ՍԱՆ ՖՐԱՆՍԻՍՔՕ.- «ԻՐԱՔԱՀԱՅ ԳԱՂՈՒԹԸ ՊԱՏԵՐԱԶՄԷՆ ԱՌԱՋ ԵՒ ՆԵՐԿԱՅԻՍ»

0 0
Read Time:2 Minute, 50 Second

 

Անտոն Ադամեան`իրաքահայութեան կաթողիկէ համայնքի նախկին առաջնորդ
Անտոն Ադամեան`իրաքահայութեան կաթողիկէ համայնքի նախկին առաջնորդ

 Նախաձեռնութեամբ Սան Ֆրանսիսքոյի Համազգային մշակութային միութեան »Ն. Աղբալեան« մասնաճիւղին, »Իրաքահայ գաղութը՝  պատերազմէն առաջ եւ ներկայիս« բանախօսական երեկոն տեղի ունեցաւ Հինգշաբթի, 16 Յուլիսին, երեկոյեան ժամը 8ին, Սան Ֆրանսիսքոյի »Վասպուրական« սրահին մէջ՝ ներկայութեամբ իրաքահայութեան իրավիճակով հետաքրքրուած հայրենակիցներու: Հանդիսութեան բացումը կատարեց ու ողջոյնի խօսքերով ելոյթ ունեցաւ »Ն. Աղբալեան« մասնաճիւղի ատենապետուհի Ռուբինա Գասպարեանը, ապա հրաւիրեց գաղութիս իրաքահայ ազգայիններէն՝ Ժաք Օսկանեանը, ներկայացնելու համար օրուան բանախօսը՝ իրաքահայութեան կաթողիկէ համայնքի նախկին առաջնորդ՝ Անտոն Ադամեան:
Օսկանեան, հանգամանօրէն ներկայացնելով յարգելի բանախօսը՝ ըսաւ. »Գերապայծառ Անտոն Ադամեան ծնած է Քամիշլի, Սուրիա, 1946ին. ան բարձրագոյն ուսումը առած է Ճունի քաղաքին մէջ, Լիբանան, ապա յաճախած է Հռոմի փիլիսոփայութեան եւ աստուածաբանութեան Կրէկորիանա միջազգային համալսարանը, կուսակրօն քահանայ ձեռնադրուած է Ապրիլ 4, 1970ին, իբրեւ հոգեւոր հովիւ ծառայած է Պաղտատ՝ 20 տարի, որուն վերջին 7 տարիներուն ան եղած է առաջնորդը իրաքահայ կաթողիկէ համայնքին: Նաեւ, իբրեւ հոգեւոր հովիւ ծառայած է Դամասկոս՝ 9 տարի, Քեսապ՝ 7 տարի, Աթէնք՝ 3 տարի ու այժմ հոգեւոր հովիւն է Տիթրոյթի Ս. Վարդան հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ«:
Ան աւելցուց, »Հայր Ադամեան, ո՞ւր ալ գտնուած է, զարկ տուած է հայ մշակոյթին՝ կազմակերպելով հայ գրականութեան դասընթացքներ. հրաւիրուած է զանազան քաղաքներ, ուր ունեցած է գրական դասախօսութիւններ ու ազգայնաշունչ ելոյթներ. ազգային շունչով թրծուած եւ մտաւորական լայն պաշարով օժտուած հայ հոգեւորականներէն մին է հայր Անտոնեան. հրատարակած է »Գոյատեւման Օժիտը«, մարդկային, բարոյական ու ազգային բնոյթ ունեցող գիրքը. պատրաստ են լոյս տեսնելու »Պաղտատի Անկումը« եւ »Հայ Մշակոյթի Ասպետներ« գիրքերը«:
Ապա, հայր Ադամեան սկսաւ իր խօսքը՝ տալով պատմական ակնարկ մը Իրաքի մասին, իբրեւ՝ Միջագետք, Եդեմի դրախտ, Բաբելոնի աշտարակ ու իրերայաջորդ քաղաքակրթութիւններ. Պաղտատ, լայնածաւալ մայրաքաղաք, հազար ու մէկ գիշերներու կախարդական քաղաք: Ան ակնարկեց հայիրաքեան յարաբերութիւններուն, որոնք գոյութիւն ունին նախաքրիստոնէական դարերէն մինչեւ Արա Գեղեցիկի ու ասորեստանի Շամիրամ թագուհիի օրերը: Հասնելով 20րդ դարու կէսերուն՝ ան շարունակեց իր խօսքը, ըսելով. »Հին դարերէն Իրաքի մէջ եղած է հայկական գաղութ, որ բազմացած է յետեղեռնեան շրջանին. 20րդ դարու կէսերուն աւելի բազմանալով եւ զարգանալով՝ դարձած է ծաղկեալ ճոխ գաղութ մը, որ կը հաշուէր 25էն 30 հազար հայութիւն. իրաքահայ գաղութը տարածուած է Պաղտատէն Մուսուլ, Քէրքուքէն Զախօ եւ Պասրա, լաւապէս կազմակերպուած՝ իր եկեղեցիներով, դպրոցներով, ակումբներով ու կազմակերպութիւններով: Ակումբները ժամադրավայր էին գաղութի բոլոր զաւակներուն անխտիր: Հայը, հաւատարիմ երկրի օրէնքներուն եւ իշխանութիւններուն, շնորհիւ իր տաղանդներուն եւ արհեստագիտական ձիրքերուն, փնտռուած, յարգուած ու սիրուած տարր էր Իրաքի մէջ. հայը աշխատած է երկրին բարելաւման, ծաղկումին եւ յառաջդիմութեան: Ըլլայ թագաւորութեան թէ հանրապետութեան շրջաններուն, հայը հասած էր ընկերային նախանձելի դիրքերու«:
Ապա հայր սուրբը նկարագրեց ահաւոր պատերազմին դժոխային կացութիւնը, որուն ընթացքին ժողովուրդներ իրարու դէմ ելան, կրօնամոլութեան հոսանքը հզօրացաւ, առեւանգումն ու ահաբեկչութիւնը սաստկացան, մզկիթներու ու եկեղեցիներու ռմբակոծումները աւերներ գործեցին, ու այս բոլորը պատճառ դարձան, որ հայ ժողովուրդը արտագաղթէ, նոր ապաստաններ փնտռէ աշխարհի չորս ծագերուն: Մարտահրաւէրը շատ մեծ է, Իրաքը վերականգնելու այս մարտահրաւէրը կապուած է միջազգային մութ քաղաքականութեան. գալիք օրերը յղի են ոճրային անչափելի, անհակակշռելի ու անգուշակելի բռնարարքներով, ըսաւ ան:
»Ներկայ խառնակ ու անապահով օրերուն, ուր ամէն օր արտահոսք կայ Իրաքէն դէպի մերձակայ արաբական երկիրներ, դժուար է յստակ ու իրական վիճակագրութիւն մը կատարել իրաքահայ գաղութի զաւակներուն, որոնք տակաւին կը հեծեն տիրող դժոխային բռնարարքներուն եւ ոճրագործութիւններուն ճնշումին ու սարասփին տակ«, ըսաւ ան ու պատկերացում մը տուաւ գոյութիւն ունեցող հայ եկեղեցիներուն մասին. Հայ առաքելական համայնքը ունի երեք եկեղեցիներ Պաղտատի մէջ, իսկ մէկականեկեղեցիներ՝ Մուսուլի, Քէրքուքի, Զախոյի եւ Պասրայի մէջ. Հայ կաթողիկէ համայնքը ունի երկու եկեղեցիներ Պաղտատի եւ եկեղեցի մը Սինճարի մէջ: Ներկայ պարագաներուն, զգալիօրէն նուազած է եկեղեցի յաճախող հաւատացեալներուն թիւը. ցաւալի է հայկական դպրոցներուն վիճակը Իրաքի մէջ. գոյութիւն ունի միայն մէկ դպրոց Պաղտատի մէջ՝ Ազգային վարժարան, որ ունի միայն մանկապարտէզ ու նախակրթարան:

ՆՈՒՊԱՐ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ

About Post Author

admin

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles