«Պայքար» Շաբաթաթերթը Վերստին Կը Հրատարակուի

0 0
Read Time:37 Second

ՈՒԱԹԸՐԹԱՈՒՆ (Մասաչուսէց).-  Յատուկ հաղորդագրութեամբ մը, կը տեղեկանանք թէ վերստին կը հրատարակուի Ա.Մ.Ն.  Արեւելեան շրջանի Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան օրգան՝ «Պայքար»ը :

Առաջնորդող խմբագրականին մէջ կը նշուի թէ.- «Լրատու միջոցներու համաշխարհայնացումը եւ ելեկտրոնային մամուլի աճումը դիմափոխեցին աւանդական մամուլին դերը, որ միանալով նիւթական միջոցներու սղութեան՝ շրջան մը ընդհատեցին «Պայքար»ի առաքելութիւնը: Այսօր, միեւնոյն այդ համաշխարհայնացումը եւ ելեկտրոնային միջոցներու աճումը լայն հորիզոն կը բանան «Պայքար»ին, վերադառնալու իր առաքելութեան եւ իր գաղափարական խօսքը հասցնելու համայն հայութեան, սփիւռքի թէ հայրենիքի մէջ: «Պայքար» այս ձեւով կու գայ փոխարինելու ոչ այլ ոեւէ օրկան, որքան՝ վերադառնալու իր իսկութեան, իր դարաւոր առաքելութեան. ան լոյս պիտի տեսնէ տպագիր եւ ելետրոնային հրատարակութեամբ»:

Այս առթիւ, «Հայրենիք» շաբաթաթերթը կը շնորհաւորէ հայառառ թերթին վերահրատարակումը` Ա.Մ.Ն. Արեւելեան շրջանէն ներս եւ յաջողութիւն կը մաղթէ:

 

 

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

One thought on “«Պայքար» Շաբաթաթերթը Վերստին Կը Հրատարակուի

  1. I am so glad for the reincarnation of BAYKAR… a new voice and a new perspective for Armenians all around the world.

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles