուած է նաեւ Ռուսիոյ խաղաղապահ զօրակազմի հրամանատարութիւնը: