ԳլխաւորԼրահոս

ՊՈՍԹԸՆԻ ՄԷՋ.- “ՀԱՅԵՐՆ ՈՒ ՅԱՌԱՋԴԻՄԱԿԱՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ“ ՀԻՄՆԱՐԿԻ ԳԻՏԱԺՈՂՈՎ

 

img_8759 ՊՈՍԹԸՆ.- “Հայերն ու Յառաջդիմական Քաղաքականութիւն“ հիմնարկը կազմակերպեց գիտաժողով մը, որ տեղի ունեցաւ տեղւոյն “MIT“ համալսարանին մէջ, Սեպտեմբեր 26-27-ին:

Առաջին օրուայ յայտագրի բանախօսն էր Նաոմ Չոմսքի, որ արծարծեց Թուրքիոյ ներկայ քաղաքական իրավիճակը, իր կողքին ունենալով Տէյվիտ Պարսամեանը (Քոլորատօ, Alternative Radio ):

Advertisement Subscribe Today

Յաջորդ օրը, կատարուեցան չորս տարբեր նիստեր.-

Քարոզչական (մասնակցութեամբ փրոֆ. Լեւոն Չորպաճեանի եւ բեմադրիչ Քարլա Կարապետեանի):

Հայ- թուրք յարաբերութիւններ (մասնակցութեամբ փրոֆ. Ռոնըլտ Սիւնիի, Փիթըր Պալաքեանի, Մարք Մամիկոնեանի եւ Գերմանիայէն ժամանած Պիլկին Այաթայի):

Լուսանկարներ՝ Նանօր Պարսումեանի եւ Էրին Սփակնոլոյի
Լուսանկարներ՝ Նանօր Պարսումեանի եւ Էրին Սփակնոլոյի

Հատուցում (մասնակցութեամբ փրոֆ. Ումիթ Քուրթի, Էտվին Մինասեանի եւ Երեւանի Ամերկեան համալսարանէն ժամանած Թոմ Սամուէլեանի):

Եզրակացութիւն՝ դէպի ո՞ւր կ՛ընթանանք (մասնակցութեամբՊիլկին Այաթայի, Քարլա Կարապետեանի, Անդրանիկ Գասպարեանի եւ Թոմ Սամուէլեանի):

Յատկապէս երիտասարդներէ կազմուած, հոծ բազմութիւն մը, հետեւեցաւ նիստերուն, որոնք մեծ հետաքրքրութիւն ստեղծեցին:

Նշենք, թէ այս գիտաժողովը կազմակերպած էր Հ.Յ.Դ. Արեւելեան Ա.Մ.Ն.ի Կեդրոնական կոմիտէն:

 

 

Advertisement Subscribe Today!

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button