
Նոյեմբեր 14-ին, Չեխիոյ մայրաքաղաք՝ Փրակայի քաղաքային գրադարանի սրահին մէջ նշուեցաւ «Օրեր» եւրոպական ամսագրի 15-ամեակը:
Ամսագրի կայքէջի գլխաւոր խմբագիր Աննա Կարապետեան ներկայացուց ամսագրին պատմականը: Ամսագրի գլխաւոր խմբագիր Յակոբ Ասատուրեան անդրադարձաւ ամսագրին իրակնացուցած եւ ապագայ ծրագիրներուն, «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարակութեան հետ իրականացուելիք նոր նախագիծին:
Խօսք առին նաեւ` Չեխիոյ, Սլովաքիոյ եւ Հունգարիոյ հոգեւոր հովիւ Բարսեղ վրդ. Փիլաւճեան, Չեխիոյ եւ Սլովաքիոյ մէջ Հայաստանի դեսպան Տիգրան Սէյրանեան, Հայաստանի մշակոյթի նախարար Յասմիկ Պօղոսեան, Հայաստանի մէջ Չեխիոյ գործերու ժամանակաւոր հաւատարմատար Փեթր Միքիսքան: Հայաստանի դեսպանը «Օրեր»ու գլխաւոր խմբագիրին յանձնեց սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանին կողմէ տրուած «Մայրենիի դեսպան» մետալը: Հայաստանի մշակոյթի նախարարը Յակոբ Ասատուրեանին յանձնեց նախարարութեան պատուոյ գիրը եւ «Գրիգոր Նարեկացի» յուշամետալը` հայ մշակոյթը արտերկրի մէջ տարածելուն եւ հայապահպանման զարգացման գործին մէջ ունեցած զգալի աւանդին համար:
Քարլի համալսարանի երգչախումբի եւ նուագախմբի գլխաւոր ղեկավար Հայկ Ութիճեան խօսեցաւ ամսագիրի հայապահպան նշանակութեան մասին` «Միւզիքա Փոէթիքա» երգչախումբի հետ կատարելով հայ հոգեւոր երգեր: Խօսելով Հայկ Ութիճեանի կատարած երաժշտական եւ հայագիտական լայն աշխատանքի մասին` Հայաստանի դեսպան Տիգրան Սէյրանեանի յանձնեց Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան «Կոմիտաս» մետալը: