Լրահոս

Սուրիոյ Խորհրդարանին Կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման Զօրակցութիւն

P2-3 Aleppo

 

Հայոց Ցեղասպանութեան 100 ամեակի Սուրիոյ Կեդրոնական Մարմինը, Հալէպի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ Սուրէնեան դահլիճին մէջ գումարեց յաջորդական յատուկ նիստեր: Այս նիստերուն ընթացքին ժողովականները բծախնդրօրէն քննարկեցին Խորհրդարանին բանաձեւը եւ ի հետեւումն նամակներ ուղղեցին Սուրիոյ Նախագահ Պաշար Ասատին եւ Սուրիոյ Խորհրդարանին:
Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով Սուրիոյ Խորհրդարանին մէջ հնչած Ցեղասպանութեան դատապարտումի եւ Հայ ժողովուրդին զօրակցութեան ու յարգանքի արտայայտութեան ի պատասխան, Սուրիոյ Նախագահին եւ Խորհրդարանին յղուած նամակներուն մէջ, Կեդրոնական Մարմինը յանուն սուրիահայութեան յստակօրէն իր երախտագիտութիւնը յայտնեց սուրիական հայրենիքին ու ժողովուրդին ա՛յս կեցուածքին նկատմամբ, յատկապէս յիշեցնելով ու ակնկալելով որ Սուրիան Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ միջազգայնացման գործընթացին մէջ ամէն ճիգ ի գործ դնէ:

Advertisement Subscribe Today

 

Advertisement Subscribe Today!

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button