Լրահոս

ԱՆՈՒՇԱՒԱՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ԴԱՆԻԷԼԵԱՆ՝ ՈՒՈՔԻԿԸՆԻ ՄԷՋ

 

Շաբաթ, 17 Հոկտեմբերին, Ուոքիկըն (Իլինոյ) Սուրբ Պօղոս եկեղեցւոյ համայնքը մեծ խանդավառութեամբ նշեց 60-ամեակը։ Ա․Մ․Ն․ Արեւելեան Թեմի բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս Դանիէլեան նախագահեց ճաշկերոյթին։ Գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր մը։ Հոգաբարձութեան ատենապետուհին՝ տոքթ. Ալթա Միքայէլեան, ողջունեց ներկաները եւ երախտագիտութեամբ յիշեց վեց տասնամեակներու ընթացքին համայնքի կառուցման իրենց ներդրումը ունեցած եւ ունեցող անձերը։ Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Արժպ. Տ. Տարօն Ա. Քհն. Ստեփանեան, իր շնորհակալութիւնը յայտնեց բոլորին, որ միասնաբար կանգուն կը պահեն համայնքային կեանքը եւ իրենց ծառայութեամբ կը շարունակեն եկեղեցւոյ առաքելութիւնը։

Տիկ. Գոհար Հարոյեան՝ եկեղեցւոյ նուիրեալ ու գործօն անդամ, ստացաւ Առաջնորդարանի գնահատագիրը։ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր հիացումը յայտնեց Ուոքիկընի փոքրիկ, բայց կենսունակ համայնքին եւ բարձրօրէն գնահատեց անոր աշխուժութիւնը։ Տօնախմբութիւնը իր աւարտին հասաւ «Պահպանիչ» աղօթքով եւ «Կիլիկիա»յի երգեցողութեամբ։

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Սուրբ Պատարագ մատուցանեց Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ մէջ Կիրակի, 18 Հոկտեմբերին, առընթերակայութեամբ Արժպ. Տ. Տարօն Ա. Քհն. Ստեփանեանի։

Already a subscriber? Log in here

This story is FREE for you...

Create a free account to access this article and get more of our top stories sent to you by newsletter.

Or, subscribe now for unlimited access
By submitting your email address you agree for Hairenik Weekly to send you communication by email
Back to top button