
ՀԱՅՐԵՆԻՔ
Խմբագրական
Ապրիլ 5, 2016
Անցեալ շաբաթավերջին, Ուաշինկթընի մէջ կայացած հիւլէական- միջուկային անվտանգութեան խորհրդաժողովին, կը սպասուէր որ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի նախագահներուն միջեւ կատարուի սովորական «փրոթոքոլային» բնոյթ ունեցող հանդիպում մը, որ պիտի նկատուէր այս տարուան անդրանիկ տեսակցութիւնը:
Սակայն յայտագիրն ու հրամցուած անակնկալը (գէթ՝ անախորժ) տարբեր էին: Երկու երկիրներուն նախագահները հազիւ վերադարձած իրենց երկիրները, արդէն իսկ Արցախեան սահմանամերձ շրջանները՝ հիւսիսէն հարաւ, բռնկած էին:
Ալիեւ, որ օրին հարցազրոյցի մը ժամանակ յայտնած էր թէ Արցախի հիմնահարցի լուծման համար պատրաստ էր նոյնիսկ Ալասքա մեկնիլ եւ կլոր սեղանի շուրջ հանդիպումներ կատարել, այս անգամ այլ ընտրանք, այլ ախորժակ եւ որոշած էր շղթայազերծուած յարձակում մը կազմակերպել:
Ինչո՞ւ այս ոճն ու «թայմինկ»ը: Պատասխանը՝ նոյնիսկ Կովկասեան բարձրաւանդակէն աւելի անդին, Միջին Արեւելքի մէջ պատահած անցուդարձերուն հետ կապ ունի եւ հովանաւորութիւնը կը վայելէ Ատրպէյճանի դաշնակից՝ Թուրքիոյ: Պարզ ապատեղեկատուութիւն մը չէ, այն լուրը թէ Իսլամական Պետութիւն մը ստեղծելու համար ՏԱՀԷՇի անդամ ազերի ահաբեկիչներ հեռացած են Ռաքքայէն եւ ուղղուած դէպի Արցախեան ճակատ:
Իսկ, յատկապէս Սուրիոյ ( նաեւ Իրաքի ) մէջ պատահած վերջին իրադարձութիւններն ու ՏԱՀԷՇի կրած պարտութիւնները անհանգստացուցած կը թուին ըլլալ Սուլթանամէտ Էրտողանը, որ յատկապէս գերզայրացած է Սուրիոյ ճակատներուն վրայ ռուսական միջամտութենէն եւ «չէ մարսած» այդ ուժերուն շռնթալից յառաջխաղացքէն: Հաւանաբար, Արցախի ճակատը բռնկեցնելով, Անգարա գործի լծեց Մոսկուան, իր իսկ տարածաշրջանին մօտ կամ աւելի ճիշտը՝ «քիթին տակ» թնճուկ մը ստեղծելով: Թնճուկ մը, որ յար ու նման է ճատրակի այն մրցումին, ուր միեւնոյն մաէսթրօն կը մրցի թէ՛ սեւ եւ թէ՛ ճերմակ քարերով:
Այսինքն, Ռուսաստանն է որ զինած է երկու հակամարտ ուժերը եւ կրնայ ազդեցութիւն ունենալ իրադարձութիւններուն վրայ:
Սակայն Մոսկուան լաւապէս քաջատեղեակ է թէ, ազերի կողմը հլու կամակատարն է Անգարային, մանաւանդ որ երկու երկիրներուն միջեւ ռազմական դաշինք գոյութիւն ունի: Այս գծով, տեղին է նշել թէ՛ նախագահ Էրտողանի եւ թէ՛ վարչապետ Տաւութօղլուի հաստատումները, որ Թուրքիա ամէն գնով թիկունք կը կանգնի Ատրպէյճանի եղբայրներուն:
Հաւանաբար Մոսկուայի համար, նոյնքան կարեւոր եւ բարդ հարց մըն է Արցախի ճակատներուն վրայ ստեղծուած իրավիճակը, որքան Սուրիոյ կացութիւնը՝ ռուսական միջամտութեան նախօրեակին:
Հոս տեղին է նշել թէ Պաքուի մէջ, քաղաքականութեան կողքին նոյնքան կարեւոր է տնտեսական բնագաւառի ստեղծած «քաոս»ը: Այսպէս, դժբախտաբար Ատրպէյճանի մէջ գործող քարիւղի զանազան ընկերութիւններ, որոնք բազմաթիւ երկիրներու հովանաւորութիւնը կը վայելեն…Միացեալ Նահանգներէն մինչեւ Թուրքիա, անցնելով Գերմանիա, Նորվեկիա, Ֆրանսա, Սէուտական Արաբիա եւ այլք, իրենց շահին համար, ամէն գնով քաջալերած են որ Պաքու սպառազինուի: Եւ այդպէս ալ կատարած է Ալիեւ, յատկապէս հարստացնելով Մոսկուան:
Շղթայազերծուած այս յարձակումը, նաեւ ծանր հարուած մըն էր ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խումբի համանախագահներուն, որոնց անյապաղ միջամտութեան եւ հսկողութեան լոյսին տակ միայն կարելի է լայնածաւալ ռազմական գործողութիւններէ խուսափիլ:
Հայրենի կողմին համար յստակ է գործընթացը: Ներքին քաղաքական բեմահարթակէն ներս, ամէն բան երկրորդական կը դասուի, երբ ազգային շահեր վտանգի տակ են: Փաստը՝ անծայրածիր զինուորագրուողներու շարքն է եւ դիրքերէն ներս՝ արիաբար ճակատող հերոսներու սխրանքը: