
ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ․- Հոկտեմբեր 30-ին, Արցախի Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեան ընդունեց Պելճիքայի խորհրդարանի անդամ, ՛՛Բարեկարգման Շարժում՛՛ կուսակցութեան միջազգային կապերու գծով նախագահ՝ Ժան-Ժաք Ֆլաhօն եւ անոր ընկերացող պատուիրակութիւն մը, որոնք Արցախ ժամանած էին Հայ Դատի Եւրոպայի յանձնախումբի նախագահ Գասպար Կարապետեանի եւ յանձնախումբի գործադիր տնօրէն Հեղինէ Էւինեանի ուղեկցութեամբ:
Ողջունելով հիւրերը՝ Խորհրդարանի նախագահը նշեց, որ այս հանդիպումը յարմար առիթ է՝ զրուցելու մարդկային ու ժողովրդավարական այն արժէքներուն մասին:
Շնորհակալութիւն յայտնելով ընդունելութեան համար՝ Պելճիքայի խորհրդարանի անդամ Ժան-Ժագ Ֆլահօ նշեց, որ խորհրդարաններն ու խորհրդականները պէտք է կարենան յարաբերիլ առանց դժուարութիւններու, այդ մէկը թոյլ կու տայ ապահովել տնտեսութիւններու եւ այլ կարեւոր բնագաւառներու զարգացումը:
Հանդիպման ընթացքին կողմերը քննարկեցին նաեւ միջկուսակցական համագործակցութեան հնարաւորութիւններուն եւ խորհրդարանին ու քաղաքական կեանքին մէջ կանանց ներկայացուածութեան վերաբերող նիւթեր:
Հանդիպման ներկայ եղած էին Ազգային Ժողովի նախագահի տեղակալ, Արցախի Հանրապետութիւն–Պելճիքա ֆրանսախօս օրէնսդիրներու, գիտական ու հասարակական ոլորտներու ներկայացուցիչներուն հետ բարեկամութեան շրջանակի նախագահ Վահրամ Բալայեան, արտաքին յարաբերութիւններու մշտական յանձնաժողովի նախագահ Արզիկ Մխիթարեան եւ Արտաքին գործերու նախարարի տեղակալ Ֆելիքս Խաչատրեան:
Պելճիքայի խորհրդարանի անդամները այնուհետեւ հանդիպեցան Արցախ – Պելճիքա ֆրանսախօս օրէնսդիրներու, գիտական ու հասարակական ոլորտներու ներկայացուցիչներու հետ բարեկամութեան շրջանակի անդամներուն հետ:
Բարեկամութեան շրջանակի նախագահ Վահրամ Բալայեան, բացումը կատարելով հանդիպումին, կարեւորութեամբ նշեց հիւրերու այցը եւ յետագայ յարաբերութիւններու ձեւաւորումը՝ հաշուի առնելով ատրպէյճանական ջանքերը՝ Արցախը արհեստականօրէն մեկուսացնելու ուղղութեամբ: Վահրամ Բալայեան նաեւ նշեց, որ Արցախը պէտք է դիտարկել ոչ թէ որպէս տարածք՝ այլ ժողովուրդ, որ ունի արժանավայել կեանքով ապրելու իրաւունք:
Պատուիրակութիւնը այցելեց Ստեփանակերտի յուշահամալիր, ծաղիկներ զետեղելով եւ յարգանքի տուրք մատուցելով Արցախի անկախութեան համար զոհուած հայորդիներու յիշատակին: