Յօդուածներ

ՊԱՀԸ…

 


ՀՐԱՆԴ ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ
– Լռա՞ծ ես երբէք պահը ապրելու համար…–
Լռութեանդ մէջ փակե՞ր ես երբեք
Աչքերդ ժպտուն
Որ մթութեան մէջ
Նոր աշխարհներու ծիրեր գծես դուն…

Լռութեանդ մէջ ապրե՞ր ես երբէք
Խորհուրդը այն սուրբ,
Որ թրթիռին մէջ ձայնի խորութեան
Կը խօսի անխօս…
Լռութեանդ մէջ ճախրե՞ր ես երբէք
Անծայրածիր այն եզրը չգծուած
Նոր հնչերանգի որոնման համար…

Advertisement Subscribe Today

Լռութեանդ մէջ լռե՞ր ես երբէք
Լռութեանը նոր եզրոյթ մը տալու…
Լռութեանդ մէջ ճեմե՞ր ես անխօս
Անձնութեանդ մութ արահետներով
Գտնելու հոգուդ լռիկ այն հուրը
Որ էութեանդ կերոն է դարձած…

Լռութեանդ մէջ
Դարձե՞ր ես արդեօք
Դունութեանդ այն խորհուրդը խորին
Որ կաշկանդումի լարերն է փշրած…
Լռութեանդ մէջ
Փարատե՞ր ես դուն մթութիւնն մթին
Որ ծագի արփին
Եւ երազներու նոր ճամբով ճախրի…

Լռութեանդ մէջ
Գտե՞ր ես արդեօք
Դուն Քե՜զ եւ Անո՜ր,
որ միաձուլման տիեզերքի մէջ
պահը սահմանող պահոյթն դուք ըլլաք
ՊԱՀԸ սահմանող
որ դեռ չէ գծուած…

Լռութեանդ մէջ
Ապրա՞ծ ես պահը
Դունութեանդ հետ…

Լռութեանդ մէջ
ԵՂԱ՞Ծ ԵՍ՝ ԴՈՒՆ՝… ԵՍ…

Գրիգորեան տոմար- Օր՝ 13, Ամիս՝ Փետրուար, Տարի՝ 2026 Ժամ` 11:12 Կ.Ա.
Հայկեան տոմար- Օր՝ Աստղիկ, Ամիս՝ Մեհեկան, Յամի՝ ՏՇԺԷ (4517) , ժամ՝ Փայլածումն

«Եզրոյթ», «Դունութիւն», «Անձնութիւն» «Պահոյթ» եւ «Հնչերանգ» բառերը Մարգարեան
Համակարգէս նորաստեղծ բառեր են։ Հ.Մ.

Advertisement Subscribe Today!

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button