ՍԻՒՆԵԱՑ ԱՇԽԱՐՀՆ Է ՀԱՄԱԹՈՒՐԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ԴԷՄ ԱՆԽՈՐՏԱԿԵԼԻ ԱՄՐՈՑԸ

0 0
Read Time:2 Minute, 31 Second

Ա.Ա.

«Թշնամին նպատակադրել է մեր ժողովրդի մի խոշոր մասի դիակի վրայով կամուրջ նետել Տաճկաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ եւ տէր դառնալով Սիւնեաց աշխարհի ու Գողթանի բնական ամրութիւններուն, մշտական սարսափի տակ պահել մեր մատաղ հանրապետութիւնը»։
Գարեգին Նժդեհ

Արցախի դէմ թուրքեւատրպէյճանական ճակատին կողմէ շղթայազերծուած պատերազմին հետապնդած նպատակներէն է երկար ժամանակի վրայ գործադրելի Նախիջեւանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ հողային միջանցքի մը ստեղծումը, որ եթէ ներկայիս արդարօրէն անիրականալի եւ ցնորական ծրագիր մըն է հայ քաղաքական միտքին եւ հանրային կարծիքին համար, անդին Թուրքիոյ ծայրայեղական հոսանքին գաղափարախօսութեան հիմքն է, որովհետեւ համաթուրանականութեան աշխարհագրութեան դէմ միակ խոչընդոտը Հայաստանի հարաւային մասն է՝ իր Սիւնեաց աշխարհով։
Թուրքիոյ իշխանութեան բաղկացուցիչները այսօր ծայրայեղ իսլամական եւ ծայրայեղ ազգայնական հոսանքներուն գործակցութենէն յառաջացած բաւական արտառոց դաշինքը գոյացուցած Արդարութիւն եւ Բարգաւաճում ու Ազգային Շարժում կուսակցութիւններն են՝ իրենց կուսակցական եւ համակիր զանգուածներով։ Ասոնք նախապէս միշտ չէ, որ կը համաձայնէին եւ կը գործակցէին։ Սակայն օրէ օր խորացող իսլամական հոսանքին քաղաքական ազդեցութեան առաւել ընդարձակման ի տես՝ ծայրայեղ ազգայնականներու ղեկավար Տեւլէթ Պահչելի էրտողանի մէջ սկսաւ տեսնել Նոր Օսմանեան ծաւալապաշտական ծրագրերուն իրականացման յարմարագոյն «սուլթան»ը, որ կրնար համաթուրանականութեան կայսրութիւնը՝ գէթ իբրեւ գաղափար եւ տեսիլք, ստեղծել Եգէականէն մինչեւ Չինաստանի ույղուրներու շրջանը։ Երազ մը, որ թուրք ազգայնական շրջանակներու մոլուցքն է։
Պահչելի՝ Արցախեան պատերազմին ութերորդ օրը կը յայտարարէր, որ Նախիջեւանը Ատրպէյճանի հետ միջանցք պէտք է ունենայ եւ կը նկարագրէր այս «միջանցք»ին առաւելութիւնները։ Խորքին մէջ Պահչելիի այս պահանջը համաթուրանականութեան ստեղծման եւ ընդարձակման դիմաց թումբ դարձած հայոց ամրակուռ ամրոցին՝ Սիւնեաց աշխարհին վերացումն էր, որուն պարագային Հայաստանի առաջին հանրապետութեան օրերուն թուրքերը, թաթարները, եւ թրքացեղ բոլոր ցեղերն ու համայնավարները չյաջողեցան գործադրել իրենց նպատակը։ Գարեգին Նժդեհն ու Սիւնեաց աշխարհի քաջարի ժողովուրդը արգիլեցին եւ ձախողութեան մատնեցին ծրագիրը եւ Լեռնահայաստանի անկախութենէն հրաժարելու միակ պայմանը համարեցին Հայաստանի համայնավար իշխանութիւններուն կողմէ քաղաքական խոստումը, թէ Սիւնեաց աշխարհը Հայաստանի սահմաններուն մէջ պիտի մնայ։
Տեւլէթ Պահչելիի ձայնակցելով եւ թուրք ազգայնական շրջանակներու հայեացքներուն թարգմանիչը հանդիսանալով՝ ծայրայեղ ազգայնական հայեացքներով բաւական վիճելի գաղափարներու տէր լրագրող Ահմէտ Ֆատիլ Էրարսլան տեսերիզի մը մէջ յստակօրէն կը խօսէր համաթուրանականութեան համար կենսական նախիջեւան – Ատրպէյճան հողային միջանցքին կարեւորութեան մասին, նշելով, որ Հայաստանի հարաւային շրջանը կցելով՝ Նախիջեւանը պիտի վերածուի Եգէականէն մինչեւ Չինաստանի դռները տարածուող համաթուրանականութեան ստեղծման բանալիին։ Ան Նախիջեւանը կ՛անուանէր «Թրքական Դարպասին Բանալի»ն։
Համաթուրանականութեան այս ցնորական գաղափարը այսօր սնունդ կ՛առնէ Էրտողան – Պահչելի երեւութապէս ամուր, բայց ականապատուած ենթահողի մը վրայ կառուցուած գործակցութենէն, որ որեւէ պահու կրնայ պայթիլ՝ իսլամական ծայրայեղականութեան կայծերու բռնկեցմամբ։ Թէ՛ Էրտողան եւ թէ՛ Պահչելի ասիկա շատ լաւ գիտեն եւ նման պայթումէ մը գէթ այս հանգրուանին խուսափելու համար՝ կը շահագործեն համաթուրանականութեան իրենց հայեացքներուն միջեւ որոշ նմանութիւններու առկայութիւնը։
Նախիջեւանը Թուրքիոյ համաթուրանականութեան դարպասը փակ է ու այդպէս ալ պիտի մնայ։Գաղտնիք մը չէր,որ Հայոց աշխարհը համաթուրանականութեան դէմ ցցուած միակ խոչընդոտն է, որ շատ սուղ գին վճարած է ու կը շարունակէ վճարել, որպէսզի ամբողջ երկրագունդը այս չարիքէն հեռու մնայ։ Սիւնեաց աշխարհը մեր պատմութեան տարբեր ժամանակահատուածներուն իր ազգային դերը ամենայն պատասխանատուութեամբ կատարած է եւ այն գիտակցութիւնը, թէ Սիւնիքն է Հայաստանի, Արցախի ու համայն հայութեան գոյութեան ամէնէն ամուր երաշխաւորութիւններէն մին, հայութիւնը կը մղէ գործելու բոլոր մակարդակներու վրայ, այն խոր համոզմամբ, թէ “Գորշ գայլեր”-ուն վոհմակներուն դիմաց ազատ երկնքին մէջ ճախրող հայոց Արծիւները պաշտպանած են ու պիտի շարունակեն պաշտպանել հերոսական Սիւնիքը, ճիշդ այնպէս ինչպէս Նժդեհ եւ իր զինակիցները պաշտպանեցին Լեռնահայաստանի հայկական պատկանելիութիւնը։

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles