
Հայ Դատի Եւրոպայի գրասենեակը կ՛ողջունէ Պելճիքայի Ներկայացուցիչներու պալատին կողմէ Ապրիլ 16-ին միաձայնութեամբ ընդունուած արցախահայութեան վերադարձի իրաւունքը պաշտշանող համապարփակ բանաձեւը։ Այս քուէարկութիւնը կարեւոր հանգրուան մըն է Պելճիքայի եւ Հայաստանի միջեւ մերձեցման ամրապնդման մէջ՝ միաժամանակ աջակցութիւն յայտնելով Հայաստանի շարունակական ինտեգրումին Եւրոպական Միութեան։
Պատգամաւոր Միշել Տը Մակտիի կողմէ ներկայացուած բանաձեւը, որ նախապէս միաձայնութեամբ ընդունուած էր արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովին մէջ, ի թիւս այլոց կը կոչէ ապահովելու Արցախի ժողովուրդին վերադարձի իրաւունքի իրագործումը՝ միջազգային անվտանգութեան երաշխիքներու առկայութեամբ։ Ըստ բանաձեւին՝ ապահով վերադարձը կարելի չէ առանց միջազգային գործօն մասնակցութեամբ։ Բանաձեւը նաեւ կը պահանջէ Ատրպէյճանի զինուած ուժերուն անյապաղ նահանջը Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխան տարածքէն՝ զանոնք վերադարձնելով 2021 թուականի Մայիս 12-ի դրութեամբ զբաղեցուցած դիրքերուն։ Բացի այդ, բանաձեւը կ՚անդրադառնայ Պաքուի մէջ ներկայիս պահուող հայ ռազմագերիներու եւ քաղաքացիական պատանդներու ճակատագրին, ներառեալ Արցախի քաղաքական ղեկավարութիւնը:
Արձագանգելով բանաձեւին ընդունման՝ Հ.Յ.Դ. Հայ դատի Եւրոպայի գրասենեակի նախագահ Գասպար Կարապետեան յայտնեց․ «Պելճիքայի Ներկայացուցիչներու պալատը անգամ մը եւս յստակ եւ սկզբունքային դիրքորոշում որդեգրած է։ Հայաստանի եւ Պելճիքայի միջեւ կապերու խորացումը դրական քայլ մըն է ապագային համար, սակայն անիկա պէտք է հիմնուած ըլլայ նաեւ հայ ժողովուրդի հիմնարար իրաւունքներու պաշտպանութեան վրայ։ Այժմ մենք Պելճիքայի կառավարութենէն կը սպասենք ապահովել, որ այս պահանջները վերածուին կոնկրետ դիւանագիտական գործողութիւններու»։

