
Նոյեմբեր 3-ին, հակառակ տիրող պայմաններուն, Հալէպահայութիւնը “Գէորգ Եսայեան“ սրահին մէջ, ներկայ գտնուեցաւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի հիմնադրութեան 95-րդ տարեդարձին նուիրուած տօնակատարութեան, հովանաւորութեամբ` Բերիոյ թեմի առաջնորդ Շահան եպս. Սարգիսեանի, կազմակերպութեամբ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Հալէպի մասնաճիւղի վարչութեան եւ Սկաուտ խորհուրդին:
Հանդիսութիւնը սկսաւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի փողերախումբի սուրիական եւ հայկական քայլերգներու նուագով, ապա ներկաները մէկ վայրկեան հրաւիրուեցան յոտնկայս յարգելու Հ.Մ.Ը.Մ.-ի ննջեցեալներն ու նահատակները, ինչպէս նաեւ` վերջին երկամեային Սուրիոյ մէջ ինկած տեղացի թէ հայ նահատակներու անմար յիշատակին: Փողերախումբը կրկին անգամ երգ մըն ալ նուագելով` դուրս եկաւ սրահէն:
Բացման խօսքով ելոյթ ունեցաւ Սկաուտ խորհուրդի ատենապետ Շանթ Մինասեան, անոր անմիջապէս յաջորդեց բացման պատկեր, որով ներկայացուեցաւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի պատմութիւնը: Ներկայացուեցաւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի պատմութիւնը սահիկներու միջոցով, որուն ընթացքին ազգային եւ յեղափոխական երգերով ելոյթ ունեցաւ երգչախումբը (հինգ երգ), ապա` դրօշակի արարողութիւն, արաբերէն պար, գաւազանով եւ գլանով մարզանք, ասմունք, չափական մարզանք, անգլիական պար, բուրգ, անձայն զաւեշտ:
Օրուան բանախօսն էր Տաթեւ Ա. քհնյ. Միքայէլեանը: Ան հանգամանօրէն անդրադարձաւ Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութեան կազմակերպական ուժին եւ գաղափարական աւանդներուն, որոնք իր ծնունդէն սկսեալ վճռեցին պատմակշիռ առաքելութեան տարողութիւնը եւ ի գործ դրուելիք զոհողութեանց ծաւալը:
Բանախօսութեան յաջորդեց հայկական պար: Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Հալէպի մասնաճիւղի աւելի քան 350 անդամներ` գայլ-արծուիկները, արի-արենուշները, պարման-պարմանուհիները, փողերախումբն ու նորաստեղծ նուագախումբը բեմ բարձրացան եւ բծախնդիր ձեւով ներկայացուցին Հ.Մ.Ը.Մ.-ը` հայրենասիրութեան եւ նուիրումի պատգամ փոխանցելով հալէպահայութեան:
Հանդիսութեան անակնկալներէն էր Հ.Մ.Ը.Մ.-ի նորաստեղծ նուագախումբը, որ Ազգային եւ յեղափոխական երգերով ելոյթ ունեցաւ յաջորդաբար` “Մայր ծնողին“, “Հայեր Միացէք“ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի նուիրուած երգ մը եւ “Արիւնոտ դրօշ“, որ խանդավառութիւն ստեղծեց հանդիսատեսին մօտ:
Հ.Մ.Ը.Մ.-ի հիմնադրութեան 95-րդ տարեդարձին նուիրուած տօնակատարութեան աւարտին բեմ հրաւիրուեցաւ Բերիոյ թեմի առաջնորդ Շահան եպս. Սարգիսեանը` տալու իր հայրական օրհնութիւնը:
Հանդիսութիւնը աւարտեցաւ “Յառաջ, Նահատակ“ քայլերգով: