
Մարտ 5ին, Սամցխէ Ջաւախքի հայկական հասարակական կազմակերպութիւններու խորհուրդի համակարգող, “Ա-Ինֆօ“ լրատու գործակալութեան տնօրէն Արտակ Գաբրիէլեան սկսաւ Եւրոպայի մէջ իր քաղաքական եւ համայնքային հանդիպումներուն:
Մարտ 6ին, Հայ Դատի Պրիւքսէլի գրասենեակին աջակցութեամբ, Արտակ Գաբրիէլեան Պրիւքսէլի մէջ հանդիպումներ ունեցած է Եւրոպական խորհրդարանի անդամներուն եւ Եւրոպական Միութեան տարբեր կառոյցներու ներկայացուցիչներուն հետ: Առանձին հանդիպումներ կայացան նաեւ Եւրոպական խորհրդարանի փոխնախագահ Էորղոս Փափասթամքոսի (Եւրոխորհրդարանի Հարաւային Կովկասի պատուիրակութեան անդամ), Թրայեան Ունկուրէանուի (Եւրոխորհրդարանի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի անդամ եւ սեւծովեան հարցերով զեկուցաբեր, Եւրոնեսթի փոխնախագահ) եւ Անտրէյ Քովաչեւի հետ (Եւրոխորհրդարանի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի փոխնախագահ): Անոր ընկերակցած են Հայ Դատի Պրիւքսէլի գրասենեակէն Գասպար Կարապետեան եւ Պետօ Տէմիրճեան:
Մարտ 7ին Ա. Գաբրիէլեան տեսակցեցաւ Եւրոխորհրդարանի անդամներ Չարլզ Թանոկի (անդամ` Արտաքին յարաբերութիւններու եւ մարդու իրաւունքներու յանձնախումբերուն), Եիրի Մաշթալքայի (Եւրոխորհրդարանի Բիւրոյի անդամ, Եւրոնեսթի անդամ), Քրիստոֆ Լիսեքի (Եւրոխորհրդարանին մէջ Վրաստանի մասին զեկուցաբեր, փոխնախագահ` անվտանգութեան եւ պաշտպանութեան յանձնախումբի, անդամ` արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի), Եւքենի Քիրիլովի (Եւրոխորհրդարանին մէջ Հարաւային Կովկասի մասին զեկուցաբեր, անդամ` արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի, ինչպէս նաեւ Հարաւային Կովկասի պատուիրակութեան եւ Եւրոնեսթի), Եաննիս Քասուլիտիսի (Եւրոպական ժողովրդական կուսակցութեան փոխնախագահ, Եւրոխորհրդարանի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի անդամ), եւ Միլոսլաւ Րանստորֆի (Եւրոնեսթի անդամ) հետ:
Յաջորդ օրը հանդիպումներ կատարուեցան Եւրոխորհրդարանի պատգամաւոր եւ Եւրոնեսթի անդամ Թաթիանա Ժթանոկայի ու Եանիս Ցուկալասի հետ:
Մարտ 9-ին, Սամցխէ Ջաւախքի հայկական հասարակական կազմակերպութիւններու խորհուրդի համակարգող Արտակ Գաբրիէլեան այցելեց Հայաստանի Եւրոպացի Բարեկամներ կազմակերպութեան կեդրոնատեղին, ուր հանդիպում ունեցած է կազմակերպութեան գլխաւոր քարտուղար Մայքըլ Քամպեքի հետ: Նոյն օրը, Արտակ Գաբրիէլեան այցելած է Եւրոմիութեան արտաքին գերատեսչութեան կեդրոն եւ հանդիպած Վրաստանի հետ յարաբերութիւններու վերաբերեալ հարցերով պատասխանատուին հետ:
Իր բոլոր հանդիպումներուն ընթացքին Արտակ Գաբրիէլեան եւրոպական կառոյցներու ներկայացուցիչներուն յանձնեց Սամցխէ-Ջաւախքի հայկական հասարակական կազմակերպութիւններու խորհուրդին կողմէ ստորագրուած յուշագիրը, ուր ներկայացուած են երկրամասի հայութեան դէմ դրուած խնդիրները, զանոնք լուծելու միջոցները եւ Ջաւախքի հայութեան պահանջները:Պահանջները հետեւեալներն են.
1. Վերջ տալ երկրամասի ժողովրդագրական պատկերը փոխելու ճիգերուն:
2. Տեղական եւ պետական կառավարման կառոյցներուն մէջ բարելաւել հայերուն ներկայացուածութիւնը:
3. Իրականացնել ընկերային եւ տնտեսական զարգացման ծրագիրներ երկրամասին մէջ` այդ առումով երկրամասին վիճակը երկրին միւս շրջաններուն հաւասարեցնելու համար:
4. Ազգաբնակչութեան հայ մեծամասնութիւն ունեցող վարչական շրջաններու կառավարման մարմիններուն մէջ հայոց լեզուի օգտագործման իրաւունք տալ:
5. Վրաստանի կազմին մէջ ինքնավար տարածքային միաւորի կարգավիճակ տալ Սամցխէ-Ջաւախքին եւ յարակից Ծալկա շրջանին:
Արտակ Գաբրիէլեան իր հանդիպումներուն ընթացքին մանրամասն կերպով խօսեցաւ այս հարցերուն մասին եւ շեշտեց, որ ինք Պրիւքսէլ կը գտնուի, որովհետեւ Վրաստանի իշխանութիւնները ոչ մէկ պատասխան կու տան իրենց կողմէ կատարուած դիմումներուն, հանդիպումներու առիթ չեն ստեղծեր, եւ որովհետեւ իրենք կը փափաքին, որ Եւրոպական Միութիւնը եւ ընդհանրապէս Եւրոպան աջակցին իրենց բարեկամ Վրաստանին` Ջաւախքի հարցերը ճիշդ ձեւով լուծելու:
Այս այցելութեան առթիւ, Արտակ Գաբրիէլեան հանդիպում մը ունեցաւ հայ համայնքին հետ: Ապա ան մեկնեցաւ Լիոն եւ Մարսէյ, ուր կատարեց զանազան հանդիպումներ: