
ՄՈՆԹԵՎԻՏԷՕ.- Կիրակի Յունուար 7-ին, պաշտօնական արարողութեամբ մը բացումը կատարուեցաւ Ուրուկուայի հանրածանօթ ամառանոց՝ Փունթա Տէլ Էսթէի «Հայաստանի Հանրապետութիւն» հրապարակին։
Բացման արարողութեան մասնակցեցան զբոսաշրջիկութեան հայազգի նախարար Լիլիան Քէշիշեանը, Մալտօնատոյի նահանգապետ Էնրիքէ Անթիա, Փունթա Տէլ Էսթէի քաղաքապետ Անտրէս Խաֆիֆ, Հ.Հ. դեսպան Տիկ. Եսթէր Մկրտումեանը, Ուրուկուայի հայոց առաջնորդ Գերշ. Տ. Յակոբ արք. Գըլնճեանը, հիւրաբար ժամանած Աւետարանական Եկեղեցւոյ պատասխանատու Վեր. Ռընէ Լեւոնեանը եւ հոծ բազմութիւն մը։
Բացման ժապաւէնը կտրելէ ետք, արարողութեան ազդանշանը տրուեցաւ Ուրուկուայի եւ Հ.Հ. Հանրապետութեան քայլերգներով, որմէ ետք քաքաքապետը իր ողջոյնի խօսքը փոխանցեց։ Նոյնը կատարեցին նախարարուհին, դեսպան Մկրտումեանը, ինչպէս նաեւ Մալտօնատօ նահանգային խորհուրդի մշակութային բաժնի տնօրէն Խորխէ Սէսփէտէս, որ շեշտը դրաւ հայ կնոջ ունեցած դերակատարութեան, քանի որ Հայաստանի Իջեւանն ու Փունթա Տէլ Էսթէն իբրեւ քոյր քաղաքներ, Իջեւանցի երիտասարդ քանդակագործ Գոռ Դաւթեանի, հայ կնոջ կերպարին նուիրուած քանդակը որ, բերուած էր Իջեւանէն որպէս նուէր, տեղ գտաւ հրապարակի կեդրոնը, Պր. Խորխէ Սէսփէտէս ըսաւ, «Ընտանիքի մը կեանքի կարեւորագոյն օղակը կինն է եւ յատկապէս հայ կնոջ դերը, այս հասկացողութեամբ, դարերու ընթացքին առաջնային հանգամանք կռած է ընտանիքը զօրացնելու գործին մէջ։ Ճիշտ այս մէկը նկատի ունենալով է որ այսօր, այս հրապարակին վրայ բարձրացող հայ կնոջ տիպարին նուիրուած այս քանդակը, ձեւով մը յարգանքի տուրք մըն է հայ կնոջ դերին որ շատ անգամ, իր լռութեան մէջ կորած, սերունդներ հասցուցած է։ Այստեղ կ՚արժէ դադար մը տալ եւ խորհրդածել թէ, մենք մեր մէջ արժէքներ ունինք սակայն չենք գնահատեր այն եռանդը, ճիգը, այն նուիրուածութիւնը որ կինը յառաջ տարած է, բոլոր համայնքներու կեանքին մէջ։ Կրկին խորին շնորհակալութիւն մը յայտնենք անոնց, քանի որ կիները համբերութեամբ եւ սիրով, ընտանիքի հզօրացման մեծ դերը վերցուցած են» ըսաւ Սէսփէտէս:
Սրբազան հօր օրհութեան աղօթքով աւարտեցաւ հանդիպումը։
Նշենք թէ, 2015-ին նախկին Հ.Հ. պատւոյ հիւպատոս Ռուբէն Աբրահամեան նախաձեռնեց այս կարեւոր գործը եւ կրցաւ յաջողցնել այն գաղափարը, որպէսզի Մալտօնատօ նահանգի խորհուրդը, միաձայնութեամբ որոշում կայացնէ եւ Հ.Հ.-ի հրապարակի համար տարածք յատկացնէ, ամառանոցի կեդրոնական փողոցներէն մէկուն վրայ, ինչ որ այլեւս իրականութիւն մըն է։