ՍՏԱ­ՑԱՆՔ.- ՊՕՂՈՍ ՇԱՀ­ՄԵ­ԼԻՔ­ԵԱ­ՆԻ “ՅԻ­ՇԱ­ՏԱԿ­ՆԵՐ… ԱՆ­ՑԱԾ ՕՐԵՐ“ ԳՈՐ­ԾԸ

0 0
Read Time:10 Minute, 36 Second

 


 60ական-70ական­նե­րուն Արեւմտ­եան աշ­խար­հը կը թնդար ռոք երաժշ­տու­թեամբ:

Լի­վըր­փուլ քա­ղա­քի առաս­պե­լա­կան քառ­եա­կէն` “Պի­թըլզէն, մին­չեւ հե­ռա­ւոր Լոս Ան­ճե­լըս­եան դռներ` “Տօրզ“, երի­տա­սար­դու­թեան ալիք մը տար­ուած էր այս ժխո­րով: Մի­ջին Արե­ւել­քի եւ յատ­կա­պէս Լի­բա­նա­նի հայ գա­ղութն ալ ու­նէր իր եռու­զե­րը: Այս բնա­գա­ւա­ռէն ներս հե­տաքրք­րա­կան հա­մայ­նա­գի­տա­րան մըն է, կի­թա­ռա­հար Պօ­ղոս Շահ­մե­լիք­եա­նիՅի­շա­տակ­ներԱն­ցած Օրերը, բաղ­կա­ցած աւե­լի քան 200 էջե­րէ:

Ստո­րեւ քա­նի մը էջ այս գոր­ծէն.-

ՆԱ­ԽԱ­ԲԱՆ

Եր­կար ժա­մա­նակ է ի վեր, մտադ­րած էի գրի առ­նել երաժշ­տա­կան կեան­քիս օրե­րը: Սկսիլն է դժուար կ՛ըսեն, սա­կայն իմ պա­րա­գա­յիս, նոյն­քան դժուար եղաւ աւար­տե­լը, քա­նի որ դէպ­քեր կը յի­շէի եւ կ՛աւելց­նէի: Տա­կա­ւին նոր դէպ­քեր ալ կը յի­շեմ, բայց այս­քա­նով պի­տի գո­հա­նամ եւ փա­կեմ օրա­գիրս, ապա թէ ոչ միշտ աւելց­նե­լիք նիւթ մը կամ պա­տա­հած դէպք մը կայ:

Այս գրու­թիւնս պարզ օրա­գիր մըն է, վէպ մը չէ, եւ իս­կա­կան պա­տա­հած դէպ­քեր են եւ ան­ձե­րը բո­լորն ալ գո­յու­թիւն ու­նին եւ իրենց իս­կա­կան անուն­նե­րով յիշ­ուած են:

Այս օրա­գիրս կը ձօ­նեմ շատ սի­րե­լի զաւ­կիս` Անդ­րա­նի­կին, ինչ­պէս նա­եւ սի­րե­լի տիկ­նոջս Ազնիւին:

***

 Շատ փոքր տա­րի­քէս բա­ցա­ռիկ սէր ու­նե­ցած եմ երաժշ­տու­թեան հան­դէպ եւ կը կար­ծեմ, որ ժա­ռան­գա­կան է: Հայրս ջու­թակ կը նուա­գէր, ան­շուշտ իբ­րեւ սի­րող նուա­գող, ոչ ար­հես­տա­վարժ, եւ ամէն ան­գամ որ ջու­թա­կը ձեռ­քը առ­նէր, Մեր Հայ­րե­նիքով պի­տի սկսէր իր եր­գա­ցան­կը: Եղ­բայրս նոյն­պէս բա­ներ մը կը փոր­ձէր ջու­թա­կի վրայ, իսկ ես ան­համ­բեր կը սպա­սէի, որ իրենք նուա­գեն եւ ամէն խաղ մոռ­ցած իրենց մտիկ կ՛ընէի:

Օր մը, հա­զիւ 7 կամ 8 տա­րե­կան էի, Շթո­րա օդա­փո­խու­թեան ելած էինք, եղ­բայրս accordion մը բե­րաւ մե­զի: Տա­կա­ւին աչ­քիս առ­ջեւն է պզտիկ քրոջս` Ար­սի­նէ­ին ու­րա­խու­թեան ճի­չը: Ան­շուշտ ես ալ շատ ու­րա­խա­ցայ եւ այդ օր­ուը­նէ սկսեալ ամէն վայրկ­եան accordeonևը բո­լո­րիս ձեռքն էր: Մէ­կը կը վեր­ջա­նար միւ­սը կը սկսէր (դրա­ցի­նե­րուն աչ­քը լոյս): Ամե­նէն շատ Ար­սի­նէն, քիչ մը եղ­բայրս, քիչ մը հայրս, շատ քիչ մեծ քոյրս` Ալի­սը, իսկ մայրս, որ աղ­ջի­կու­թեան մա­կա­նու­նով Զուռ­նաճ­եան էր եւ կը կար­ծէ­ինք, որ իր գե­րա­դաս­տա­նէն սե­րած ըլ­լար նուա­գի սէ­րը` բնաւ…: Նոյ­նիսկ  չէ փոր­ձած մէկ եղա­նակ նուա­գել: Տա­րի­նե­րը ան­ցան, նուա­գի սէրս բազ­մա­պատկ­ուե­ցաւ, բայց ոչ accordeonևի, այլ` կի­թա­ռի: Գի­շեր ցե­րեկ կի­թառ կ՛երա­զէի, իսկ ծնողքս չէ­ին ու­զեր կի­թառ առ­նել, վախ­նա­լով որ դա­սե­րուս կը վնա­սէ: Երբ 9րդ դա­սա­րա­նի ֆրան­սա­կան breuvetևի պե­տա­կան քննու­թեան յա­ջո­ղե­ցայ չու­զե­ցի որե­ւէ նուէր բա­ցի կի­թա­ռէն, իսկ ծնողքս այն­քան ու­րախ էին յա­ջո­ղու­թեամբս, որ վեր­ջա­պէս հա­մա­ձայ­նե­ցան:

Եր­ջա­նիկ օրե­րէս մէ­կը: Վեր­ջա­պէս ու­նե­ցայ այդ­չափ սպաս­ուած կի­թա՞ռը: Կի­թառ… շա­տե­րու հա­մար պարզ նուա­գա­րան մը… ին­ծի հա­մար երա­զա­յին բան մը, որ կա­րե­լի չէ բա­ցատ­րել:

Կի­թա­ռի առա­ջին դա­սերս առի ճե­մա­րա­նի նախ­կին դա­սըն­կեր­նե­րէս, Արա Քէ­քէճ­եա­նէն, որ այդ ժա­մա­նակ նշա­նա­ւոր էր Les Lunettes Noires նուա­գա­խում­բով:

Քա­նի մը ամիս հա­զիւ ան­ցած, կազ­մե­ցի առա­ջին նուա­գա­խումբս դա­սըն­կե­րոջս Հրայր Մով­սէս­եա­նին հետ, Les Soupirants:

Տա­կա­ւին դպրո­ցա­կան աշա­կերտ ենք, 1965թ. ամա­վեր­ջի հան­դէ­սին ելոյթ պի­տի ու­նե­նանք քա­նի մը եր­գե­րով: Եր­գի­չը նոյն­պէս դա­սըն­կեր Ռի­շար Աբ­գար­եան, թմբկա­հար` Լե­ւոն Էքիզ­եան, rhythm guitar` Հրայր Մով­սէս­եան, իսկ ես` solo guitar:

Ան­համ­բեր սպաս­ուած օրը հա­սաւ եւ մենք “յա­ջող“ ելոյթ մը ու­նե­ցանք: Ներ­կա­նե­րը ու­րախ էին, տնօ­րէ­նը առա­ջին շար­քին նստած, ականջ­նե­րը կը գո­ցէր եւ ձեռ­քով նշան կ՛ընէր, որ քիչ մը ցած նուա­գենք, բայց մտիկ ընո­ղը ո՞վ:

Les Soupirants նուա­գա­խում­բի կեան­քը կարճ տե­ւեց, քա­նի մը ամիս փորձ եւ մէկ ելոյթ ըն­դա­մէ­նը:

“Les Soupirants“ի չա­փա­զանց կարճ շրջա­նէն ետք քա­նի մը ամիս ժա­մա­նա­կա­ւոր նուա­գե­ցի Los Amores  նուա­գա­խում­բին հետ, եր­գիչ` Վար­դե­վառ Ան­թոս­եան, դաշ­նակ եւ accordion` եղ­բայ­րը Աւե­տիս Ան­թոս­եան, թմբկա­հար` Վազ­գէն, թրոմ­բէթ` Տէ­նի, իսկ ես` Սո­լօ կի­թառ:

Այդ ժա­մա­նակ Վար­դե­վառ եւ Աւե­տիս (Ատիս Հար­մանտ­եա­նի քե­ռի­նե­րը) ար­դէն հա­սուն երի­տա­սարդ էին, ամուս­նա­ցած եւ զա­ւակ­նե­րու տէր: Ին­ծի հա­մար շատ հա­ճե­լի չէ­ին հին ոճով նուագ­նե­րը: Կը նա­խընտ­րէի ին­ծի տա­րե­կից տղոց հետ նուա­գել, նոր եր­գա­ցան­կով:

 Օր մը ճամ­բան քա­լած ժա­մա­նակս, Արա Քէ­քէճ­եան դէմս ելաւ: Լաւ հան­դի­պե­ցանք,և ըսաւ “bass guitar նուա­գո­ղի պէտք ու­նիմ. կ՛ու­զե՞ս հետս նուա­գել: Առա­ջար­կը շատ հա­ճե­լի էրբայց, ես bass guitar-է՞ն գա­ղա­փար չու­նիմ: Բան մը չէ կը սոր­վիս, ես քեզ լաւ գի­տեմ ըսաւ, եւ այս­պէ­սով մնաք բա­րով ըսի Los Amores ին եւ դար­ձայ այդ ժա­մա­նակ­ուան ամե­նան­շա­նա­ւոր նուա­գա­խումբ Les Lunettes Noiresևի ան­դամ իբ­րեւ bass guitarist: Ժա­մա­նակ չու­նինք կորսնց­նե­լիք , ան­դա­դար փորձ, եր­կու շա­բա­թէն հե­ռա­տե­սի­լէն ելոյթ պի­տի ու­նե­նանք, Pele-Mele յայ­տագ­րէն եր­գիչ­նե­րու եւ նուա­գա­խում­բե­րու մրցում:

Օրը հա­սաւ եւ Les Lunettes Noires այդ օր շա­հե­ցաւ Լի­բա­նա­նի նուա­գա­խում­բե­րու առաջ­նու­թիւնը: Մաս­նակ­ցե­ցանք երեք եր­գե­րով, որոնց­մէ մէ­կը հա­յե­րէն “Այո, այո“, խօսք եւ երաժշ­տու­թիւն Արա Քէ­քէճ­եա­նի: Այդ ժա­մա­նակ հա­յե­րէն եր­գո­ղը ո՞վ… անգ­լե­րէն եւ ֆրան­սե­րէ­նը կե­ցած տե­ղը, եւ մենք հա­յե­րէն եր­գով առաջ­նու­թիւն շա­հե­ցանք:

Յա­ջորդ օրը հե­ռա­ձայն մը ստա­ցանք “Հայկ“ ակում­բէն: “Հայկ“ ակում­բը ան­կախ ակումբ մըն էր, ընդ­հան­րա­պէս հա­րուստ դա­սա­կար­գի հա­յեր: Որե­ւէ կու­սակ­ցու­թեան չեն պատ­կա­նիր, ակումբ կ՛եր­թան զի­րար տես­նե­լու, հոն կը ճա­շեն, թուղթ կը խա­ղան: Մեզ հրա­ւի­րե­ցին իրենց ակում­բը շնոր­հա­ւո­րե­լու եւ առա­ջար­կե­ցին, որ ամի­սը ան­գամ մը իրենց ակում­բը նուա­գենք: Ան­շուշտ ըն­դու­նե­ցինք առա­ջար­կը:
Բա­ցի Հայկ ակում­բէն, ելոյթ­ներ եւ եր­գա­հան­դէս­ներ կ՛ու­նե­նա­յինք զա­նա­զան տե­ղեր եւ միշտ զբա­ղած էինք, մին­չեւ իսկ եր­կու ձայ­նապ­նակ հրա­պա­րա­կե­ցինք, մէ­կը ֆրան­սե­րէն Suzy, իսկ միւ­սը հա­յե­րէն “Մեղք եմ ես“, այդ ալ ըսեմ որ գո­նէ Լի­բա­նա­նի մէջ առա­ջին հա­յե­րէն ձայ­նապ­նա­կը եղաւ Les Lunettes Noiresևի “Մեղք եմ ես“ը: Արան առա­ջին էսդ­րա­տա­յին հա­յե­րէն եր­գո­ղը եղաւ Լի­բա­նա­նի մէջ եւ ոչ թէ Ատիս, ինչ­պէս կը կար­ծէ ժո­ղո­վուր­դը: Ան­շուշտ Արան Ատի­սի նման լաւ եր­գիչ չէ, բայց շատ լաւ նուա­գող էր: Արա­յին ամե­նա­մեծ յան­ցան­քը, կ՛ու­զէր ամէն ինչ ին­քը կա­տա­րել, նուա­գել, եր­գել, յօ­րի­նել: Արա­յին եր­գե­րը շատ ման­կա­կան երե­ւոյթ ու­նէ­ին եւ չսիր­ուե­ցան ժո­ղո­վուր­դին կող­մէ, ինչ­պէս որ տա­րի­ներ ետք ինքն ալ զգաց եւ որո­շեց ման­կա­կան եր­գեր եր­գել: Դարձ­եալ Արան եղաւ առա­ջին ման­կա­կան եր­գի­չը եւ այս ան­գամ յա­ջո­ղե­ցաւ:

Les Lunettes Noiresևի հետ մնա­ցի մօտ մէկ տա­րի, մին­չեւ որ օր մը Արան, որ խում­բին ղե­կա­վա­րը եւմի­եւ­նոյն ժա­մա­նակ եր­գիչն էր, անձ­նա­կան պատ­ճառ­նե­րով որո­շեց այ­լեւս չնուա­գել եւ այս­պէ­սով վերջ գտաւ Les Lunettes Noires նուա­գա­խում­բը:

Նոյն շրջա­նին շատ նո­րե­լուկ խումբ մը ելած էր, The Five Fingers, որուն թմբկա­հար Տիգ­րան Մխսեա­նը բա­րե­կամս էր: Ինձ­մէ խնդրեց, որ իրենց խում­բին օգ­նեմ իմ ցուց­մունք­նե­րով: Տա­կա­ւին շատ ան­փորձ էին: Սի­րով ըն­դու­նե­ցի օգ­տա­կար ըլ­լալ իրենց  եւ շա­բա­թը քա­նի մը ան­գամ իրենց փոր­ձին, որ կը կա­տա­րէ­ին Էշ­րէֆի­էի Կա­թո­ղի­կէ պատր­ի­ար­քա­րա­նին մէկ ան­կիւնը, ներ­կայ կ՛ըլ­լա­յի եւ քա­նի մը ցուց­մունք­ներ կ՛ընէի: Շատ հա­ճե­լի տղաք էին, եր­գի­չը Մի­մօ (Միհ­րան Գրուզ­եան) rththm guitar Նա­զօ Մոմճ­եան, solo guitar Յա­կոբ Ան­տըզ­եան, թմբկա­հար` Տիգ­րան Մխսեան, իսկ bass guitar Յա­կոբ Ճուլ­ֆայ­եան: Տիգ­րա­նը, որ շատ փոքր տա­րի­քէն electronicsևի ու­ղեղ էր, ին­քը ձեռ­քով շի­նած էր բո­լոր amplifierևնե­րը, Նա­զօն բա­ցի կի­թառ նուա­գե­լէն, ինքն ալ Մի­մո­յին կող­քին բա­ւա­կան եր­գա­ցանկ ու­նէր եւ լաւ կ՛եր­գէր, իսկ Մի­մոն շատ հա­ճե­լի եւ դպչուն ձայն մը ու­նէր: Առա­ջին վայրկ­եա­նէն զգա­ցի, որ կ՛ար­ժէր այս խում­բին վրայ աշ­խա­տիլ: Հա­կա­ռակ նոր եւ սկսնակ ըլ­լալ­նուն, ցուց­մունք­ներս շատ շատ կ՛ըմբռ­նէ­ին, բա­ցի bass  նուա­գող Յա­կո­բէն, որ բնաւ musical տղայ չէր:

Շատ կարճ ժա­մա­նա­կի հա­մար, Յա­կոբ Ճուլ­ֆայ­եա­նին փո­խա­րի­նեց Զա­ւէն, որուն մա­կա­նու­նը դժբախ­տա­բար չեմ յի­շեր: Զա­ւէն գէշ նուա­գող չէր, ու­նէր նա­եւ եր­գե­լու կա­րո­ղու­թիւն, սա­կայն Տիգ­րա­նին հետ վի­ճա­բա­նու­թիւն մը ու­նե­ցաւ, որ վեր­ջա­ցաւ կռիւով: Մէ­կէն մէ­կը պէտք էր որ ձգեր խում­բը, եւ բո­լո­րը մի­աս­նա­բար որո­շե­ցին ճամ­բել Զա­ւէ­նը: Առա­ջար­կե­ցին, որ հե­տեր­նին նուա­գեմ հի­մա որ խումբ չու­նիմ: ժա­մա­նա­կին առա­ջար­կած էին, սա­կայն մեր­ժած էի, որ­պէս­զի պատ­ճառ չ՛ըլ­լամ Յա­կոբ Ճուլ­ֆայ­եա­նին, սա­կայն հի­մա պա­րա­գան բո­լո­րո­վին տար­բեր էր: Մէ­կը պէտք էր փո­խա­րի­ներ Զա­ւէ­նը: Ըն­դու­նե­ցի իրենց առա­ջար­կը եւ դար­ձայ ան­դամ Five Fingersևի, որ եղաւ իմ ամե­նան­շա­նա­ւոր եւ եր­կա­րակ­եաց նուա­գա­խումբս, որ դի­մա­ցաւ 1965էն 1977:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles