Հայրենի Աշխարհ

Սիւնակ Սիւնիքէն.- Մեզ Պէտք Է Մեղրին


Կարին Պետեան
Ծ.Խ.- Խմբագրութիւնս ստացաւ այս նկարազարդ գրութիւնը, պատրաստուած երիտասարդ Կարին Պետեանի կողմէ: Նախապէս, Շիքակոյի Հ.Ե.Դ.-ի մասնաճիւղի անդամ, Պետեան որ նաեւ ծառայած է կեդրոնական վարչութեան մէջ, որոշած է հաստատուիլ Մեղրի եւ ՀԱՅՐԵՆԻՔ-ին ղրկել նմանօրինակ գրութիւններ: Ստորեւ, առաջին փորձը.-

Հայաստանեան հողի յանձման վերջին օրերը ինքզինքս գտայ Արցախ, այնտեղերը ուր մի քանի օրէն պիտի գրաւէին թուրքերը: Ասքան տարիներ է Արցախ կ’այցելէի, դժուար էր վերջին անգամ ըլլալով հրաժեշտ տալ Քարվաճառ եւ Քաշաթաղին. արդեօ՞ք ինչ պիտի ըսէի՝ մնաք բարով չկայ երբ չես ուզեր որ բարի մնայ նոր տէրերուն: Աջս-ձախս հրկիզուած տուներ եւ գաղթականներ, կը մաղթեմ աւելի ահռելի պայմաններ նոր բնակիչներուն: Տեսարաններէն եւ պատահածներէն բացի, դժուար էր մտնել Արցախ իբր ամերիկայի քաղաքացի եւ աւելի պիտի դժուարանար: Անցեալ ամառ խօսած էի ընկերներուս հետ, որ միասին Արցախ տեղափոխուինք մէյ մը որ երիտասարդականի պարտականութիւններս աւարտէի, իսկ առաջ որ առիթը եղաւ պատերազմը եկաւ ու գնաց ու չքացաւ մեր տարածքներուն նման:

Քարվաճառ… Նոյեմբեր 14, 2020՝ Ամպեր չեն…ծուխ է որ կը սահի լեռների գագաթներէն

Ահաւասիկ՝ նոր որոշում մը: Նկատի առնելով որ Արցախը գրեթէ ամբողջ սփիւռքահայութեան ուշադրութիւնը գրաւած էր, ես, Ալիեւին նման, դէպի Սիւնիք կեդրոնացայ: Ռուսերը եւս արգելք մը դառնալով Արցախ ապրելու, որոշում առի որ Մեղրի ապրիմ. Հայաստանի ամէնէն անտեսուած շրջաններէն, որ կը գտնուի գրեթէ ութը ժամ Երեւանէն, ուր այսօր յանձնուելու վախը իրականացած է: Շատ անհատներ եւ կազմակերպութիւններ այսօր կ՚աշխատին Արցախին հետ. բաւարար է՞՝ ոչ, սակայն չեմ կրնար ընդունիլ սատանային աջ ձեռքը որ եւս մելանով ծախէ մնացած երկիրս:

Ճամբան… դէպի Մեղրի

Իսկ Մեղրի տեղափոխուիլը դիւրին ալ չէ, ոչ թէ միայն հեռու է, ալ Երեւանի եւ Ստեփանակերտի նման զարգացած ու յառաջացած չէ՝ ինչպէ՞ս տուն կը գտնես Մեղրի, հապա երթալ գալը, իսկ հոն ինչո՞վ պիտի զբաղուիս՝ հարցումներ որ միայն Մեղրի ըլլալով կրնաս պատասխան գտնել: Վերջապէս կրցայ ինքնաշարժ մը գնել որ հանգիստ երթեւեկեմ (հանգիստ այսինքն երբ որ կ’ուզեմ, կառավարութիւնը շատ գործ ունի ընելիք, սկսեալ ճամբաներէն) եւ յարկաբաժին մը վարձել, ուրկէ այս յօդուածը կը գրեմ:

Մեղրիի Սուրբ Յովհաննէս եկեղեցին

Ահա՜, ի՞նչ պիտի ընեմ Մեղրի եւ ինչպէ՞ս պիտի կարենամ օգտակար գտնուիլ՝ չեմ գիտեր, սակայն միակ ձեւը որ գիտնամ, հոս գալս էր, ժողովուրդին ծանօթանալ եւ հոս տեղի կեանքին մասին սորվիլ:
Վերջ ի վերջոյ, ես պանդուխտի ծոռ մըն եմ եւ մենք հարիւր տարիէ աւելի անցուցինք Ամերիկա, մինչ իմ ընտանիքիս բուն տունը շատոնց թշնամու ձեռքին տակն է, կրնամ ես նորը շինել… հոս Մեղրիի մէջ:

Յ.Գ.- Եթէ Մեղրի այցելեցիք , կրնաք կապ հաստատել բջիջայինիս՝ 033911890: Ամենայն սիրով սուրճ մը կը հիւրասիրեմ:

 

 

Armenian Weekly Magazine Armenian Weekly Magazine

Մեկ մեկնաբանութիւն

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button