
ՊՈՍԹԸՆ.- Հայ Մշակոյթի Բարեկամներու Հիմնարկը (Friends of Armenian Culture Society), Պոսթընի Արդի Նուագախմբային Ծրագրին (Boston Modern Orchestra Project) պիտի ներկայացնէ Տիգրան Մանսուրեանի կոթողային «Ռեքուէմ»ը, որ տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ Հոկտեմբեր 18-ին, Կեսօրէ ետք ժամը 3:00-ին, Նիւ Ինկլընտի Երաժշտանոցին («New England Conservatory») հանրածանօթ եւ շքեղ «Ճորտըն Հօլ» սրահին մէջ:
Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին նուիրուած այս ձեռնարկին նաեւ պիտի մասնակցին Հարվըրտ-Ռատքլիֆի Երաշտանոցն ու Պոսթընի Համալսարանի «Մարշ» երգչախումբը: Խմբավարն է Պոսթընի Արդի Նուագախմբային Ծրագրի մաէսթրօ՝ Ճիլ Ռոզ: Պոսթընի Արդի Նուագախմբային Ծրագիրը, յատկապէս արդի երաժշտական գործեր ներկայացնող նուագախոըմբ մըն է, որ կը գործէ 1996-էն ի վեր:
Հայոց Ցեղասպանութեան անմեղ զոհերուն նուիրուած այս հոգեհանգիստը՝ «Ռեքուէմ»ը յօրինուած է 2009-ին, եւ առաջին անգամ ըլլալով ներկայացուած 2011-ին, Պերլինի մէջ:
Այս ձեռնարկին պիտի ներկայացուի Ալըն Յովհաննէսի համեմատաբար աւելի քիչ ունկդրուած գործերէն՝ «Խրիմեան Հայրիկ»ը: 1944-ին պատրաստուած է այս գործը, որ յատուկ փողի («թրամփեթ») եւ նուագախումբի համար է: Հայորդիին համար ծանօթ է Խրիմեան Հայրին ու իր «Երկաթէ Շերեփը»: Յովհաննէս ներշնչուած, այս հերոս կղերականի սխրագործութենէն յօրինած է այս գործը:
Նաեւ յայտագրին մաս կը կազմեն Կոմիտասիէն գործեր, եւ Տմիթրի Շոսթաքովիչի դաշնակի առաջին «քոնչերթօ»ն, մասնակցութեամբ Նարէ Աղամեանի:
Բազմաթիւ տիտղոսներու տիրացած, այս երիտասարդ դաշնակահարը, քանի մը տարի առաջ հիւրն էր Հայ Մշակոյթի Բարեկամներու Հիմնարկի կազմակերպած տարեկան «Պոսթըն Փոփս» յայտագրին:
Յաւելեալ Տեղեկութիւններ.- www.FACSBoston.org